Պրայզայի անունը բացակայ դեսպաններու թեկածուներու հանդիպման մեջ


Պրայզայի անունը բացակայ դեսպաններու թեկածուներու հանդիպման մեջ

  • 30-07-2010 16:29:49   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Մարմարա» - Լոս Անճէլըսի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» օրաթերթը կը հաղորդէ թէ ԱՄՆի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 3 Օգոստոսինն տէմոքրաթ ծերակուտական Ճոն Քէրիի նախագահութեամբն աշխատանքային հանդիպում մը պիտի կազմակերպէ զանազան երկիրներու մօտ նշանակուելիք դեսպաններու թեկնածութիւնները հաստատելու հարցի համար։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներն վկայակոչելով Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի պաշտօնական կայքէջըն կը տեղեկացնեն թէ դեսպաններու 25 թեկնածուներու շարքէն կը բացակայի Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպանի թեկնածու Մէթիւ Պրայզայի անունը։ 22 Յուլիսին քննարկուած էր Պրայզայի թեկնածութեան հարցը եւ կարգ մը ծերակուտականներ մտահոգութիւններ ներկայացուցած էին, ըսելով որ Պրայզա սերտ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի քաղաքական գործիչներու հետ եւ միակողմանի դիրքորոշումՆ ի վնաս Հայաստանի եւ թէ Պրայզայի թուրք կնոջ կողմէ Ուա՞ինկթընի մէջ գործող «Հատսըն» հիմնարկը նիւթական յատկացումներ ստացած էր Ատրպէյճանի հետ համագործակցող քարիւղի ընկերութիւններէնն ինչ որ թոյլ չի տար որ ամերիկացի դիւանագէտը անկողմնակալ ըլլայ։ Նշուած էր նաեւ թէ Զէյնօ Պարանի ու Պրայզայի ամուսնութիւնըն որ տեղի ունեցած էր Իսթանպուլի մէջն նիւթական գետնի վրայ ամբողջութեամբ հովանաւորուած էր Ատրպէյճանի Ելմտական նախկին Նախարարի կողմէ։ Լրատուական միջոցներ երէկ եւ այսօր արձագանգ կը հանդիսանան այդ լուրին։ Նոյն հանդիպման ընթացքին Պրայզա ըրած է զգայացունց յայտարարութեան մը։ Այսպէսն Պրայզան յիշեցնելով որ իր հարսնիքին հրաւիրուած էին զանազան երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներն նշած է թէ հարսնիքի հրաւիրեալներու միջեւ գտնուած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Մեսրոպ Պատրիարքըն որ Մայժմ վախճանած էմ։ Հայկական լրատուամիջոցներ զարմանք կ’արտայայտեն այս յայտարարութեան առընչութեամբն նշելով թէ Պրայզա ինչպէ՞ս կը ձգտի Ամերիկան ներկայացնել տարածքաշրջանի մը մէջն որու առանցքային մարդոց ու իրադարձութիւններու մասին անտեղեակ է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը