Յարութ Սասունեան. Հայերը Պէտք Է Միանան՝ Արցախի Վրայ Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Միացեալ Յարձակման Դէմ


Յարութ Սասունեան. Հայերը Պէտք Է Միանան՝ Արցախի Վրայ Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Միացեալ Յարձակման Դէմ

  • 05-10-2020 10:50:22   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

27 Սեպտեմբեր 2020ի կանուխ առաւօտուն, Ատրպէյճան լայնածաւալ յարձակումի ձեռնարկեց Արցախի դէմ, Թուրքիոյ եւ ծայրայեղ իսլամ ճիհատական  վարձկաններու անմիջական մասնակցութեամբ։
 
Թուրք-ատրպէյճանական կողմը յարձակեցաւ ոչ միայն հայկական զինուած ուժերու, այլեւ զանազան գիւղերու խաղաղ բնակիչներու եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ։  Խիստ մտահոգիչ էր Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու F-16 ինքնաթիռներու գործունէութիւնը պատերազմական գօտիին մէջ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Հայաստանի հասցէին հնչեցուած քանի մը սպառնալիքներէ ետք:
 
Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբերին, երբ կը գրուէր այս յօդուածը, մարտերը դեռ կը շարունակուէին։ Յոյսով ենք, որ Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը միջամտեն եւ կը դադրեցնեն արիւնահեղութիւնը: Մինչեւ հիմա սպաննուած են ատրպէյճանցի 370 զինուորներ, որոնց շարքին՝ փոխ գնդապետ Մեհման Միրազիզ: Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ հայկական ուժերու կողմէ վիրաւորուած եւ գերեվարուած է զօրավար-մէյըր Մայիս Բարխուտարով: Աւելին, սպաննուած են 81 ծայրայեղ իսլամ ճիհատական օտարվարձկաններ: Զոհուած է 84 հայ զինուոր եւ վիրաւորուած է աւելի քան 100 հոգի, հիմնականօրէն խաղաղ բնակչութեան շրջանի մէջ։ Թուրքիա, որ այս ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչները մեծ թիւով տեղափոխած է Ատրպէյճան, խոստացած է ամսական դրութեամբ հազարաւոր տոլարներ վճարել անոնց: Ամօթալի է, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա իրենց հսկայական զինուած ուժերով չափազանց վախկոտ են իրենց սեփական զինուորներով կռուելու համար եւ վարձկաններ կը ներկրեն Հիւսիսային Սուրիայէն: Յուսանք, որ այս վարձու ահաբեկիչները կ՛արժանանան նոյն ճակատագրին, ինչ որ աֆղան մուճահիտները եւ չեչեն վարձկանները, որոնք 1990ականներուն բերուած էին Ատրպէյճան՝ հայկական ուժերու դէմ կռուելու համար: Անոնցմէ շատերը ոչնչացուեցան պատերազմի դաշտին մէջ, իսկ մնացածը հեռացաւ  Ատրպէյճանէն՝ տեսնելով  ատրպէյճանցի զինուորներու վախկոտ վիճակը: Աւելին, հայկական ուժերը ոչնչացուցած են Ատրպէյճանի չորս ուղղաթիռ, 36 հրասայլ եւ ռազմական արհեստագիտութիւն, 27 անօդաչու թռչող սարք, ներառեալ Իսրայէլէն եւ Թուրքիայէն ձեռք բերուածները:
 
Ռուսիա եւ ԱՄՆ յայտարարութիւններ տարածեցին՝ կոչ ընելով հրադադար հաստատել եւ վերադառնալ բանակցային սեղան: Յատկանշական է, որ Մ. Նահանգներու Պետական Բաժանմունքը յայտարարեց՝ «արտաքին ուժերու մասնակցութիւնը բռնութեան սրումին շատ կը վնասէ եւ կրնայ միայն վատթարացնել տարածաշրջանին լարուածութիւնը»: Ասիկա անուղղակի կոչ էր Թուրքիոյ՝ չխառնուիլ Արցախի պատերազմին։ Այսուամենայնիւ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք չէ բաւարարուի միայն խօսքեր ըսելով եւ պէտք է պատժամիջոցներ կիրարկէ ինչպէս Թուրքիոյ, այդպէս ալ Ատրպէյճանի դէմ՝ անոնցմէ ոչ մէկուն զէնք կամ արտաքին օգնութիւն տրամադրելով: Աւելին, կը տեսնենք նոյն անիմաստ յայտարարութիւնը, որով կը յորդորեն երկու կողմերը դադրեցնելու կրակը՝ չդատապարտելով յարձակումները նախաձեռնած կողմը, որ միշտ Ատրպէյճանն է: Համոզուած եմ, որ ԱՄՆ եւ Ռուսիա քաջատեղեակ են, թէ որո՞նք սկսած են յարձակումները:
 
Համոզուած եմ, որ հայերու մեծ մասը կը գիտակցի, որ այս օրհասական պահուն, երբ վտանգուած է Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան կեանքը, անոնք պէտք է զերծ մնան իրենց անձնական կամ  հատուածական  վէճերը շարունակելէ: Ներքին տարաձայնութիւններու մէջ մտնելու ժամանակը չէ: Առաջնայինը ընդհանուր թշնամին զսպելն է: Մենք բոլորս պէտք է հաւաքուինք Հայաստանի կառավարութեան շուրջ: Նմանապէս, սփիւռքահայերը պէտք է մէկ կողմ ձգեն իրենց մանր-մունր  վէճերը եւ  միանան: Գիտեմ, որ ամերիկահայերէն շատեր զբաղած են Մ. Նահանգներու գալիք նախագահական ընտրութիւններու մէջ տարբեր թեկնածուներու աջակցութեամբ եւ Դիմատետրը լեցուն է անոնց բուռն մեկնաբանութիւններով: Կը յորդորեմ բոլորին՝ ընդհատել այս քաղաքական վէճերը եւ համախմբուիլ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ: Մենք կը բախինք շատ աւելի մեծ եւ հզօր թշնամիներու՝ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ: Միայն մեր համախմբուած ջանքերն ու խելացի մարտավարութիւնը կրնան պաշտպանել մեզ՝ խուսափելու համար Ցեղասպանութեան կրկնութենէն:
 
Թէեւ ես ռազմական փորձագէտ չեմ, սակայն որոշ ողջմիտ առաջարկներ ունեմ Հայաստանի ղեկավարներուն: Ասիկա  կողմնակցութեան  հարց  չէ: Ես նոյն առաջարկը ըրած եմ Հայաստանի նախորդ եւ ներկայ կառավարութիւններուն, ցաւօք, ապարդիւն: Կը փափաքէի յիշեցնել Հայաստան գտնուող մեր քաղաքական  ղեկավարներուն, որ անմիջապէս յայտարարեն, թէ պիտի յետաձգեն բոլոր բանակցութիւնները մինչեւ այն պահը, երբ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա դադրեցնեն կրակը Հայաստանի եւ Արցախի ուղղութեամբ: Ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղ բանակցութիւններ վարել, երբ միւս կողմը զէնքը  կը պահէ գլխուդ։ Հայաստան պէտք է յայտարարէ աշխարհին, որ մենք կողմ ենք խաղաղ բանակցութիւններուն, սակայն անընդունելի է, որ Ատրպէյճան շարունակէ կրակել ենթադրեալ բանակցութիւններու ընթացքին։ Ի՞նչ բանակցութիւն կրնայ ըլլալ: Կարելի է կա՛մ կռուիլ, կա՛մ խօսիլ, բայց ոչ՝ երկուքը միասին։ Եթէ  բանակցութիւնները  ընդհատուին,  Ատրպէյճան  պարտուողը  կ՛ըլլայ, քանի որ այդ միակ ճանապարհն է, որով ան յոյս ունի հասնելու փոխ զիջումներու: Ատրպէյճանին ձեռնտու է դադրեցնել կրակոցները եւ սկսիլ բանակցութիւնները: Միջազգային հանրութիւնը միայն Ատրպէյճանը կը մեղադրէ խաղաղ բանակցութիւնները տապալելու մէջ: Այսպիսի ողջմիտ պայման չդնելով բանակցութիւններու համար՝ Հայաստան փաստօրէն կը խրախուսէ Ատրպէյճանը շարունակելու կրակել Հայաստանի եւ Արցախի ուղղութեամբ՝ խլելով բազմաթիւ հայ երիտասարդներու կեանքեր: Այլեւս ոչ մէկ բանակցութիւն, այնքան ատեն որ Ատրպէյճան չէ դադրեցուցած իր շարունակական գրոհները:
 
Յաջորդ առաջարկս՝ երբեք պէտք չէ թշնամիին յայտնել, թէ ո՛ւր պիտի յարձակինք կամ պիտի չյարձակինք: Այն բանէն ետք, երբ անցեալ Յուլիսին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու խօսնակը սպառնաց, որ Ատրպէյճան կրնայ գրոհել հայկական աթոմակայանին վրայ, ես յուսախաբ եղայ՝ լսելով Հայաստանի  մէկ պաշտօնեային  յայտարարութիւնը, որ Հայաստան երբեք չի յարձակիր Ատրպէյճանի քաղաքացիական  թիրախներուն  վրայ: Պէտք չէր նման յայտարարութիւն ընել: Թող թշնամի՛ն կռահէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէք կամ պիտի չընէք  պատերազմի պարագային: Եթէ Հայաստան կը կարծէր, որ այսպիսի յայտարարութիւն մը ընելով կ՛արժանանայ միջազգային հանրութեան գովասանքին, ապա չարաչար կը սխալի: Պատերազմը «բարի տղայ» խաղալու  ժամանակը չէ: Աշխարհը կը յարգէ միայն ուժը: Իրաւունքներն ու լաւ վարքը հաշուի չեն առնուիր: Թող ատրպէյճանցիները մտահոգուին, որ Հայաստան կրնայ յարձակիլ իրենց ամբարտակներուն, խողովակաշարերուն, նաւթահանքերուն եւ խաղաղ բնակչութեան վրայ: Մենք պէտք չէ յայտարարենք՝ կրնա՞նք յարձակիլ այսպիսի թիրախներու վրայ, թէ ոչ: Այս շաբաթ Ատրպէյճան չվարանեցաւ յարձակելու Ստեփանակերտի վրայ, մենք ինչո՞ւ պէտք է յայտարարենք, որ շահագրգռուած չենք պատասխան գործողութիւններ ընելու ատրպէյճանական նմանատիպ թիրախներու վրայ:
 
Վերջապէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւնը «սեղանի վրայ է եւ վերանայման կարիք ունի»: Ասիկա ողջունելի յայտարարութիւն է: Անցեալ տարի Փաշինեան արդէն յայտարարած էր Ստեփանակերտի մէջ, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»։ Հայաստանի նախորդ կառավարութիւնն ալ յայտարարած էր, որ եթէ Ատրպէյճան յարձակի Արցախի վրայ, Հայաստան կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Ժամանակն է, որ Հայաստան  նման  որոշում մը կայացնէ, ինչ որ պատշաճ պատասխան կ՛ըլլայ թուրք-ատրպէյճանական յարձակման, Արցախի վրայ։
 
Աշխարհի բոլոր հայերուն կոչ կ՛ուղղեմ միանալու եւ կարելի բոլոր միջոցներով պաշտպանելու Հայրենիքը՝ ընդդէմ իրենց թշնամիներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ