Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ՝ Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին


Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ՝ Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին

  • 04-05-2022 10:48:59   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
29 Ապրիլ 2022-ին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հրաւիրած էր միջազգային համաժողով՝ «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագրով, որուն մասնակցած են 23 երկիրներէ 40 պաշտօնատարներ։ Համաժողովը տեւած է աւելի քան երեք ժամ: Ալիեւի ներածական կարճ խօսքին յաջորդած են երկարաշունչ պատասխաններ՝ տրուած օտարերկրեայ շողոքորթող հիւրերու տասնեակ հարցումներուն։
 
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախկին փոխ արտաքին գործոց նախարար, համաժողովը հիւրընկալող  ADA  (Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիա) համալսարանի տնօրէն Հաֆիզ Փաշաեւ։ Ան ըսած է, որ համաժողովը «նուիրուած է Մեծ Յաղթանակին եւ ատրպէյճանական հողերու ազատագրման»։ Համաժողովին նախորդ օրը մասնակիցները շրջագայութեան տարուած են դէպի Ֆիզուլի եւ Շուշի։ Փաշաեւը ըսած է. «Մեր հիւրերը կարողացան տեսնել նաեւ հայկական բռնագրաւումէն մնացած բարբարոսական աւերածութիւններու որոշ հատուածներ»։
 
Ալիեւ իր ելոյթին մէջ նշած է, որ 2020-ի պատերազմի «յանձնատուութենէն» ետք, Հայաստան վերջերս ընդունած է «Ատրպէյճանի կողմէ առաջ քաշուած խաղաղութեան հինգ հիմնական սկզբունքները»։ Ան ըսած է, որ Ատրպէյճան կորսնցուցած էր խաղաղութեան կարելիութիւնը «երեսուն տարիով՝ անջատողականութեան եւ հայկական  բռնարարքներու պատճառով…: Անձամբ ես, երբեք չեմ մոռնար վայրագութիւններն ու բարբարոսութիւնը»։
 
Ալիեւ կոչ ըրած է հայերուն՝ «վերջ դնել Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն իրենց տարածքային պահանջներուն…: Կարեւոր է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը եւ երկրի քաղաքական  շերտաւորումը լիովին հասկնան այդ եւ մէկանգամընդմիշտ դադրին վրէժխնդիր ըլլալէ…: Սա  անարդիւնաւէտ է, այլապէս Հայաստանի համար անիկա նախկինէն աւելի ցաւալի կ՛ըլլայ...:  Բացարձակապէս  անտրամաբանական  է տարածքային պահանջներ ներկայացնել Թուրքիոյ, որ ունի աշխարհի յառաջատար տնտեսութիւններէն եւ շատ քիչ գոյութիւն ունեցող յառաջատար բանակներէն մէկը»։ Հայերը պէտք է «հրաժարին բոլոր պատրանքներէն»։
Ալիեւ նոյնիսկ համարձակած է նախազգուշացնել հայերը՝ «դադրեցնել բանակը վերակառուցելու, հզօրանալու, հինգ միլիոն բնակչութիւն ունենալու բոլոր փորձերը, զորս անոնք յայտարարած են իբրեւ իրենց պետական ծրագիրը՝ աւելի ուշ իրենց տարածքները վերագրաւելու համար։ Ասով պաշտօնապէս կ՛աւարտի անոնց պետականութիւնը»։
 
Ալիեւ մեղադրած է Հայաստանը՝ «Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ մեր բոլոր քաղաքները, անոնց շարքին՝ Աղդամն ու Շուշան անուանափոխելու մէջ»։
 
Ալիեւ բացայայտած է, թէ ինչպէս Ատրպէյճան, 2020-ի պատերազմի ժամանակ արգելափակած է զէնքի մատակարարումը Հայաստանին. «Մենք բազմիցս հրապարակաւ ըսած ենք, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ զինամթերքը  կանոնաւոր կերպով, օրական քանի մը բեռնատար օդանաւներով անոնք Հայաստան տեղափոխած են Ռուսիայէն։ Մենք հետեւած ենք բոլոր երթուղիներուն՝ Ռոստովէն եւ Մոզտոքէն։ Մենք խնդրած ենք մեր վրացի բարեկամներէն՝ փակել օդային տարածքը, եւ անոնք ըրած են։ Նաեւ խնդրած ենք մեր վրացի բարեկամներէն՝ փակել Ռուսիայէն դէպի Վրաստան ցամաքային ճամբան, որով զինամթերք կը տեղափոխեն Հայաստան, եւ այդ նոյնպէս ըրած են, որուն համար շնորհակալ ենք։ Մենք նամակներ ուղարկած ենք Կասպից ծովու ափամերձ բոլոր երկիրներուն, որ թոյլ չտան ռուսական բեռնատար օդանաւները զէնք տեղափոխեն Հայաստան։ Նամակներ յղած ենք Ղազախիստան, Թուրքմենիստան եւ Իրան։ Բայց, ցաւօք, օդանաւները կ՛օգտագործէին այս երկիրներու տարածքները, Հայաստան մուտք գործելու համար»։
 
Ալիեւ նաեւ ծաղրած է Հայաստանն ու Սփիււռքը, որ կը մտածեն, թէ «ամբողջ աշխարհը պարտական է իրենց ամէն բանի մէջ, եւ թէ մէկը կու գայ կը պաշտպանէ զանոնք, ուրիշ մը կու գայ կը կռուի իրենց համար, այլ մը կու գայ դրամ եւ ամէն ինչ կու տայ իրենց, եւ իրենք կը նստին ու կը շահագործեն իրենց վիճայարոյց ու կասկածելի, այսպէս կոչուած  ողբերգութիւնը»։
 
Ալիեւ հայերը մեղադրեց յօգուտ Ատրպէյճանի կորսնցուցած տարածքները ականապատելու մէջ, պատերազմէն դուրս գալէն կարճ ժամանակ առաջ, եւ 10 Նոյեմբեր 2022-ին ստորագրած «յանձնատուութեան արարք»էն անմիջապէս ետք․ «Մենք իրենց 10-20 օր ժամանակ տուած էինք այդ տարածքներէն հեռանալու համար, 10 Նոյեմբերին ստորագրուած պայմանագրի հիման վրայ: Բայց անոնք այդ օգտագործեցին ականապատելու, իրենց չկառուցած, բայց բնակութիւն հաստատած տուները այրելու, ծառեր կտրելու եւ բնապահպանական այլ աղէտներ պատճառելու համար»: Ան ըսաւ, որ նոյն այս ժամանակամիջոցին հայերը «աւերած են 30 ջրաելեկտրակայան»։
 
Ալիեւ ստապատիր պնդած է, թէ Ատրպէյճան հանդուրժող, բազմամշակութային երկիր է։ Եւ որպէս օրինակ՝ նշած է Բաքուի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ գոյութեան մասին։ Եկեղեցւոյ մէջ «հինգ հազար հայերէն գիրք կայ», ըսած է ան՝ թաքցնելով, որ եկեղեցին արդէն իսկ կը գործէ ոչ թէ իբրեւ սրբատեղի, այլ՝ իբրեւ գրադարան: 
 
Ալիեւ իր հիւրերուն վստահեցուցած է, որ «Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը մենք կը համարենք մեր քաղաքացիները։ Յոյսով ենք, որ շուտով անոնք նոյնպէս կը հասկնան, որ ապրելով իբրեւ Ատրպէյճանի քաղաքացի՝ կ՛ունենան բոլոր իրաւունքները, եւ անոնց ապահովութիւնը պաշտպանուած կ՛ըլլայ: Ատրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, բազմազգ երկիր է։ Հոն ապրող բոլոր ցեղային խումբերը, անոնց շարքին՝ հայերը, կ՛ապրին խաղաղ ու արժանապատիւ։ Մենք հայկական փոքրամասնութիւն ունինք, եւ անոնք որեւէ խնդիր չեն ունեցած այդ առումով»։ Ալիեւ յոյս ունի, որ բոլորը մոռցած կ՛ըլլան Ատրպէյճանի մէջ հազարաւոր հայերու բազմիցս կրկնուող ջարդերու մասին։
 
Ալիեւ պնդած է, որ Ատրպէյճան արդէն «որոշ հաղորդագրութիւններ կը ստանայ Ղարաբաղի հայերէն՝ շատ դրական պատգամներ։ Մենք արդէն սկսած ենք քանի մը նախնական շփումներ, տարբեր մակարդակներով։ Չեմ ուզեր շատ մանրամասնութիւն տալ, բայց ըսեմ, որ այդ արդէն սկսած է, եւ ինքնին անգամ մը եւս ցոյց կու տայ մեր մտադրութիւնը։ Անոնք կրնան ըլլալ տնտեսական արագ զարգացման մէկ մասը, կրնան իրենք զիրենք շատ աւելի ապահով, պաշտպանուած եւ հանգիստ զգալ միասնական ատրպէյճանական պետութեան կազմին մէջ, բայց անոնք նախ պէտք է հրաժարին իրենց անջատողական միտումներէն եւ անջատողական նկրտումներէն»:
 
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յառաջիկայ բանակցութիւններուն, փոխադարձաբար իրենց սահմանները զատելու եւ գծելու համար, Ալիեւ պնդեց, որ կան քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան, որ Երեւանն ու Զանգեզուրը «եղած են Ատրպէյճանի մաս»:
 
Իր ելոյթի ընթացքին Ալիեւ հակադրուեցաւ Ռուսիոյ՝ պատասխանելով Ուքրանիոյ մասին հարցումին։ «Մենք կ՛աջակցինք Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան…:  Ամէնէն կարեւորը՝ երբեք պէտք չէ համաձայնիլ բռնագրաւման հետ», ըսաւ ան:
 
Ի վերջոյ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անարգելով Ալիեւ յիշեց, թէ ինչպէս ան ըսած է. ««Ղարաբաղը Հայաստան է»։ Հիմա ի՞նչ կ՛ըսեն։ Հիմա կ՛ըսեն՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»։ Իսկ ո՞վ կ՛ըսէ․ նոյն մարդիկը, որոնք 2019-ին կ՛ըսէին. «Ղարաբաղը Հայաստան է»։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Քաղաքական