Արցախի առասպելներու հիման վրայ գերմանահայ մանկագիրը գրած է ժամանակակից մանկական արկածային վիպակ


Արցախի առասպելներու հիման վրայ գերմանահայ մանկագիրը գրած է ժամանակակից մանկական արկածային վիպակ

  • 12-04-2011 19:10:26   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Գերմանահայ մանկագիր Մարինա Լոոզէն Արցախի Աւետարանոց գիւղի առասպելներու հիման վրայ գրած է ժամանակակից մանկական արկածային վիպակ մը։ »Իսահակն ու հին ամրոցի բաւիղները« խորագրեալ վիպակը գրուած է Գերմանիոյ մէջ, ռուսերէն լեզուով, սակայն գրքի հեղինակի որոշումով նախ հրատարակուած է հայերէնով ու բաժնուած հայ մանուկներուն։ »Իմ մեծ փափաքս էր որ այս գիրքը նա՛խ հայ մանուկները կարդան եւ ատոր համար է որ գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը կատարեցինք։ Պիտի փափաքէի որ հայոց աշխարհի հրաշք անկիւնի՝ Արցախի Աւետարանոց գիւղի մասին կարդան նաեւ ռուսերէնով, անգլերէնով ու գերմաներէնով«, ըսաւ հեղինակը։ Համագործակցելով »Արեւիկ« հրատարակչատան հետ, Մարիա Լոոզէն իր անձնական միջոցներով լոյս ընծայած է գրքի առաջին 500 օրինակները։ Այս պատկերազարդ գունագեղ հրատարակութեան մեծ մասը արդէն Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան, Արցախի Վարչապետի, Շուշիի քաղաքապետի եւ մանկական գրադարաններու ու դպրոցներու միջոցաւ բաժնուած է հայ մանուկներուն։ Գրքի հերոսը՝ վեցամեայ Իսահակ, հետաքրքրասէր եւ խելացի մանուկ մըն է եւ իր երեւակայութեան մէջ կը ճամբորդէ դէպի անցեալ ու ապագայ՝ հայոց տառերու օգնութեամբ, քանի որ տառերը այն ոտնահետքերն են, զորս մարդ կը թողու իր կեանքի ընթացքին։ Ըստ հեղինակին, ասիկա մանկական գիրք մըն է, բայց մեծերու ուղղեալ լուրջ ուղերձ մը կայ։ »Հոն կը խօսուի մեծմայրերու եւ մեծհայրերու թոռներու հետ ունեցած կապի մասին, քանի որ մեծմայրերն ու մեծհայրերը այնպիսի ջերմութիւն մը կը թողուն թոռներու վրայ, զոր ուրիշ կերպ կարելի չէ ստանալ ամբողջ կեանքի ընթացքին«, ըսաւ գերմանահայ մանկագիրը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը