Անցեալ շաբաթ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը հրապարակեց լրագրողներ Քրէկ Ուիթլաքի եւ Նէյթ Ճոնզի հետաքննական ծաւալուն յօդուածը՝ «Օդային ուժերը կը վախնային, որ հրամանատարներու արտասահմանեան խորհրդատուական աշխատանքները գայթակղութիւն կ՛առաջացնեն» վերնագրով: Յօդուածը բացայայտած է Ատրպէյճանի առաջարկը՝ վարձելու ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու երկու պաշտօնաթող հրամանատարները։ «Ուաշինկթըն Փոսթ» իրաւական մեծ պայքար մղած է ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու դէմ՝ բացայայտելու համար այս գայթակղեցուցիչ գործարքին թաքնուած մանրամասնութիւնները:
2016էն 2021, «Ուաշինկթըն Փոսթ» Տեղեկատութեան ազատութեան մասին օրէնքի չորս հայց ներկայացուցած է ԱՄՆ կառավարութեան՝ այս հարցով փաստաթուղթերու ձեռքբերման համար: Սակայն ռազմաօդային ուժերը կա՛մ չեն արձագանգած, կա՛մ ալ պնդած են, որ չեն գտներ որեւէ փաստաթուղթ։ Ի վերջոյ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» ստիպուած էր հայց ներկայացնել դատարան. արդիւնքը այն եղաւ, որ դատաւորը հրամայեց ռազմաօդային ուժերուն՝ հրապարակել 400 էջ հաշուող ներքին փաստաթուղթերը, որոնք կը բացայայտէին մանրամասնութիւններ՝ Ատրպէյճանի հետ այս երկու հրամանատարներուն ռազմական նախկին շփումներէն «շահ ապահովելու» փորձերուն եւ «Փենթակոնի կողմէ նման վարքագիծ մը վերահսկելու համար պայքարի» մասին, ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի։
«Ուաշինկթըն Փոսթ» գրած է, որ «Աֆղանիստանի մէջ պատերազմի ամէնէն բուռն շրջանին, ԱՄՆ ռազմական ղեկավարները հաւաքուած էին… Ատրպէյճանի մէջ՝ ողջագուրուելու համար նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ», որուն՝ Պաքուի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը կը համեմատէր մաֆիայի ղեկավար «Կնքահօր» հետ»: Թերթը աւելցուցած է. «Կաշառակերութիւնը ծաղկեցաւ Ալիեւներու օրով, ԿՀՎ-ն զայն բնութագրեց իբրեւ «համատարած», իսկ Պետական բաժանմունքը զայն կոչեց «համակարգային»: Այսուամենայնիւ, Փենթակոն համոզեց Ալիեւը՝ բանալու իր օդային տարածքը ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ռազմական մատակարարումներուն համար դէպի Աֆղանիստան։ «Փոխարէնը՝ ԱՄՆ պաշտօնեաները խոստացան դիւանագիտական աւելի սերտ համագործակցութիւն Ալիեւի հետ եւ 369 միլիոն տոլարի պաշտպանական պայմանագիրներ տրամադրեցին Silk Way օդանաւային թռիչքներու՝ ատրպէյճանական բեռնափոխադրողին, որ, ըստ ամերիկացի քննիչներու, կը վերահսկուէր կառավարութեան կողմէ»:
«ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու երկու հրամանատարներ՝ Տանքըն Մըքնապ եւ Ուիլեըմ Ֆրէյզըր 3-րդ, որոնք կը վերահսկէին մատակարարման ճամբորդութիւնները 2008էն 2014, թոշակի անցնելէ ետք, փորձած են շահ ապահովել ատրպէյճանական կողմի հետ ունեցած իրենց կապերով», կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»: Միացեալ Նահանգներու երթեւեկութեան հրամանատարութիւնը («Թրանսքոմ») «Մըքնապի պաշտօնավարման ընթացքին 2230 բեռնափոխադրումներ պատուիրած է Silk Way-ի, գումարած՝ 1117 թռիչքներ Ֆրէյզըրի ղեկավարութեան օրերուն՝ 369 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով»: Չորս աստղ ունեցող հրամանատարները, աշխուժ ծառայութենէն թոշակի անցնելէ ետք, խորհրդատուական արժէքաւոր գործարքներ կնքած են Silk Way թռիչքներուն հետ:
ԱՄՆ զինուած ուժերը սովորաբար կը հաստատեն նման աշխատանքներ թոշակի անցնելէ ետք, սակայն մերժած են հրամանատար Մըքնապի թոյլտուութիւնը, քանի որ լուրջ մտավախութիւններ ունէին, որ անիկա «ներուժային խայտառակութիւն է եւ վտանգաւոր կ՛ըլլայ ազգային ապահովութեան համար… վախնալով, որ խորհրդատուական աշխատանքները գայթակղութիւն կ՛առաջացնեն»՝ ըստ Ռազմաօդային ուժերու ներքին փաստաթուղթերու: Հրամանատար Մըքնապ մեծ ջանքեր գործադրած է՝ պայքարելու օդային ուժերու կողմէ իր աշխատանքի մերժման դէմ: Համաձայն 2015-ի յուշագիրին՝ հրամանատար Ֆրէյզըր նախազգուշացուցած է ԱՄՆ զինուած ուժերը, որ «եթէ ԱՄՆ կառավարութիւնը խանգարէ իր աշխատնքը Silk Way-ի համար, Միացեալ Նահանգներուն կը սպասէ Ատրպէյճանի «պատասխան հարուած»ը, եւ որ Ալիեւի կառավարութիւնը կրնայ իբրեւ փոխ վրէժ՝ նոյնիսկ արգելափակել ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի մատակարարման թռիչքները դէպի Աֆղանիստան»։
Ռազմաօդային ուժերու քաղաքացիական իրաւաբան Ֆիլիփ Տիվըրն իր առարկութեան մեջ գրած է՝ որովհետեւ ԱՄՆ Silk Way օդանաւային թռիչքներու ընկերութեան տրամադրած է 369 միլիոն տոլար, եւ որովհետեւ երկու հրամանատարները կառավարած են Ատրպէյճանով մատակարարման թռիչքները, կրնայ այնպէս թուիլ, թէ Մըքնապ եւ Ֆրէյզըր գիտէին, «որ ծառայութեան առաւելութիւնը՝ շահութաբեր խորհրդատուական պայմանագիրն է Silk Way-էն՝ թոշակի անցնելէ ետք»: Մըքնապ ըսած է, որ հինգ-վեց անգամ այցելած է Ատրպէյճան:
Մըքնապ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ին ըսած է, որ «անգամ մը ինք ընթրիքի հրաւիրած է Silk Way-ի ղեկավարը՝ Իլինոյի Սքաթ ռազմաօդային կայանի իր տան մէջ»։ Դեկտեմբեր 2011-ին, ռազմաօդային ուժերէն թոշակի անցնելէ ետք, «ան ըսաւ, որ Silk Way օդանաւային թռիչքներու պաշտօնեաները կապուած են հետը առեւտրական կարելի գործարքի մը համար: Silk Way փափաքած է արդիականացնել իր գործնական կառավարման կեդրոնը՝ Հէյտար Ալիեւի անուան Պաքուի միջազգային օդակայանը։
Ընկերութիւնը Յունիս 2013-ին Մըքնապը հրաւիրած է վերադառնալ Ատրպէյճան եւ առաջարկած է զինք աշխատանքի ընդունիլ իբրեւ խորհրդական»։ Նոյն ամսուն ան «ստեղծած է Ares Mobility Solutins խորհրդատուական ընկերութիւնը՝ համագործակցելով օդային ուժերու պաշտօնաթող գնդապետին եւ նաւատորմի պահեստի հրամանատարին հետ, որ աշխատած էր օդանաւային ընկերութեան ոլորտէն ներս: Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Ares պայմանագիր կնքած է Silk Way-ի հետ, որ ամսական վճարած է 10 հազար տոլար, գումարած՝ ծախսերը: Գործարքին համաձայն՝ Մըքնապ իւրաքանչիւր երեքէն հինգ ամիսը մէյ մը պէտք է մեկնէր Պաքու՝ քանի մը օր աշխատելու համար»:
2011-ին, «Թրանսքոմի» ռազմաօդային ուժերուն մէջ իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք, հրամանատար Ֆրէյզըր մեկնած է Պաքու եւ հանդիպած նախագահ Ալիեւի հետ. «Յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին Ֆրէյզըր հանդիպած է Ալիեւի՝ երկու անգամ Ատրպէյճանի եւ մէկ անգամ Նիւ Եորքի մէջ, ըստ Ատրպէյճանի կառավարութեան»:
Ապրիլ 2014-ին, ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանով այցելած է Իլինոյի Սքաթ ռազմաօդային կեդրոն՝ շրջելու «Թրանսքոմի» կեդրոնական կայանը: Ի մօտոյ թոշակի անցնող Ֆրէյզըրի ան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ «շատ հնարաւորութիւններ կան ապագայ ռազմական եւ առեւտրային համագործակցութեան համար», արձանագրուած է ԱՄՆ զինուած ուժերու մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:
Թոշակի անցնելէ ետք Ֆրէյզըր աշխատանքի առաջարկ ստացած է Silk Way Group-էն։ Ֆրէյզըր նախօրօք թոյլտուութիւն խնդրած է օդային ուժերէն՝ նշելով, որ «կ՛ըլլայ խորհրդական, որ կը տրամադրէ առարկայական մասնագիտութիւն» եւ «կ՛օգնէ զարգացնել գործարքային ապագայ հնարաւորութիւնները» օրական 5000 տոլար վարձատրութեամբ: Սակայն ռազմաօդային ուժերը մերժած են անոր խնդրանքը։ Ֆրէյզըր ներկայացուցած է երկրորդ դիմումը, որ նոյնպէս մերժուած է: «Ֆրէյզըր իր դիմումին մէջ չէ նշած, որ իր որդին՝ Ուիլեըմ Ֆրէյզըր 4-րդ, նոյնպէս աշխատած է Ատրպէյճանի թռիչքի գործին մէջ», գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»։ Անոր որդին՝ «ԱՄՆ ծովային ուժերու նախկին քսանապետ (sergeant), երկու տարի առաջ աշխատանքի անցած է իբրեւ «Ատրպէյճանական թռիչքներ» պետական օդանաւափոխադրողի նախագահի օգնական՝ իբրեւ հանրային կապերու եւ ռազմավարական հաղորդակցութեան մասնագէտ»:
ԱՄՆ դաշնակցային օրէնքը կը պահանջէ, որ զինուորական անձնակազմը, որ ծառայած է առնուազն 20 տարի, թոյլտուութիւն ստանայ նախքան որեւէ արժէքաւոր բան ընդունիլը օտար կառավարութենէ կամ օտար կառավարութիւններու կողմէ վերահսկուող ընկերութիւններէ: Երբ ռազմաօդային ուժերը պարզեցին, որ Մըքնապ նախապէս թոյլտուութիւն չէ խնդրած Ատրպէյճանի մէջ իր աշխատանքին համար, անոր հետագայ դիմումը մերժուեցաւ: Անոր ըսած են, որ խախտած է ԱՄՆ օրէնքը։
«Օրէնքը խախտելու համար քրէական պատիժ չկայ, բայց զինուած ուժերը կրնան պահել կենսաթոշակային վճարումները անոնցմէ, որոնք այդպէս կը վարուին: Մըքնապ հաստատած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նուազեցուցած է իր կենսաթոշակը, սակայն մերժած է ըսել, թէ որքան», գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան