ԱՐԱՐԱՏԻ ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՏԵՍՔԸ ՀԻԱՑՈՒՄ ՊԱՏՃԱՌԵՑ ՏՄԻԹՐԻ ՄԷՏՎԵՏԵՒԻՆ


ԱՐԱՐԱՏԻ ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՏԵՍՔԸ ՀԻԱՑՈՒՄ ՊԱՏՃԱՌԵՑ ՏՄԻԹՐԻ ՄԷՏՎԵՏԵՒԻՆ

  • 20-08-2010 16:31:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա- Յուշահամալիր այցելութենէն ետք, »Հայոց ցեղասպանութեան« թանգարանի տնօրէն Հայկ Դէմոյեան Ռուսաստանի Նախագահին ներկայացուց յուշահամակիրի շինութեան պատմականը։ Դէմոյեան ընդգծեց համալիրի նշանակութիւնն ու խորհուրդը ամբողջ հայութեան համար։ Թանգարանի տնօրէնը Տմիթրի Մէտվէտեւին ցոյց տուաւ Արարատ լեռը՝ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն, նշելով որ Ծիծեռնակաբերդը իր բարձրութեամբ ետ կը մնայ միայն Արարատէն։ Հայկ Դէմոյեան ըսաւ նաեւ որ Նիքոլայ Ա. ցարը, երբ կը շրջագայէր Կարսի եւ Էրզրումի մէջ, չէր կրցած տեսնել Արարատը՝ սաստիկ մշուշի պատճառով։ Երբ թագաւորը ուղղուած էր Կիւմրի, զինուորները իրեն ըսած էին որ մշուշը ցրուած էր եւ Արարատն արդէն տեսանելի էր, սակայն թագաւորը գլուխը ետ չէր դարձուցած, այդպիսի շարժում մը չէր վայլեցուցած ինքզինքին եւ այդպէս ալ չէր տեսած Արարատը։ Հայկ Դէմոյեան խօսեցաւ նաեւ Փուշքինի »Ուղեւորութիւն դէպի Էրզրում« հատորի մասին, նշելով որ Փուշքին Արարատը շփոթած էր Արագած լերան հետ եւ իր յիշողութիւններու մէջ Արարատը նկարագրած էր՝ զայն անուանելով Արագած։ Մէտվէտեւ որպէս պատասխան, ըսաւ թէ ծանօթ է այդ ստեղծագործութեան։ Տմիթրի Մէտվէտեւ անկեղծօրէն խոստովանեցաւ թէ հիացած է բարձունքէն բացուած մայրամուտի հրաշալի պատկերի ու Արարատի տեսարանի վրայ։ )Յիշեցնենք որ Ռուսաստանի Պետական Տուման 14 Ապրիլ 1995ին ընդունած է հռչակագիր մը, որով 24 Ապրիլը կ’ընդունուի որպէս 1915-1922 թուականներուն իրագործուած »ցեղասպանութեան« յիշատակութեան օր։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը