Ատրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին՝ Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը. Յարութ Սասունեան
25-01-2023 12:34:26 | Հայաստան | Քաղաքական
Արցախի մէջ 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար կը մղեն զերոյէն ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, առանց ջերմութեան, սնունդի եւ դեղորայքի՝ բնապահպաններ ձեւացող էքօ-ահաբեկիչներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն, Ատրպէյճան պիտի չխուսափի մարդկային իրաւունքներու կապուած լուրջ խախտումներէն, առանց բարձր գին վճարելու։
Ատրպէյճան ծաղրի առարկայ դարձած է ամբողջ աշխարհին։ Գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները, բացի Էրտողանի բռնապետութենէն, դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի անմարդկային շրջափակումը։
Միջազգային կազմակերպութիւնները, օրինակ՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Եւրոպական խորհրդարանը, Եւրոպայի խորհուրդը, Եւրոպական միութիւնը եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, քննադատած են Ատրպէյճանի կառավարութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը շրջափակելուն համար։
Աշխարհի հազարաւոր թերթեր եւ հեռատեսիլային ընկերութիւններ խիստ յարձակման ենթարկած են Ատրպէյճանը։
Քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ, յայտնի անձնաւորութիւններ եւ խորհրդարաններ կոչ ըրած են Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը։
Այսպիսով, միլիառաւոր այն տոլարները, զորս Ատրպէյճան իբրեւ կաշառք վճարած է Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, որպէսզի ստանայ դրական գնահատանք, վատնուած է:
Միջազգային իրաւունքի անթիւ խախտումներէ ետք, բոլորը տեղեկացած են Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակարգի մասին։
Այսուհետեւ, ոչ մէկ երկիր պիտի յորդորէ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ, հաշուի առնելով վերջինիս ցեղասպանական գործողութիւնները։ Բացի ժողովուրդին բացայայտ սպաննութենէն, ՄԱԿ Ցեղասպանութիւնը կը սահմանէ նաեւ իբրեւ «կենսապայմաններու միտումնաւոր ստեղծում խումբի մը, անոր ֆիզիքական ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման համար»։
Որեւէ հակամարտութեան մը երկու կողմերը պէտք է որ ձգտին խաղաղութեան։ Երբ Ատրպէյճան վճռած է կործանել Արցախն ու Հայաստանը, ինչպէ՞ս կրնայ մէկը ակնկալել խաղաղ համակեցութիւն, այսպիսի մարդասպան դրացիի մը հետ:
Նախագահ Ալիեւ վարկաբեկեց իր իսկ պնդումը, որ արցախահայերը կրնան երջանիկ ապրիլ ատրպէյճանական իշխանութեան տակ, ինչպէս Ատրպէյճանի միւս բոլոր քաղաքացիները։ Քանի որ ատրպէյճանցիները իրենք իսկ զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն, ինչպէ՞ս կրնայ արցախահայութիւնը օգտուիլ որեւէ իրաւունքէ։ Արցախահայերուն համար անկարելի է ապրիլ Ատրպէյճանի մէջ, որուն իշխանութիւնը սովի կը մատնէ իր «ապագայ» քաղաքացիները։
Ալիեւ չի թաքցներ իր նենգ մտադրութիւնը։ Ան պարբերաբար հայատեաց յայտարարութիւններ կ՛ընէ՝ պնդելով, որ Արցախէն բացի, ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատմական Ատրպէյճան է։ Ի հարկէ, ասիկա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, քանի որ Հայաստան գոյութիւն ունի հազարաւոր տարիներէ ի վեր, իսկ Ատրպէյճան հազիւ հարիւր տարեկանը անց պետութիւն է:
Ատրպէյճանցի կեղծ բնապահպանները երբեք չեն բողոքած սեփական երկրի մէջ օդի խիստ ապականութեան դէմ։ Անոնք նաեւ անտեսեցին ատրպէյճանական զինուժի կողմէ միջազգայնօրէն արգիլուած սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ. բան մը, որ Արցախի մէջ ոչնչացուց անտառներ, մարդիկ եւ այլ արարածներ:
Այսպէս կոչուած՝ ատրպէյճանցի ցուցարարներէն շատեր, որոնք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը, ատրպէյճանցի զինուորականներ են: Ոչ մէկ ատրպէյճանցի իրաւունք ունի մուտք գործելու Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, առանց Ատրպէյճանի կառավարութեան թոյլտուութեան։ Յատկապէս ծիծաղելի է ատրպէյճանցի կին ցուցարարը, որ ջրաքիսի վերարկու հագած, կը ներկայանար իբրեւ բնապահպան...
Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէր հերքել, որ ատրպէյճանցիները շրջափակած են Լաչինի միջանցքը՝ ցուցադրելով տեսագրութիւնները Միջազգային Կարմիր Խաչի քանի մը մեքենաներու եւ ռուս խաղաղապահներու բեռնատարներու, որոնք կ՛անցնին միջանցքով։ Պաշարներու այն փոքր քանակութիւնը, զոր կը թոյլատրուի բերել Արցախ, չնչին տոկոսը կը կազմէ՝ նախապէս, Հայաստանէն Արցախ օրական դրութեամբ առաքուող 400 թոննոց պաշարներուն բաղդատած։
Արցախի անփորձ ղեկավարները թոյլ տուին աններելի սխալներ՝ վնասելով իրենց սեփական շահերուն։ Արցախի կառավարութիւնը անխոհեմ որոշում կայացուց փակելով իր հանքերը՝ ի պատասխան զանոնք ստուգելու ատրպէյճանական պահանջներուն։ Այսպիսով, Արցախի կառավարութիւնը զրկուեցաւ այս հանքերէն ստացած հարկային մեծ եկամուտներէն եւ արցախցի հարիւրաւոր հանքագործները ձգեց առանց աշխատանքի ու եկամուտներու։ Աւելին, փոխանակ Ատրպէյճանին ըսելու, որ իրենք գործ չունին Արցախի հանքերուն հետ, Արցախի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ թոյլ կու տայ միջազգային տեսուչներուն՝ գալ եւ ստուգել հանքերը։
Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը թոյլ տուած միւս սխալը՝ անոր յայտարարութիւնն էր, թէ հայ աւազակները դրամ կը շահին՝ օգտագործելով Լաչինի միջանցքը շրջանցող կողմնակի ճամբաները՝ մաքսանենգութեամբ մարդիկ եւ ապրանքներ տեղափոխելու համար Արցախ եւ հոնկէ դուրս բերելու համար։ Այս անտեղի յայտարարութիւնը անմիջապէս տարածուեցաւ ատրպէյճանական լրատուական միջոցներով, որոնք հրապարակեցին Արցախ հասնելու այլընտրանքային երթուղիին քարտէսը՝ սպառնալով ռմբակոծել այդ ճամբան եւ աշխարհին ըսելով, թէ Արցախի շրջափակում չկայ։
Բացի Ատրպէյճանէն, Լաչինի միջանցքի շրջափակման համար մեղաւոր է նաեւ Ռուսիան, քանի որ պատասխանատուն ի՛նքն է միջանցքը բաց պահելու, ըստ 2020-ի պատերազմի աւարտին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ստորագրած համաձայնագիրին։ Ռուս խաղաղապահները պէտք չէ թոյլ տային, որ ատրպէյճանական խուժանը հասնէր միջանցք, ո՜ւր մնաց որ փակէր զայն։ Աւելին, 120 հազար արցախահայերը դանդաղ սովամահ ըլլալու փոխարէն, պէտք է որ բռնի ուժով հեռացնէին ատրպէյճանական ամբոխը եւ բանային միջանցքը։
Շրջափակման պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի Հայաստանի իշխանութիւնը։ Արցախի ղեկավարներուն ըսելով այն, որ իրենց վէճը լուծելու համար թող ուղղակիօրէն գործ ունենան Ատրպէյճանի հետ, Հայաստանի ղեկավարները լուացած են իրենց ձեռքերը Արցախէն՝ ատրպէյճանական հզօր թշնամին դիմակայելու մէջ Արցախը ձգելով միսմինակ, թէեւ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ ինքն է Արցախի ապահովութեան երաշխաւորը։
Ի վերջոյ, սփիւռքահայ համայնքները խաղաղ ցոյցեր ընելու փոխարէն, պէտք է շրջապատեն Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւններն ու դեսպանատուները ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ թոյլ չտալով ատրպէյճանցիներուն՝ ելեւմուտք ունենալ այդ շէնքերը, ինչպէս որ իրենք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը։