ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ


ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ

  • 20-08-2010 16:40:52   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա- Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի մէջ զինուորական գետնի վրայ մինչեւ 2044 թուական ներկայութիւն բերելու որոշումը Ատրպէյճանի մէջ զայրոյթի եւ հակազդեցութիւններու անօրինակ ալիք բարձրացուցած է։ Պաքուի փողոցներուն մէջ մտավախութիւն կը տիրէ։ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Նալպանտեանի այն խօսքը թէ Հայաստանի մէջ ռուսական ուժերու ներկայութիւնը պիտի ծառայէ ո՛չ միայն Ռուսաստանի, այլ նաեւ Հայաստանի շահերուն, մտավախութիւններու տեղի տուած է։ Ատրպէյճան, այս զարգացման հիման վրայ սկսած է մտահոգութիւն զգալ Ղարապաղի նիւթին շուրջ եւ սկսած է խորհիլ որ Ռուսաստան այս հարցին մէջ իր անկողմնակալութիւնը ի՞նչ աստիճանով պիտի կարենայ պահել։ Թուրքիոյ Աթլաս Զինուորական Հետազօտութեան Կեդրոնի նախագահ՝ Էլհան Շահինօղլու յայտնած է որ Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելու կոչուած երկիր մը չի կրնար Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան պաշտօնին մէջ անկողմնակալ ըլլալ։ Ասիկա կարելի չէ։ Ներկայիս, Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կը սպասուի որ համաձայնագրի պաշտօնական ստորագրութենէն ետք յայտարարութիւն մը հրապարակուի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը