ՌՈՒՍԵՐ ԿԸ ՄԻՋԱՄՏԵՆ ԱՐՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ


ՌՈՒՍԵՐ ԿԸ ՄԻՋԱՄՏԵՆ ԱՐՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

  • 23-07-2010 17:13:03   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ռուսաստանի Ճատրակի Ֆէտէրասիոնը (ՌՃՖ) դիմում կատարած է ՖԻՏԷ-ի Նախագահ Քիրսան Իլիւմժանովին, խնդրելով որ աշխարհի ախոյենութեան կանոնակարգի մէջ փոփոխութիւններ կատարուին: ՌՃՖ նպատակայարմար գտած է, որ յաւակնորդներու մրցաշարքի վայրը այլ տեղ փոխադրուի: Խօսքը կը վերաբերի Պաքուին: Ինչպէս աւելի առաջ ալ հաղորդած էինք, Լեւոն Արոնեան, որ աշխարհի ախոյենութեան յաւակնորդներէն մէկը կը հանդիսանայ, մերժած էր Պաքուի մրցաշարքին մասնակցիլ, յայտնելով որ հոն պիտի չկարենար հանգիստ հոգեվիճակով մասնակցիլ մրցումներուն: Այժմ ՌՃՖ կը նշէ, որ Լեւոն Արոնեան կրան փրի մրցաշարքերու յաղթող է եւ վճռաբար հրաժարած է Պաքու մեկնելէ, կատարելապէս վայելելով Հայաստանի Ճատրակի Ֆէտէրասիոնի աջակցութիւնը: Առանց Արոնեանին յաւակնորդներու մրցաշարքը կրնայ ձախողիլ, ուստի ռուսներ կ’առաջարկեն այդ մրցաշարքը կազմակերպել Քազան քաղաքի մէջ: ՖԻՏԷ յայտնեց, որ առաջարկը պիտի քննարկուի յառաջիկայ շաբաթ Նորվեկիոյ մէջ կայանալի նախագահական խորհուրդի նիստի ընթացքին:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը