Կրօնական ժողովը զեկոյցով մը յստակացուց որոշ կէտեր ու ջրեց կարգ մը անհիմն տարաձայնութիւնները որոնք կը շրջին<br />


Կրօնական ժողովը զեկոյցով մը յստակացուց որոշ կէտեր ու ջրեց կարգ մը անհիմն տարաձայնութիւնները որոնք կը շրջին

  • 03-08-2010 16:22:47   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Մարմարա» - Այս առաւօտ Կրօնական Ժողովէն ստացանք երկարաշունչ ու բովանդակալից զեկոյց մը, որ կը բերէ այն յստակութիւնն ու բացատրութիւնները, որոնց կը սպասէինք այն օրէն ասդին, երբ Կուսակալութեան հրահանգով վերջ տրուեցաւ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու նախաձեռնութեան ու կատարուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի հապճեպ ընտրութիւն։ Պէտք է խոստովանիլ որ այս զեկոյցը ուշացաւ ու այդ պատճառաւ ալ գետին հարթեց դժգոհութիւններու կամ երեւակայածին պնդումներու։ Երբ պաշտօնական տեղեկութիւնը կը բացակայի, անպաշտն խօսքերն ու բամբասանքները շրջիլ կը սկսին հրապարակի վրայ, ասիկա անխուսափելի է եւ այդպէս ալ եղաւ։ Եթէ Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը շատ լուրջ եւ պատմական սխալներ գործեց ու պատճառ դարձաւ որ ստեղծուի այսօրուան անհաճոյ կացութիւնը, Կրօնական Ժողովն ալ որոշ աճապարանքներով կամ այսքան կենսական նիւթի մը շուրջ լռութիւններ պահելով տեղի տուաւ թիւրիմացութիւններու եւ չկրցաւ արգելք ըլլալ գայթակղեցուցիչ բամբասանքներու։ Այն զեկոյցը, որ ստորեւ հրատարակուած է, մասամբ կը սրբագրէ այս սխալը ու երաշխաւորութիւններ կուտայ Պատրիարքական աւանդական ընտրութեան ապագային մասին։ Ասիկա շատ կարեւոր կէտ մըն է։ Կայ նաեւ երկրորդ կէտ մը։ Եթէ չենք սխալիր, առաջին անգամ է որ Կրօնական Ժողովը ճերմակի վրայ սեւով ու պաշտօնապէս կը հրապարակէ թէ այլեւս անվաւեր կը նկատէ իր կողմէ ընտրուած Նախաձեռնարկ Մարմինը, թէեւ Նախաձեռնարկ Մարմինը արդէն Անգարա գացած էր ու իր կարգին շփումներ հաստատած էր Ներքին Նախարարին հետ։ Զեկոյցէն յայտնի կը դառնայ դժբախտաբար որ Նախաձեռնարկ Մարմինը Անգարա գացած էր առանց Կրօնական Ժողովին կամ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին հետ խորհրդակցելու։ Կրօնական Ժողովի զեկոյցը մէկէ աւելի գետնի վրայ կը բովանդակէ գոհացուցիչ կէտեր։ Բայց սեղանէն չի վերցներ այն քանի մը հիմնական հարցերը որոնք մեր միտքերը կը տանջեն ու մեզ ալ կ’անհանգստացնեն։ Այս մասին պիտի արտայայտուինք մեր վաղուան թիւով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը