Յարութ Սասունեան. Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի Կրնայ Շուտով Աւարտիլ...


Յարութ Սասունեան. Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի Կրնայ Շուտով Աւարտիլ...

  • 24-06-2019 10:04:11   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան 6 Յունիս 2019ին կոշտ նամակ յղած է իր գործընկերոջ՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի: Շանահան սպառնացած է վերջ դնել Թուրքիոյ մասնակցութեան Միացեալ Նահանգներու օդուժի ամէնէն յառաջատար F-35 կործանիչներու ծրագիրին եւ պատժամիջոցներ կիրառել, եթէ Թուրքիա շարունակէ յամառիլ յաջորդ ամիս Ռուսիայէն S-400 հրթիռներու ձեռք բերման հարցով: Ռուսական հրթիռները անհամատեղելի են ՆԱԹՕի զինական համակարգին եւ վտանգի կ՛ենթարկեն F-35 կործանիչներու աշխատանքը, այսպիսով սպառնալով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան:
 
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բազմիցս մերժած է Միացեալ Նահանգներու բողոքները եւ պնդած՝ ռուսական հրթիռներ ձեռք բերելու վրայ, որոնց համար Թուրքիա 2.5 միլիառ տոլարի վարկային համաձայնագիր ստորագրած է Ռուսիոյ հետ: Քանի մը թուրք զինուորականներ արդէն կը սորվին Ռուսիոյ մէջ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է աշխատցնեն նոր հրթիռները: Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ տեղեկացուցած է, որ թուրք օդաչուները, որոնք քանի մը ամիսէ ի վեր F-35 կործանիչներու վերապատրաստման դասընթացքներու կը հետեւէին Միացեալ Նահանգներու մէջ, պէտք է որ երկրէն հեռանան 31 Յուլիս 2019ին:
 
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Շանահանի նամակը ցնցում յառաջացուց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ապահովութիւնը կառավարող շրջաններու մէջ, որովհետեւ Թուրքիա տակաւին չի գիտեր, թէ «ինչպէ՞ս պատասխանէ», ըսած է ապահովութեան գծով բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեան «Ալ Մոնիթոր»ի:  Միաժամանակ, Թուրքիա վճարած է աւելի քան մէկ միլիառ տոլար՝ 100 հատ F-35 կործանիչներ ձեռք բերելու համար: Նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջէ  վերադարձնել այդ գումարը: Աւելին, Թուրքիա՝ իբրեւ F-35 ծրագիրի գործընկեր, կ՛արտադրէ կործանիչներու որոշ մասեր, որոնք այլեւս չեն ստացուիր Թուրքիայէն: 
 
Շանահան գրած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին. «F-35ի նկատմամբ ձեռնարկուած բոլոր գործողութիւնները հիմնուած են վտանգներու վրայ, կապուած S-400ներու առկայութեան հետ Թուրքիոյ մէջ, եւ ատոնք անջատ են Ռուսիոյ առնչուող «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքի (CAATSA) պատժամիջոցներէն: Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը վճռականօրէն տրամադրուած է տեսնել CAATSAի պատժամիջոցներու կիրառումը Թուրքիոյ նկատմամբ, եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ S-400: Բացի F-35ի նման ծրագիրներու ապահովութեան սպառնալիքէն, Թուրքիոյ կողմէ S-400ի գնումը կը խոչընդոտէ ձեր երկրին հնարաւորութիւնը՝ ամրապնդելու կամ պահպանելու համագործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի հետ, յանգեցնելով Թուրքիոյ ռազմավարական եւ տնտեսական չափազանց կախուածութեան Ռուսիայէն եւ խոչընդոտելու Թուրքիոյ հզօր պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ տնտեսական զարգացման յաւակնոտ նպատակները: Այս ուղիով երթալը կը յանգեցնէ աշխատատեղերու, համախառն ներքին արդիւնքի եւ միջազգային առեւտուրի կորուստի: Նախագահ Թրամփ պատրաստակամ էր երկկողմմանի առեւտուրի ծաւալները 20 միլիառ տոլարէն հասցնելու աւելի քան 75 միլիառի, սակայն ատիկա կրնայ դժուար ըլլալ, եթէ Միացեալ Նահանգներ կիրարկէ CAATSAի պատժամիջոցները»:
 
14 Յունիս 2019ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլու սպառնաց, որ Թուրքիա կը հակադարձէ Միացեալ Նահանգներու  պատժամիջոցներուն. «Երկիր մը չի կրնար ցուցմունքներ տալ ուրիշ երկրի մը, թէ ինչպէս պէտք է վարուի: Միացեալ Նահանգներ պէտք է հրաժարի այս վարքագիծէն: Բոլորը մտահոգուած են այս առնչութեամբ: Անիկա որքա՞ն հեռու կրնայ երթալ: Եթէ Միացեալ Նահանգներ քայլերու ձեռնարկէ մեր դէմ, ապա մենք ստիպուած կ՛ըլլանք համարժէք քայլերու ձեռնարկել», ան յայտարարած է NTV հեռատեսիլային ալիքին տուած իր հարցազրոյցին մէջ:
 
Որո՞նք են յաջորդ քայլերը: Էրտողան սորված է նախորդ փորձէն, որ Թրամփ միշտ չէ, որ մտիկ կ՛ընէ Կառավարութեան կամ Գոնկրեսի անդամներուն: Էրտողան հեռաձայնային քանի մը զրոյց ունեցած է, որպէսզի համոզէ Թրամփը ստեղծելու համատեղ հետազօտական խումբ՝ Թուրքիոյ համար ժամանակ շահելու նպատակով: Այդ ժամանակամիջոցին, բնականօրէն կամ  արհեստականօրէն ստեղծուած համաշխարհային իրադարձութիւնները կրնան փոխել ներկայ իրավիճակը: Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահները կը նախատեսեն հանդիպիլ Յունիսի վերջը Թոքիոյի մէջ կայանալիք G-20 գագաթաժողովի ընթացքին: Ասիկա կ՛ըլլայ Էրտողանի վերջին առիթը` համոզելու Թրամփը, որ փոխէ իր որոշումը՝ Յուլիսին ռուսական հրթիռներ ձեռք բերելու գծով:
 
Եթէ Էրտողան չկարենայ փոխել Թրամփի միտքը, ապա ան յառաջ կ՛երթայ եւ ձեռք կը բերէ ռուսական հրթիռներ՝ խուսափելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ նուաստացումներէ: Սակայն, ասիկա միայն սկիզբ կը դնէ աւելի մեծ հակամարտութեան...: Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Թուրքիոյ նկատմամբ՝ լրջօրէն վնասելով անոր տնտեսութեան: Էրտողան կրնայ հակադարձել՝ արգիլելով Ինճիրլիքի ռազմակայանի օգտագործումը Թուրքիոյ մէջ: Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է տեղափոխէ իր կործանիչները Յորդանան (ինչպէս Գերմանիա ըրաւ), Յունաստան (ՆԱԹՕի անդամ) կամ Կիպրոս:
 
Հարուածներու եւ հակահարուածներու այս արատաւոր շրջանը կրնայ աւարտիլ կա՛մ ՆԱԹՕէն Թուրքիոյ հեռանալով, կա՛մ ՆԱԹՕի որոշումով՝ Թուրքիան հեռացնելով: 
 
Թուրքիոյ հեռացումը ՆԱԹՕէն քայլ մըն է, որ շատոնց կը նախատեսուէր, այն ժամանակուընէ, երբ Էրտողան կը գործէր ՆԱԹՕի համաձայնագիրի տառին եւ ոգիին հակառակ։ Թէեւ Թուրքիոյ հեռացումը ՆԱԹՕէն լուրջ որոշում է, յղի՝ ծանր հետեւանքներով, Էրտողան ՆԱԹՕի նկատմամբ Թուրքիոյ պարտաւորութիւններու բազմիցս խախտման պատճառ կը հանդիսանայ՝ անտեսելով անոր բոլոր նախազգուշացումները:
Այս դրութեան ակնյայտ յաղթողը պիտի ըլլայ Ռուսիա, որ կրնայ յաջողութեան հասնիլ ՆԱԹՕի թուլացման գործին մէջ՝ հեռացնելով Թուրքիան, որ զինուորական ծառայողներու թիւով ՆԱԹՕի երկրորդ ամէնէն մեծ անդամն է, միաժամանակ, հրթիռներու վաճառքէն ձեռք բերելով խիստ անհրաժեշտ եկամուտ իր փլուզուած տնտեսութեան համար։
 
Սակայն Ռուսիոյ յաջողութիւնը կրնայ կարճատեւ ըլլալ: Այն պահուն, որ աշխարհաքաղաքական հակասութիւն յառաջանայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, նոր կազմուած սիրոյ տօնախմբութիւնը կ՛աւարտի՝ վերջ դնելով Թուրքիոյ լարախաղացային շարժումներուն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ եւ լքուած ըլլալով երկուքին կողմէ․․․
 
Յարութ Սասունեան      
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ