Ստանպուլի կուսակալը պատրիարքարան այցելեց


Ստանպուլի կուսակալը պատրիարքարան այցելեց

  • 03-08-2010 16:26:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Մարմարա» - Ստանպուլի Մեծայարգ Կուսակալ Հիւսէյին Ավնի Մութլու 3 Օգոստոս 2010, Երեքշաբթի ժամը 09.30ին Պատրիարքարան այցելեց։ Մեծայարգ Կուսակալը Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունելութեան սրահին մէջ կայացած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տրդատ Քահանայ Ուզունեան, Պատրիարքարանի Դիւանադպիր՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Հրանդ Մոսկոֆեան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Կուսակալին իր փոխ այցելութեան համար, զոր կը նկատէ ընծայուած պատիւ մը մեր համայնքին։ Իսկ Կուսակալ Մութլու ըսաւ, թէ ուրախ է, որ կը գտնուի Պատրիարքարանի պատմական շէնքին մէջ։ Գիտէ երկրին մէջ առկայ հարցերը, մարդոց փափքները եւ կը փորձէ համերաշխ մթնոլորտի մէջ ընթացք տալ մարդոց փափաքներուն եւ ուրախացնել զիրենք, միայն հարկ է, որ ամէն ոք յարգալիր ըլլայ օրէնքներուն։ Միւս կողմէ, ըսաւ, թէ Ինք կը փափաքի նաեւ Հայ համայնքին ուրախութիւնը եւ շեշտեց, թէ այս պատճառով կողքին է Պատրիարքարանին։ Մօտ մէկ ժամուան մտերմիկ եւ հաճելի զրոյցէն ետք Մեծայարգ Կուսակալը գոհ տրամադրութեամբ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը