Ռատիո ԱՅԳի հարցազրոյցը հանրածանօթ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեանի հետ


Ռատիո ԱՅԳի հարցազրոյցը հանրածանօթ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեանի հետ

  • 22-03-2020 17:38:24   |   |  Մշակոյթ

 
 
Ո՞վ է Վիգէն Տիշչէքէնեանը
 
Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, Հոկտեմբեր 25 1968-ին: Հայրս՝ Գրիգոր Պհեսնիլցի, իսկ մայրս՝ Արմենուհի Պերթիզլեան, Մարաշցի: Ուսում ստացած եմ Նազարեան եւ Յովակիմեան  AGBU Վարժարաններէն ներս:
Համալսարանական կրթութիւնը ստացած եմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (A.U.B.), արժանանալով Քիմիագիտութեան Պսակաւոր Գիտութեանց (BS Chemistry) տիտղոսին:
Աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ուսուցչութեամբ կը զբաղիմ` Քիմիագիտութիւն դասաւանդելով բարձր դասարաններուն 3 վարժարաններու մէջ՝ արաբական CTI դպրոցը, հայկական Միացեալ Ազգային Վարժարան եւ Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան High school:
Բաւական երկար ժամանակ խաղցած եմ ոտնագնդակ (ֆութպոլ) ՀՄԸՄ ներկայացուչցական խումբէն: Ներկայիս անդամ եմ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
 
Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր երաժշտական ճանապարհը:
 
Համալսարանի օրերէն արդէն ունէի նուագախումբ եւ կը մասնակցէինք խրախճանքներու եւ այլ ուրախ առիթներու:
1996 թուին ունեցայ իմ առաջին անձնական երգս՝ ազգային երգ  նուիրուած ընկեր Մհեր Չուլհաճեանի յիշատակին, որ նահատակուեցաւ Արցախի մէջ: Մհերին հետ բաւական մօտ էի, որովհետեւ ան դասաւանդութեամբ կը զբաղէր Չաթալպաշեան վարժարանին մէջ : Իր մահէն  ետք, ես խորապէս ազդուած էի, եւ խնդրեցի օրիորդ Շահանդուխտէն, որ իմ մօրաքոյրս է, Մհերի յիշատակին բանաստեղծութիւն մը գրէ եւ Շանթ Տիշչէքէնեանը՝  իմ հօրեղբօրս տղան  յօրինեց երաժշտութիւնը:  Այս էր իմ առաջին երգը, որ արձանագրեցի Խաչիկ Մալխասեանի ձայնագրութեան տաղաւարին մէջ (studio) մէջ: Ետքը ունեցայ բաւական երգեր՝ ազգային եւ հայրենասիրական, ինչպէս նաեւ ժողովրդական եւ Էսթրատային:
 
Ի՞նչ երաժշտական դասընթացքներու կամ գործիքներու վրայ նուագելու տիրապետում:
 
Ես տարիներով հետեւած եմ (orgue) ստեղնաշար նուագարանի դասընթացքներու եւ բաւական լաւ տիրապետած կը նուագեմ այս գործիքը: Նոյն ատեն` տարիներ հետեւած եմ ձայնամարզութեան Լիբանանի երաժշտանոցի conservatoire ուսուցիչներու հետ: Եւ 1997-էն մինչեւ 2000 եղած եմ Համազգայինի Գուսան Երգչախումբի անդամ:
 
Իսկ ձեր հրապարակուած երգերուն մեծամասնութիւնը եւ կամ բոլորը ձեր հեղինակութեամբ գրուա՞ծ խօսքեր են:  Կա՞ն արդեօք այլ երգահաններու խօսքերով  երգեր, որ դուք կը կատարէք:
 
Իմ երգերուս մեծամասնութեան հեղինակը ես եմ, բայց ոչ բոլորը: Աշխատած եմ ուրիշ հեղինակներու հետ ինչպէս օրինակ օրիորդ Շահանդուխտին, Պրն. Վաչէ Պօզոյեանին, Պրն. Սարգիս Քէլ Խաչերեանին հետ, իսկ երաժշտութեան համար կարգ մը երգեր ես յօրինած եմ: Նաեւ, ուրիշ երաժիշտներու հետ ալ աշխատած եմ օրինակ՝ Շանթ Տիշչէքէնեանին, Զարեհ Քէշիշեանին, Սեդօ Պաղտասարեանին, Վահրամ Էմմիեանին հետ:
 
Խօսինք ձեր նախաձեռնած եւ հրապարակած ձայնասկաւառակներու եւ  տեսահոլովակներու մասին: 
 
Ես վերջին 25 տարիներու ընթացքին հրապարակած եմ աւելի քան 10 CD եւ 12 տեսահոլովակներ: Երգերը`  ազգային, սիրային, հայրենասիրական, էսթրատային, յեղափոխական: Վերջին տեսահոլովակը եղաւ 4 ամիս առաջ, հայրենիքի մէջ 8 լիբանանահայ երգիչներով: Երգին խորագիրը «Հայրենիք-սփիւռք», հեղինակն է  Յասմիկ Բալայեան, դաշնաւորումը Տարօն Աւետիսեան: Այս երգին համար ունէինք 3 հովանաւորներ՝ Պրն. Յարութ Խաչատուրեան (ԳՈՀԱՐ), Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եւ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը: Լիբանանէն 8 երգիչներ գացինք հայրենիք Հայաստան մէկ շաբաթ, ուր կարողացանք արձանագրել երգը եւ պատրաստել սքանչելի տեսահոլովակ մը, որ կրնաք տեսնել You Tube –ի վրայ:
 
Անդրադառնանք ձեր նախընտրած երգի ժանրին եւ ձեր ելոյթներուն:
 
Իմ Ելոյթներս միշտ կ’ըլլան տարբեր լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, յունարէն, անգլերէն, իտալերէն … Ամէն տեսակի միութենական եւ անձնական ձեռնարկներու եւ եթէ պէտք ըլլայ ազգային կամ յեղափոխական  երգերով կը փակենք տուեալ ելոյթին վերջին բաժինը:  Յաճախ իմ հետս կ’ըլլայ իմ անձնական նուագախումբը կամ երբեմն այն երկիրը, որ կայ յարմար մասնագիտացած արհեստավարժ նուագախումբ եւ երաժիշտներ կրնան իրենք պատրաստել իմ երգացանկը:
Շատ երկիրներու մէջ ունեցած եմ ելոյթներ, կրնամ այս քանի մը տարուայ մէջ եղած երկիրները յիշել, օրինակ` Արժանթին, Գանատա, Եգիպտոս, Իրաք, Կիպրոս, Հայաստան, Փարիզ, Քուէյթ .. գրեթէ 80 առ հարիւրը միութենական ձեռնարկներ են, միայն 20 առ հարիւրը անձնական խրախճանքներ:  Ամէն հայկական գաղութ ունի իր հաճելի մթնոլորտը եւ շատ զգալի է, ինչպէս բոլոր գաղութներուն մէջ, բոլոր միութիւնները կ’աշխատին հոգւով ու սրտով որ 100 առ հարիւրը յաջող անցնի իրենց ձեռնարկը:
 
Համաշխարհայնացումի ալիքը եւ մեր մշակոյթը ապրեցնելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, եւ դուք որպէս երգիչ եւ երգահան ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէք:
 
Համաշխարհայնացում բառը վերջերս ամէն տեղ իր դերը ունի, նոյնիսկ մեր երգերուն եւ ելոյթներուն մէջ, որովհետեւ եթէ ուզեմ պատրաստել երգ մը պէտք է հաշիւ ընեմ, որ այս երգը քանի մը վայրկեան ետք պիտի լսուի ամէն տեղ:
Աշխարհի ամէն անկիւն մանաւանդ հոն, ուր հայ կայ եւ ատոր համար պէտք է բոլորին ճաշակին համապատասխան երգ մը ըլլայ եւ ոչ միայն մէկ տեսակի ժողովուրդի կամ գաղութի: Այս մէկը մեծ պատասխանատուութիւն կու տայ բոլոր երաժիշտներուն: Գալով մեր ելոյթներուն, տարբեր լեզուներով երգել շատ անհրաժեշտ է, որպէսզի գոհացնեմ բոլոր ներկաները եւ մանաւանդ հասարակական  հարթակներու (social media-ի) վրայ հետեւողները կամ երկրպագուները:
Այսօր լսողատեսական ճարտարագիտութեան  զարգացումով բոլորիս հասանելի է հաղորդակցական միջոցներով դիտել, լսել նաեւ օտար երգեր եւ այս առումով հայ արուեստագէտն ու երգիչը հայ երգը պահելու հրամայականի տակ է՝ պատրաստելու այնպիսի ուշագրաւ տեսահոլովակներ ներգրաւելու հայ երիտասարդն ու  հայ ունկնդիրը …  խնդրեմ ձեր մտորումները:
Ներկայիս ես վստահ եմ, որ մեր առաջնահերթ նպատակն է երիտասարդութիւնը կապել հայ երգին: Այս պատճառով պէտք է մեր երգերը ըլլան շատ արդիական ձեւերով պատրաստուած գեղեցիկ տեսահոլովակով, որ կարենանք երիտասարդներուն ուշադրութիւնը գրաւել: Բայց այս բոլորը կը պահանջեն լուրջ գործ, հետեւողականութիւն եւ ամենակարեւորը մեծ պիւտճէ, որ կարենանք մրցիլ օտար երգերու հետ: Մենք իբր սփիւռքահայ երգիչներ ունինք այս դժուարութիւնը մանաւանդ եթէ ուզենք մրցիլ եւրոպական տեսահոլովակներու հետ, որոնք շատ մեծ պիւտճէ կ’ուզեն։
 
Խօսինք ձեր լայն տարածում գտած  երգին եւ տեսահոլովակին, ինչպէս նաեւ գալիք նոր երգերուն եւ համերգներուն  մասին:
 
Վերջին շրջանին,կարգ մը երգեր ունեցան մեծ արձագանգ եւ լայն տարածում, օրինակ՝ «Մնայ Իմ Մօտ» , «Հանդիպում», «Խամխամա» եւ այլն: Գալիք օրերուն ունիմ բաւական ծրագիրներ եւ ելոյթներ Լիբանանի մէջ եւ այլ երկիրներու մէջ: Իմ յաջորդ ձայներիզը արդէն սկսայ պատրաստել, որ կը բաղկանայ 9 երգերէ եւ պիտի ունենամ 3 տեսահոլովակ 2020-ին:
 
Ձեր զաւակներուն անդրադառնալով, խօսինք հայկական դպրոց յաճախելու մասին, ինչպէս նաեւ՝ անոնց երաժշտական տաղանդին կամ հակումին մասին:
 
27 Դեկտեմբեր 2003-ին պսակուեցայ Լարա Աւագեանի հետ եւ ունինք 2 զաւակ. Լոռի 9 տարեկան եւ տղայ մը Արա 13 տարեկան: Կը յաճախեն  Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանը :
Տղաս կը հետեւի դաշնամուրի դասընթացքներու եւ բաւական հմուտ ձեւով կը նուագէ: Ես միշտ կը փորձեմ համոզել շատեր, որոնք իրենց զաւակները կ’ուղարկեն ոչ հայկական վարժարաններ, որ մեր հայկական վարժարանները ունին 100 տոկոս նոյն եւ աւելի բարձր մակարդակ քան միւս դպրոցները, եւ մենք իբր սփիւռքահայ պէտք է պահենք մեր լեզուն, պատմութիւնը , գրականութիւնը, մշակոյթը, որպէսզի կարենանք գոյատեւել իբր Հայ: Երբեմն կը յաջողիմ համոզել, իսկ երբեմն՝ ոչ:
 
Յաջողութիւն Վիգէն Տիշչէքէնեան:
 
Հարցազրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան, Ռատիո ԱՅԳ
11 Յունուար  2020
 
  -   Մշակոյթ