ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆԻ 45 ՏՈԼԱՐԸ ՈՐ 200 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ Կ’ԱՐԺԷ


ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆԻ 45 ՏՈԼԱՐԸ ՈՐ 200 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ Կ’ԱՐԺԷ

  • 28-07-2010 16:29:22   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ամերիկեան ՄԼոնկ Այլընտ Փրէսմ գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ Ֆրէզնոյէն Ռիք Նորսիկեան անուն ամերիկահայ մը տասը տարի առաջ Լոս Անճէլըսի պահեստանոցներէն մէկուն մէջ գտնուած լուսանկարներու ապակեայ նախատիպերու երկու սնտուկներու համար վճարած է 45 տոլար գումար մը եւ յետոյ սկսած է ա՞խատանք տանիլ երեւան հանելու համար թէ ո՞ր լուսանկարչին կը պատկանէին այդ լուսանկարները։ Արուեստի մասնագէտ Տէյվիտ Սթրից ՄՍի Էն Էնմին յայտնած է թէ լուսանկարները մեծ հաւանականութեամբ կը պատկանին ամերիկացի յայտնի լուսանկարիչ Էնսըլ Էտըմզի Ճ1902-1984_ ոսպնեակին եւ այդ պարագային անոնք կրնան արժել մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար։ Լուսանկարչութեան մասնագէտ Փէթրիք Ալթ ըսաւ որ նկարները քաշուած են 1919-1930ի միջեւ եւ կարեւոր բաց մը կ’ամբողջացնեն Էտըմզի լուսանկարչութեան պատմութեան մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը