ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ. ԹԻՒԵՐ ՈՒ ՓԱՍՏԵՐ


ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ. ԹԻՒԵՐ ՈՒ ՓԱՍՏԵՐ

  • 20-08-2010 16:17:02   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա- »Նիւզ« համացանցային կայքէջին վրայ կը կարդանք.- Ռուսաստանի Նախագահը երէկ Հայաստան գնաց։ Պէտք է նշել որ հայկական կողմը Ռուսաստանի Նախագահը կը դիմաւորէ ամենաբարձր մակարդակով։ Ի դէպ, ըստ հայ դիւանագէտներու, Մոսկուա եւս բարձրամակարդակ ձեւով կը հիւրընկալէ Հայաստանի Նախագահը։ Այս կերպով, Հայաստան իր կարգին կ’ընդգծէ այն կարեւոր դերը, զոր Ռուսաստան կը խաղայ հայութեան քաղաքական-տնտեսական կեանքի մէջ։ Առաջին։ Ռուսաստան Հայաստանի տնտեսութեան ամենամեծ ներդնողն է։ Պաշտօնապէս Հայաստանի մէջ ռուսական ներդրումնեով 1250 գործարաններ ու հաստատութիւններ գրանցուած են։ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ռուսական ներդրումներու տարողութիւնը երկրի տնտեսութեան մէջ կազմած է աւելի քան 3 միլիառ տոլար։ Ուժանիւթի մարզէն ներս Հայաստանի համար գերակայ հարց է աթոմակայանը, որ կ’աշխատի ռուսական աթոմային վառելանիւթով։ Հայաստանի աթոմակայանը 2003էն ի վեր կը կառավարուի ռուսական »Ինթէր ՌԱՕ« ընկերութեան կողմէ։ Ռուսաստանի Նախագահի այցելութեան շրջագծով կը ծրագրուի ստորագրել Հայաստանի մէջ Աթոմակայանի նոր աշտարակներու շինութեան պայմանագիր մը։ Յիշեցնենք որ հայկական աթոմակայանը կը դիմագրաւէ երկրի ուժանիւթի 40 տոկոսը։ Բացի ատկէ, Ռուսաստանին կը պատկանի Սեւան-Հրազդան ջրաելեկտրակայանը։ Կազի ոլորտը եւս զերծ չէ մնացած ռուսերու ուշադրութենէն։ 1997ին ստեղծուած է »ՀայՌուսԿազԱրդ« ընկերութիւնը, որ մենատէր է Հայաստանի մէջ ռուսական կազը վաճառելու տեսակէտէ։ 2007ին Ռուսաստան Հայաստան ղրկեց 2.05 միլիառ խորանարդ կազ։ 1 Ապրիլ 2010էն սկսեալ ռուսական երկնագոյն վառելանիւթի գինը կը կազմէ հազար խորանարդ մեթրի համար՝ 180 տոլար։ 2008ին հայկական երկաթուղիները յանձնուեցան »Ռուսական երկաթուղիներ« ընկերութեան կառավարման՝ 30 տարուայ համար։ »Ռուսական երկաթուղիներ«ու ներդրումներու տարողութիւնը 2010ի Յուլիսի դրութեամբ կը կազմէ 500 միլիոն տոլար։ 2007ին հայկական երկաթուղիով ներմուծուած ապրանքներու տարողութիւնը ինը տոկոսով աւելցած է, կազմելով 2.97 միլիոն տոլար։ Ըստ պայմանագրին, Ռուսական երկաթուղիները պարտաւոր են հայկական երկաթուղիներու մէջ ներդնել 570 միլիոն տոլար։ Ընդ որում, եթէ հայ-թրքական սահմանը բացուէր, 2009ին ներդրումներու ծաւալը պէտք է կազմէր 184 միլիառ դրամ։ Հայ-ատրպէյճանական սահմանի հաւանական բացման պարագային, 2010ին ռուսական ներդրումներու ծաւալը պէտք է կազմէր 538 միլիառ դրամ։ »Հայկական ելեկտրացանց« ընկերութեան բաժնետոմսերու 100 տոկոսի սեփականատէրն է ռուսական »Ինթէր Ռաօ« ընկերութիւնը, որու սեփականատէրը իր կարգին, 2008ի Ապրիլէն սկսեալ »ՌոսԱթոմ« պետական ընկերակցութիւնն է։ »Հայկական ելեկտրացանցեր«ը կը սպասարկէ մօտաւորապէս 913 հազար սպառողներու։ Երկրորդ. Ռուսաստան կարեւոր դերակատարութիւն ունի Հայաստանի անվտանգութեան մարզէն ներս։ Հայաստանի մէջ կը գտնուի ռուսական 102րդ ռազմական խարիսխը, որ իր մէջ կը ներառնէ մօթօ-հրաձգային երեք զօրախումբեր )123ը՝ Երեւանի մէջ, 124րդն ու 128րդը՝ Կիւմրիի մէջ_։ 992րդ հրետանային զօրախումբը, 988րդ զէնիթահրթիռային զօրախումբը, 116րդ հրասայլային գումարտակը, 772րդ հետախուզական գումարտակը։ Էրեբունի օդակայանին մէջ տեղակայուած 426րդ օդային զինեալ ուժերու խումբի մէջ ընդգրկուած են ՄԻԿ-29 վաճառանիշով 18 կործանիչ օդանաւեր։ Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի մէջ ռուսական զօրքերու կազմէն ներս կան 100 հրասայլեր, մօտաւորապէս 300 զրահապատ ինքնաշարժներ, հրետանային համակարգեր եւ զէնիթահրթիռային համալիրներ։ Ռուսական խարիսխի մէջ զինուորներու թիւը 4-5 հազար է։ Այսօր՝ 20 Օգոստոսին Երեւանի մէջ կը նախատեսուի ստորագրել Փրոթոքոլ մը, որով առնուազն 49 տարիով կ’երկարաձուի ռուսական ռազմական խարիսխի տեղակայման ժամկէտը։ Բացի ատկէ, ինչպէս աւելի առաջ ալ հաղորդած էինք, այդ ժամանակամիջոցի մէջ, ռուսական ուժերը, բացի իրենց երկրի շահերու պաշտպանութենէն, Հայաստանի զինեալ ուժերու հետ համատեղ անվտանգութիւնն ալ պիտի ապահովեն։ Յիշեալ նպատակներուն հասնելու համար ռուսական կողմը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանին՝ արդիական ու համատեղելի սպառազինութեամբ, ռազմական յատուկ զէնքերով ապահովելու գործին մէջ։ Ռուսաստան կը հսկէ հայ-թրքական սահմանի վրայ )ընդհանուր առմամբ 345 քիլոմեթր_ եւ հայ-իրանական սահմանի վրայ )45 քիլոմեթր_։ Երրորդ. Ռուսաստան ԵԱՀԿի Մինսքեան Խմբակի անդամ է։ 2008ի Նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ Տմիթրի Մէտվէտեւի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը՝ Հայաստանի Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի Նախագահներու մասնակցութեամբ։ Բանակցութիւններու արդիւնքով ստորագրուեցաւ հռչակագիր մը, ուր կը սահմանուին Ղարապաղեան հարցի լուծման սկզբունքները։ Ասիկա առաջին հռչակագիրն էր հրադուլի ստորագրութենէն ի վեր։ Նմանօրինակ ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 17 Յունիս 2010ին՝ Սէնթ Փէթէրսպուրկի մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը