ՍՊԵՂԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ<br />


ՍՊԵՂԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ

  • 03-08-2010 16:01:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Մարմարա» - Սէնթ Փէթէրսպուրկի մէջ երէկ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ »Երգող աշխարհ« խորագրեալ երգչախմբային արուեստի 8րդ միջազգային փառատօնը, որուն կը մասնակցին աշխարհի քսան երկիրներէն ժամանած յայտնի երգչախումբեր։ Առաջին անգամ ըլլալով այս փառատօնին կը մասնակցի նաեւ Հայաստան, երգչախմբային արուեստի լաւագոյն խումբերէն մէկով՝ »Սպեղանի«ով։ »Սպեղանի«ն երիտասարդական երգչախումբ մըն է եւ 2011ին իր հիմնադրութեան 15ամեակը պիտի տօնէ։ Փառատօնի բացման արարողութենէն ետք սարքուեցաւ կալա-համերգ մը, որ սկսաւ »Երգող աշխարհ« փառատօնի քայլերգով։ Հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ նաեւ հայկական երգչախումբը, որ փայլուն մեկնաբանութեամբ հրամցուց Կոմիտասի »Կալերու ճամբուն կեցած« երգը։ Փառատօնի շրջագծով երգչախումբերու միջեւ մրցում մը պիտի կայանայ։ »Սպեղանի«ն հիւրընկալուեցաւ նաեւ տեղւոյն հայ համայնքին կողմէ եւ հանդէս եկաւ համերգային հետաքրքրական յայտագրով մը՝ նուիրուած համայնքի հիմնադրութեան 300ամեակին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը