Յարութ Սասունեան.Ատրպէյճան Ամէն Բան Կը Չարաշահէ Քարոզչութեան Համար՝ Ներառեալ Արուեստը


Յարութ Սասունեան.Ատրպէյճան Ամէն Բան Կը Չարաշահէ Քարոզչութեան Համար՝ Ներառեալ Արուեստը

  • 27-01-2021 11:48:57   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ Calvert Journal հրապարակեց Լուչիա Տէ Լա Թորէի յօդուածը՝ «Ալիեւի ազդեցութիւնը. ինչպէս նեփոթիզմը  (ընտանեվարութիւնը)  եւ ինքնագրաքննութիւնը կը  կառավարեն Ատրպէյճանի արուեստը» խորագրով։
2 Հոկտեմբեր 2020ին՝ Արցախի պատերազմի մեկնարկէն քանի մը օր անց, Ատրպէյճանի մեծաչափ դրօշը տեղադրուեցաւ Պաքուի YARAT ժամանակակից արուեստի պատկերասրահի ճակատամասին՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» հսկայական պատգամով։
 
Ասիկա ընդունելի չէր Թուրքիա ծնած, ծագումով քիւրտ նկարիչ Ահմետ Օկութի համար, որուն «Ոչ մէկ բանաստեղծութիւն կը սիրէ իր բանաստեղծը» անունով ցուցահանդէսը Մայիս 2020էն սկսեալ կը ցուցադրուէր նոյն պատկերասրահի մէջ: Ի տես այս դրօշին, Օկութ խնդրեց հանել քարոզչական պաստառը եւ համարձակօրէն յայտարարեց՝ «Ես կը մերժեմ թոյլ տալ, որ աշխատանքս քաղաքական գործիքաւորման զոհ դառնայ»:
 
Պատկերասրահի տնօրէնութիւնը մերժեց հեռացնել դրօշը եւ փակեց Օկութի ցուցահանդէսը 29 Հոկտեմբեր 2020ին՝ նախատեսուածէն երեք շաբաթ առաջ:
 
Ըստ Calvert Journalի յօդուածին՝ «Ասիկա օրինակներէն մէկն է, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի ակնյայտօրէն ծաղկող արուեստը կը թաքցնէ աւելի մութ բան մը՝ խորապէս ընտանեվարական միջավայր, որ սովորաբար կը ճնշէ այլախոհ ձայները՝ ստեղծելով  Ատրպէյճանի` որպէս ազատ եւ արուեստասէր ժողովուրդի միջազգային կերպար»:
 
Օկութի նման արուեստագէտներ, որոնք կը մերժեն աջակցիլ Ատրպէյճանի քաղաքական քարոզչութեան, արագօրէն կը վռնտուին եւ կը կորսնցնեն ստեղծագործական բոլոր արտօնութիւնները:
 
Ամբողջ աշխարհի մէջ նկարիչները անհանգստացած էին՝ Ատրպէյճանի կողմէ լիազօրութիւններու չարաշահման պատճառով  նկարիչի իրաւունքներու եւ անկախութեան ոտնահարման համար։ Սակայն, ասիկա զարմանալի չէր թուեր անոնց, որոնք հետեւած էին երկրի բռնապետ ղեկավարին կողմէ կատարուած բազմաթիւ այլ խախտումներու։ «Իլհամ Ալիեւի եւ փոխ նախագահ ու առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի կողմէ ղեկավարուող Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բազմիցս քննադատուած է իրաւապաշտպան խումբերու կողմէ, շարունակական գրաքննութեան, մարդկային իրաւունքներու վատ ցուցանիշներու եւ շատ տարածուած կաշառակերութեան համար: Եւ, հարեւան բռնապետական վարչակարգերէն շատերու նման, յայտնի է, որ նախագահի ընտանիքին անդամները, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր, կը տիրապետեն երկրի առեւտուրին՝ վաստակելով միլիոնաւոր տոլարներ եւ Ալիեւին տեղ ապահովելով աշխարհի քարիւղային ամէնէն հարուստ միլառատէրերու ցանկին մէջ», կը գրէ Calvert Journal:
 
YARAT պատկերասրահը հիմնադրած է նկարչուհի, համադրող, եւ փոխ նախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի զարմուհի Աիտա Մահմուտովա: Պաքուի «Մարիոթ» պանդոկը, որ ըստ «Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան մասին լուսաբանման նախագիծի» լրագրողներու, ենթադրաբար կապուած է Ալիեւի դուստրեր Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաներու հետ, YARATի հիմնական գործընկերներէն մէկն է», կը գրէ նոյն աղբիւրը:
 
 «Մահմուտովա նաեւ Ատրպէյճանի ժամանակակից արուեստի պատկերասրահներէն մէկուն՝ Պաքուի ժամանակակից արուեստի թանգարանի (MoMa) տնօրէնն է: 2009ին, Մեհրիպան Ալիեւա հիմնադրած է թանգարանը, որ նիթապէս կը հովանաւորուի Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին կողմէ (որուն նախագահն է Մեհրիպան Ալիեւա, իսկ փոխ նախագահը`Լէյլա Ալիեւա), որ բարեգործական կազմակերպութիւն է եւ ստեղծուած է ի յիշատակ Ատրպէյճանի նախկին նախագահի՝ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի հօր: Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի մշակութային աստղային մէկ այլ վայր է Հէյտար Ալիեւի կեդրոնը: Հէյտար Ալիեւի կեդրոնի ներկայ տնօրէնը Անար Ալաքպարովն է՝ Ատրպէյճանի փոխ նախագահի նախկին օգնականը եւ նախագահի ներկայ օգնականը», կը նշէ Calvert Journal:
 
Պաքուն ունի քանի մը այլ փոքր պատկերասրահներ, որոնք կը վերահսկուին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ: ««Աղջկայ աշտարակ» պատկերասրահը Պաքուի մէջ արուեստի վայր մըն է, որուն մասնաճիւղը Պերլինի մէջ կը ղեկավարէ Էմին Մամետով, որ նաեւ կ՛աշխատի որպէս Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամի արուեստի համադրող: «Ատրպէյճանի ժամանակակից արուեստը» շրջիկ ցուցահանդէս մըն է, որուն կ՛աջակցի Հէյտար Ալիեւի կեդրոնը, անիկա շրջած է եւրոպական մայրաքաղաքներով, ուր Մեհրիպան եւ Լէյլա Ալիեւա կազմակերպած են ճոխ ու հանդիսաւոր բացումներ՝ եւրոպական կառավարութեան պաշտօնեաներու եւ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ: Նոյեմբեր 2020ին, պատկերասրահը բացաւ «Զինուած արուեստով» ցուցահանդէսը, որ ենթադրաբար նպատակ ունէր նպաստելու խաղաղութեան, Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն ետք, մինչդեռ YARATի նման, անիկա եւս բացայայտօրէն կ՛աջակցէր Ատրպէյճանի կառավարութեան դիրքորոշման եւ կ՛օգտագործէր քաղաքականապէս յագեցած ռազմատենչ լեզու։ Kicik QalArt պատկերասրահը Art ex East հիմնադրամի նախագիծն է եւ մայրաքաղաքին մէջ փոքր տարողութեամբ ուրիշ կարեւոր վայր մը, որ թէեւ այժմ փակ է, պատկանած է արուեստի  գործեր հաւաքող  եւ տնտեսագէտ, զուիցերիացի Օլիվիէ Մեսթելանի: Նախապէս Մեսթելան «Աթահոլտինկ» բաց բաժնետիրական ընկերութեան խորհուրդի կազմին մէջ էր, զոր կը ղեկավարէր «Աթապանք»՝ Ատրպէյճանի առեւտրային մեծագոյն դրամատուներէն մէկը, որ այժմ սնանկացած է եւ կը պատկանի «Աւանդներու ապահովագրութեան ֆոնտին» (ADIF): Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան կողմէ 2011ին իրականացուած քննութեան, կը նկատուէր նաեւ, որ Մեսթելան գանձապահն էր Փանամայի մէջ տեղակայուած երեք ստուերային ընկերութիւններու, որոնք կապուած էին «Ազերֆոն» Պաքուի հեռահար հաղորդակցական ընկերութեան հետ, որ կապեր ունէր Արզու եւ Լէյլա Ալիեւաներու հետ»,  կ՛աւելցնէ Calvert Journal:
Արաբական ծոցի եւ Կասպից ծովու տարածաշրջանին մէջ ժամանակակից արուեստի զարգացումը ուսումնասիրող մասնագէտ Լեսլի Կրէյ բացատրած է, որ Ատրպէյճան եւ այլ երկիրներ որպէս գործիք կ՛օգտագործեն ժամանակակից արուեստը՝ իրենց միջազգային վարկանիշը վերափոխելու համար:
 
Ատրպէյճանի ղեկավարները հետաքրքրուած չեն արուեստով՝ յանուն արուեստի: «Անոնք յոյս ունին արուեստը օգտագործել որպէս գործիք՝ միջազգային ուշադրութիւնը այլ բաներու վրայ կեդրոնացնելու համար, զայն շեղելով բանտարկուած լրագրողներու եւ ազատ խօսքի դէմ եղած ճնշումներէն», կը հաստատէ նոյն թերթը։
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նաեւ օգտագործած է իր ներդրումները ամբողջ աշխարհի  ժամանակակից արուեստին մէջ՝ իր ուժը ներկայացնելու եւ բարի կամք հաստատելու համար։ «Մեհրիպան Ալիեւա, Հէյտար Ալիեւի Հիմնադրամի միջոցով առատաձեռն գումարներ նուիրած է մշակութային այնպիսի հաստատութիւններու, ինչպիսիք են Վերսալեան պալատը, Փարիզի Լուվրը եւ Վատիկանի թանգարանները, այլեւ 1995ին ստեղծուած անոր հանրային բարեգործական «Ատրպէյճանի մշակոյթի բարեկամներ» հիմնադրամը պարբերաբար կը կազմակերպէ գեղարուեստական ցուցահանդէսներ երկրէն դուրս», կը տեղեկացնէ Calvert Journal:
 
Արդիւնքը այն եղաւ, որ «2004ին Մեհրիպան Ալիեւա նշանակուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի բարի կամքի դեսպան, որ պարգեւ մըն էր միջազգային մշակութային փոխանակումը խթանելու անոր գործունէութեան համար: Աւելի ուշ՝ 2010ին, Ալիեւա ԵՈՒՆԵՍՔՕէն ոսկէ մետալ ստացաւ «միջ-մշակութային երկխօսութիւն հաստատելու գործին մէջ» իր գործադրած ջանքերուն համար: Տարիներու ընթացքին Ատրպէյճան յատկապէս բարենպաստ յարաբերութիւններ ունեցած է ՄԱԿի այդ մարմնին հետ. Հոկտեմբեր 2015ին, Մեհրիպան Ալիեւայի խնդրագրով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ Փարիզի իր կենդրոնատեղիին մէջ հիւրընկալեց ցուցահանդէս մը, որ որքան ալ հեգնական թուի, կը կոչուէր «Ատրպէյճան՝ հանդուրժողականութեան երկիր»: Բացման արարողութեան ընթացքին, երբ  լրագրող մը Ալիեւայի հարցուց, թէ արդեօք ցուցահանդէսին վերնագիրը կը համապատասխանէ՞ Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրականութեան, հաշուի առնելով, որ երկիրը «շատ քաղաքական բանտարկեալներ ունի բանտը», Ալիեւա հերքեց ըսուածը եւ կռնակ դարձուց, մինչ ապահովութեան պաշտօնեաները վայրէն հեռացուցին լրագրողը: Յարաբերութիւնները յատկապէս բարեյաջող էին Մեհրիպան Ալիեւայի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոքովայի միջեւ, 2009էն 2017 թուականներուն։ Անոնց յարաբերութիւնները քննութեան ենթարկուեցան 2017ին, երբ Պոքովայի ամուսինը` Կալին Միթրեւ, քննութեան ենթարկուեցաւ Պուլկարիոյ գլխաւոր դատախազին կողմէ` ատրպէյճանական ընկերութիւններու կողմէ Միթրեւի [դրամատնային] հաշիւներուն կատարուած վճարումներուն մասին լրատուական միջոցներու կողմէ կատարուած հրապարակումներուն առիթով: Այս դէպքէն ետք Պոքովա նամակ գրեց «Կարտիան» թերթին՝ պաշտպանելով Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն արդարացիութիւնը, սակայն երբեք բացայայտօրէն չխօսեցաւ իր ամուսնոյն ստացած գումարներու կամ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման հարցով իր դիրքորոշման մասին», կը բացատրէ Calvert Journal:
 
Այսուամենայնիւ, Ատրպէյճանի կողմէ արուեստի խայտառակ օգտագործումը բացայայտուեցաւ 2011ին, երբ «Ատրպէյճան գրաքննեց իր իսկ արուեստի գործը Վենետիկի Պիենալէ՝ աշխարհի ժամանակակից արուեստի ամէնէն հեղինակաւոր ցուցահանդէս՝ կտաւի  տակ պահելով իր սեփական նկարիչներէն մէկուն աշխատանքը։ Մոսկուաբնակ նկարչուհի Այտան Սալախովայի «Սպասելով հարսին» աշխատանքը, ուր կ՛երեւէր կին մը՝ ոտքէն գլուխ սեւ քողով, եւ ուրիշ քանդակ մը, որով կը ներկայացուէր Մեքքէյի Սեւ քարը՝ արգանդի նմանող մարմարէ շրջանակի մը մէջ ամփոփուած, պահուած էին սպիտակ կտորի մը տակ: Հետագային, (Ատրպէյճանի) կառավարութիւնը պնդեց, որ արուեստի այս գործերը «վնասուած էին տեղափոխման ընթացքին», մինչդեռ ցուցահանդէսի բարձրաստիճան աղբիւրները պարզաբանեցին, որ աշխատանքները գրաքննութեան ենթարկուած են՝  վիրաւորական նկատուելով իսլամութեան համար», կ՛ըսէ Calvert Journal:
 
Ատրպէյճանի կողմէ արուեստի  չարաշահման  հարցով ոչինչ զարմանալի է։ Կառավարութիւն մը, որուն զինուորները կը կտրեն գերեվարուած հայերու գլուխներն ու ականջները, կրնայ դիւրաւ շահագործել արուեստը՝ քողարկելու համար կաշառակերութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ