24 Ապրիլի առթիւ ոգեկոչումներ պիտի կատարուին Թուրքիոյ չորս քաղաքներուն մէջ


24 Ապրիլի առթիւ ոգեկոչումներ պիտի կատարուին Թուրքիոյ չորս քաղաքներուն մէջ

  • 22-04-2011 19:29:48   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկուան մեր թիւով արձագանգ հանդիսացած էինք »Ցեղապաշտութեան Ու Ազգայնապաշտութեան Դէմ Նախաձեռնութիւն« կոչուած մարմնի մը կողմէ 24 Ապրիլի առընչութեամբ նախատեսուած ձեռնարկի մը, որ, ինչպէս գործածուած խորագիրը կը նշէր, 24 Ապրիլի ցաւը կը նկատէր »մեր բոլորին ցաւը«։ Պատրաստուած պատճէնին տակ ստորագրած էին 130 անձեր, որոնց կարգին արդէն նշանաւոր մտաւորականներ ու պատմաբաններ։ Ձեռնարկը կոչ ըրած է իր համակիրներուն, ըսելով որ մոմավառութեամբ ու մեխակներով պիտի սկսին յիշատակել 24 Ապրիլ 1915էն սկսեալ անհետացած հայերուն յիշատակը։ Այս տարի 24 Ապրիլին յիշատակութեան ձեռնարկներ պիտի կատարուին հետեւեալ տեղերը. Իսթանպուլ - ժամը 17.00, Թաքսիմի Հրապարակը Անգարա- ժամը 17.00, Սաքարիա Հրապարակը Տիյարպաքըր - Ժամը 17.00, Մարդու Իրաւունքներու Հանրապարտէզ։ Պօտրում - Ժամը 17.00, Քաղաքապետական Հրապարակ Այս առթիւ պատրաստուած է պատճէն մը զոր ստորեւ կուտանք թարգմանաբար. »24 Ապրիլ 1915։ Ասիկա այն օրն է երբ Հայ ժողովուրդը, որ այս երկրի միւս ժողովուրդներուն հետ քովէ քով կ’ապրէր, կին, մանուկ, ծեր, հիւանդ, առանց բացառութեան, հարիւր հազարաւորներու թիւով, իր երկրէն, տունէն, արտէն, գործատեղիէն, ասպարէզէն պետական բռնութեամբ փրցուեցաւ, սպաննուեցաւ, աքսորուեցաւ եւ զանազան զուլումներու եւ աղէտներու ենթարկուեցաւ այն միակ պատճառով որ Հայ էր։ Այդ թուականէն մինչեւ այսօր, պետութիւնն ու կառավարութիւնները աշխատեցան այս ահարկու դէպքը գաղտնել, թեթեւցնել, նոյնիսկ - ապստամբական պատճառաբանութիւններ բեռցնելով անոնց- օրինաւոր ցոյց տալ։ Մինչդեռ, մահաբոյր այս աքսորը, որ ո՛չ մէկ պատճառաբանութեամբ արդարանալի կը նկատուի, բացէ ի բաց, մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք է։ Միայն թէ պէտք է գիտնալ որ, Այնքան ատեն որ պետութիւնը կը շարունակէ անդրդուելի մնալ իր այս յանցանքը քօղարկելու պաշտօնական քաղաքականութեան մէջ, այդքան աւելի պիտի խորանայ այս երկրի բնակիչ մարդոց սրտին մէջ գաղտնի-գաղտնի արիւնող վէրքը , եւ մեր բանականութիւնը, խիղճը, իրաւունք-արդարութիւն զգացումը ա՛լ աւելի կաթուածահար պիտի դառնայ։ Բայց այլեւս պէտք է վերջ տանք այս մերժումի քաղաքականութեան։ Այդ պատճառով, բոլոր անոնք որոնք խորապէս կը փափաքին որ այս երկիրը դառնայ ճակատաբաց եւ խղճով հանդարտ երկիր մը, կը հրաւիրենք շատ ուշացած մարդկային պարտականութիւն մը կատարելու։ 24 Ապրիլին, որ այդ ծանր յանցանքի օրն է, կոչ կ’ուղղենք բոլորին որպէսզի միասնաբար յայտարարենք թէ այս ցաւը մարդկութեան ազնիւ արժէքներու ենթահողին վրայ միացած՝ մեր բոլորի հասարակաց ցաւն է«։ Այս պատճէնին տակ կը կարդանք ստորագրութիւնները հետեւեալ անձերուն. Ապտուլլահ Տէմիրպաշ, Ատիլ Գուրթ, Ահմէտ Ֆարուք Իւնսալ, Ահմէտ Ինսէլ, Ահմէտ Գարտամ, Ահմէտ Թիւրք, Ալի Պայրամօղլու, Ալի Էրթէմ, Ալփէր Կէօրմուշ, Ալթան Թան, Աթիլլա Տիրիմ, Աթիլլա Թույկան, Այտըն Էնկին, Այհան Պիլկէն, Այսէլ Թուղլուք, Այշէ Հուր, Պասքըն Օրան, Պէքիր Պէրատ Էօզիփէք, Պէթիւլ Թանպայ, Պիւլէնտ Աթամէր, Պուշրա Էրսանլը, Ճաֆէր Սոլկուն, Ճէնկիզ Ագթար, Ճէնկիզ Ալկան, Ճէրճուս Թաշ, Տէմիր Չէլիք, Տողան Թարգան, Էմինէ Այնա, Էմրուլլահ Պէյթար, Էմրուլլահ Պինկիւլ, Էրօլ Քէօրօղլու, Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ, Էսրա Կունկան, Ֆ. Լէվէնտ Շէնսէվէր, Ֆաիք Գարատաշ, Ֆարուք Ալփգայա, Ֆաթմա Նեւին Վարկիւն, Ֆէրտա Քէսքին, Ֆէրհաթ Քէնթէլ, Ֆէրհաթ Թունչ, Ֆէթհի Ինան, Ֆէթիյէ Չէթին, Կարօ Փայլան, Կայէ Պօրալըօղլու, Կէնճայ Կիւրսոյ, Կիւլթէն Գայա, Կիւլթէն Քիշանաք, Հաճի Մէհմէտ Պօզտաղ, Հալիլ Ագսոյ, Հալիլ Պէրքթայ, Հալուք Ինանիչի, Հասան Եալչընգայա, Հայքօ Պաղտատ, Հիտայէթ Շէֆգաթլի Թուքսալ, Հիլալ Գափլան, Հիւսէյին Թանաշ, Իտրիս Պալուքան, Իհսան Ճօշքուն, Իհսան Ներկիզ, Ինճի Հէքիմօղլու, Իփէք Չալըշլար, Ժալէ Միլտանօղլու, Գատիր Ճանկիզպայ, Քէմալ Կէօքհան Կիւրսէս, Քէրէմ Թոսուն, Լալէ Մանսուր, Լէվէնտ Թուզէլ, Լէյլա Իփէքճի, Մահսար Զիւմրիւթ, Մէհմէտ Պէքարօղլու, Մէհմէտ Տէմիր, Մէհմէտ Թանհան, Մէսուտ Եղէն, Մէթին Ալկան, Միթհատ Սանճար, Մուամմէր Ագար, Մուրատ Պօզլաք, Մուրատ Չէլիքքան, Մուրատ Փաքէր, Մուսթաֆա Ավճը, Նապի Եաղճը, Նազմի Կիւր, Նէճմիյէ Ալփայ, Նիլ Մութլուէր, Նիզամէտտին Էօզթիւրք, Օգթայ Էթիման, Օրալ Չալըշլար, Օրհան Միրօղլու, Օսման Պայտէմիր, Օսման Քէօքէր, Օյա Պայտար, Էօմէր Ֆարուք Կէրկէրլիօղլու, Էօմէր Լաչինէր, Էօզտալ Իւչէր, Էօզտէն Տէօնմէզ, Փէրվին Պուլտան, Րակըղ Տուրան, Րակըպ Զարաքօլու, Րօնի Մարկուլիէս, Սատրէտտին Կիւվէնէր, Սաիթ Չէթինօղլու, Սէպահատ Թունճէլ, Սէլիմ Տէրինկիլ, Սէմրա Սօմէրսան, Սէրքան Ագեըլտըրըմ, Սիրրի Սիւրէյյա Էօնտէր, Շէպնէմ Գօրուր Ֆինճանճը, Շէհպալ Շէնեուրտ, Շէնօլ Գարագաշ, Շէյմուշ Տիքէն, Սէզայի Թէմէլլի, Թէմէլ Իսքիթ, Թունա Գույուճու, Թուրան Ճէնկիզ, Ուֆուք Ուրաս, Իւմիւթ Ֆըրաթ, Իւմիթ Գարտաշ, Իւմիթ Գըվանճ, Իւմիթ Շահին, Իւնալ Իւնսալ, Իւսթիւն Պոլ, Եագուպ Գատրի Գարապաճաք, Եալչըն Էրկիւնտողան, Եասէմէն Կէօքսու, Եըլտըրայ Օղուր, Եըլտըզ Էօնէն, Զէյնէպ Թանպայ, Զօզան Էօզկէօքչէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը