ԹԵՀՐԱՆ ՉԱՐՏՕՆԵՑ 1915-Ի ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԻ<br /> ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ


ԹԵՀՐԱՆ ՉԱՐՏՕՆԵՑ 1915-Ի ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԻ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

  • 23-07-2010 17:19:02   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Իրանի կառավարութիւնը չարտօնեց Գերման գրող Եագոբ Քիւնցի կողմէ 1915-ի տեղահանութեան մասին գրուած «Արցունքի ու արեան երկիր» անուն գիրքին հրատարակութիւնը: Գրագէտը, որ 1915-1917 թուականներուն ապրած է Ուրֆա, 1929-ին գրուած իր գիրքով պատմած է այն ժամանակաշրջանը, երբ ինք ականատես եղած է Հայոց տեղահանութեան: Գիրքը Գերմանիոյ մէջ հրատարակուելէն կարճ ժամանակ վերջ պարսկերէնի թարգմանուեցաւ Թեհրանի Ազատ Համալսարանի մէջ պաշտօնավարող Փրօֆյ Սաիտ Ֆիրուզպատի կողմէ: Սակայն գիրքին Իրանի մէջ հրատարակութեան արտօնութիւն չտրուեցաւ: Ընդհանուր կարծիքն այն է, որ գիրքը չհրատարակուեցաւ Թեհրանի ու Անգարայի միջեւ կայացած մերձեցման պատճառաւ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը