ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ


ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

  • 23-08-2010 18:22:53   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Շաբաթ 21 Օգոստոս 2010-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Բակօ Սահակեանը: Նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախագահ Սահակեան Մայրավանք մուտք գործելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կարգապահ շարքերէն անցնելով բարձրացաւ Վեհարան, ուր ողջունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Ապա, Նորին Սրբութիւնը եւ նախագահը գլխաւորեցին թափօրը, ուղղուելով դէպի Ապրիլեան Նահատակաց մատուռը, որ առաջինն է հայաշխարհի մէջ 1915-ին զոհուած մեր անմեռ նահատակներու յիշատակին կառուցուած: Նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց այնտեղ, եւ ապա Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Վեհարանի դահլիճին մէջ կայացած հանդիպման ներկայ գտնուեցան Միաբան Հայրեր, ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու անդամներ, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, պետական երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, եւ ազգային զանազան կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Վեհափառ Հայրապետը իր պաշտօնական խօսքին մէջ վեր առաւ հերոսական Արցախի ճամբով մեր ժողովուրդի երազներուն, տեսիլքներուն ու ձգտումներուն կենսագործման երեւոյթը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման անժամանցելիութիւնը: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, ըսելով թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պիտի մնայ զօրավիգ Արցախի գոյապայքարին, ու նահատակներու արիւնով ոռոգուած նուիրական հողերու ամբողջականութեան: Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ընդգծեց, ըսելով թէ «Արցախի հետ ըլլալը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Սփիւռքահայութեան համար միայն զգացական ապրում չէ՛ եղած, այլ ամբողջական զօրակցութիւն»: Նախագահ Սահակեան երախտագիտական խօսքով պատասխանեց Վեհափառ Հայրապետի խօսքին, նախ իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Լիբանանի մէջ ու սփիւռքահայութեան հոգեւոր մեծագոյն կեդրոնին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ: Ապա, նախագահ Բ. Սահակեան անդրադարձ կատարեց Արցախի ազատագրական պայքարի մօտաւոր անցեալի պատմութեան, յատկապէս այն իրագործումներուն, որոնց շնորհիւ հայրենի հողի այդ մասնիկը վերադարձած էր իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: Նախագահ Սահակեան նաեւ խօսեցաւ ապագային կատարուելիք իրագործումներուն, «որոնք ձեր աջակցութեամբ պիտի կարենանք իրականացնել ապագայում» նշեց ան: Նախագահը նաեւ յիշեց սփիւռքահայութեան ու յատկապէս լիբանանահայութեան բերած նպաստը, «Արցախ Ֆոնտ»ին ճամբով, որուն իր գնահատանքը յայտնեց հրապարակաւ: Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, Մայրավանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, ի պատիւ նախագահ Սահակեանին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան:
  -   Մամլո հաղորդագրություն