Հակառակ Իր Հերքումներուն՝ Ալիեւ Վրդոված Է Ատրպէյճանի Միջազգային Քննադատութենէն


Հակառակ Իր Հերքումներուն՝ Ալիեւ Վրդոված Է Ատրպէյճանի Միջազգային Քննադատութենէն

  • 21-02-2024 13:35:38   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաճախ կը յայտարարէ, որ կ՛անտեսէ միջազգային բոլոր քննադատութիւնները՝ կապուած իր քաղաքացիներուն իրաւունքներու խախտումներուն, իր զինուորներուն կողմէ ռազմական յանցագործութիւններուն եւ արցախահայերի ցեղային զտումներուն: Ալիեւ կը փորձէ կոծկել այդ խախտումներն ու յանցագործութիւնները «խաւիարային դիւանագիտութեան» միջոցով՝ միլիառաւոր տոլարներու կաշառք տրամադրելով եւրոպացի զանազան պաշտօնեաներու։
 
Ամէն անգամ, որ Ատրպէյճան խնդիր ունենայ օտար երկրի, եւրոպական կառոյցներու կամ միջազգային դատարաններու հետ, ան ինքնագոհ դէմքով այնպիսի կեցուածք կ՛ընդունի, որ կարծես ոչինչ պատահած է։ Յաճախ կ՛ըսէ. «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ով ի՛նչ կ՛ըսէ, ես պիտի ընեմ այն, ինչ կ՛ուզեմ»:
 
Կը փափաքէի մէջբերել թարմ օրինակ մը, երբ Ալիեւ խիստ անհանգստացած ըլլալով հանդերձ նման հարցերով, անտեսելու փոխարէն՝ անսովոր ջանքեր գործադրած է զանոնք լուծելու համար:
 
Այս օրինակը կապուած է Ֆրանսայի։ Վերջին ամիսներուն, Ալիեւ բաւական բացայայտ հանդէս եկաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հասցէին, Հայաստանին աջակցելուն համար կոշտ քննադատութեան ենթարկելով զայն։ Ալիեւ մերժած է հանդիպում ունենալ նախագահ Մաքրոնի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ,  արցախեան հիմնախնդիրը քննարկելու նպատակով։ Ալիեւ դժգոհած է նաեւ Ֆրանսայի դէմ՝ շարք մը զրահափոխադրիչներ Հայաստանին վաճառելուն համար։ Միլիառաւոր տոլար ծախսելով՝ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյի անօդաչու թռչող նորագոյն սարքերով եւ հրթիռներով Ատրպէյճանը զինելուն համար, Ալիեւ դեռ կը յանդգնի բողոքել, որ Հայաստան սահմանափակ քանակութեամբ զէնք ձեռք բերած է ինքնզինք պաշտպանելու համար:
 
Անցեալ տարուան աւարտին, Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առճակատումը աւելի խորացաւ, երբ Ատրպէյճան Պաքուէն արտաքսեց Ֆրանսայի դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ, իսկ Ֆրանսա, իր կարգին, Փարիզէն արտաքսեց Ատրպէյճանի դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ:
 
Intelligence Online կայքը ըսած է, որ ըստ իր գաղտնի աղբիւրներուն՝ Ատրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւնները խնդրած են «Մոսատ»էն՝ Իսրայէլի հետախուզական եւ յատուկ գործողութիւններու  հիմնարկէն, միջամտել Ֆրանսայի հետ ունեցած ներկայ հակամարտութիւնները լուծելու համար:
 
Ըստ  «Մոսատ»ի գաղտնի աղբիւրներուն՝ Ատրպէյճանի արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը (XKX), զոր կը ղեկավարէ հրամանատար Օրխան Սուլթանով, խնդրած է Իսրայէլի իր գործընկերոջմէ՝ միջամտել Ֆրանսայի արտաքին անվտանգութեան գլխաւոր տնօրինութեան (DGSE)` Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար: Ատրպէյճան նշած է, որ չի փափաքիր խորացնել առկայ վէճը:
 
Սակայն, ատրպէյճանական ջանքերը ձախողած են, քանի որ «Մոսատ» չի փոխանցեր ատրպէյճանցիներուն խնդրանքը Ֆրանսայի, ըստ Intelligence Online-ի աղբիւրներուն: Ասիկա նուրբ հարց է Իսրայէլի համար, որովհետեւ ան մէկ կողմէ կ՛ուզէ պահպանել իր լաւ յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ, իսկ միւս կողմէ՝ Իսրայէլի հետախուզական ծառայութիւնը չի փափաքիր նման միջնորդութեան փորձ ընել այն պահուն, երբ Կազայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի բուռն այլ կէտերու հակամարտութեամբ զբաղած է:
 
Intelligence Online ըսած է, որ «Մոսատ» մեծ ազդեցութիւն ունի Պաքուի վրայ, քանի որ Իսրայէլ կ՛օգտագործէ ատրպէյճանական տարածքը Իրանի մէջ իր գործողութիւններուն համար: 2018ին,  «Մոսատ» երբ  Թեհրանէն գողցաւ Իրանի միջուկային փաստաթուղթերը, Իսրայէլի գործակալները օգտագործեցին Ատրպէյճանի սահմանը, Իրանէն փախչելու համար: Ի պատասխան,  «Մոսատ»  մեծապէս  դիւրացուց  Ատրպէյճանի  կողմէ  Իսրայէլէն զէնքի ձեռքբերումը, եւ այս օգնեց իսրայէլական զէնքի երկրորդ մեծագոյն գնորդ Պաքուի, որ 2020 եւ 2023 թուականներուն յաղթանակներ արձանագրէ Արցախի մէջ:
 
Սեպտեմբեր 2023ին, Արցախի վրայ յարձակելէն անմիջապէս առաջ, Ատրպէյճանի անվտանգութեան ծառայութիւնները իրենց ծրագիրներուն մասին տեղեկացուցին  «Մոսատ»ի  եւ Իսրայէլի ռազմական հետախուզութեան տնօրինութեան 8200րդ ստորաբաժանման (Աման) փորձագէտներուն եւ խորհուրդի համար դիմեցին անոնց։
 
Ըստ Intelligence Online-ի՝  «Մոսատ»  վերջին տարիներու համագործակցութիւնը Ֆրանսայի արտաքին անվտանգութեան վարչութեան հետ բարձրացուցած է գործողութեան աւելի բարձր մակարդակի, մասնաւորապէս Իրանի հարցով: Ֆրանսական գործակալութիւնը նոյնպէս զօրաշարժի ենթարկուած է Կազայի մէջ տիրող իրավիճակին գծով:
 
Ֆրանսական հետախուզական գործակալութեան նոր տնօրէն Նիքոլաս Լերներ տեսակցած է «Մոսատի» տնօրէն Տէյվիտ Պարնէայի հետ, երբ վերջինս Յունուարի վերջին շաբթուան ընթացքին ժամանած էր Փարիզ: Իսրայէլ-պաղեստինեան հարցի շուրջ դռնփակ հանդիպման ներկայ եղած են Եգիպտոսի հետախուզական վարչութեան (Մուխապարաթ էլ-ամմա) գլխաւոր ղեկավար Ապպաս Քամել, Իսրայէլի ներքին ապահովութեան գործակալութեան՝ «Շին Պեթ»ի ղեկավար Ռոնէն Պար, ԿՀՎ (CIA)-ի ղեկավար Ուիլեըմ Պարնզ եւ Քաթարի պաշտօնեաները:
 
Intelligence Online յայտնած է, թէ ԿՀՎ տեղեկացուցած է Պաքուին, որ դժգոհ է ֆրանսական հետախուզութեան հետ Ատրպէյճանի հակամարտութենէն, մինչդեռ Ֆրանսա կը փորձէ խոչընդոտել Մոսկուան Կովկասի մէջ եւ թէ Ատրպէյճանի հարթակին կարիքը ունի:
 
Բացայայտելով Ալիեւի խաբէութիւնը՝ Ատրպէյճանի հանդէպ միջազգային ճնշումները անտեսելու մասին, միջազգային հանրութեան խորհուրդս է՝ շարունակել ճնշում գործադրել Ալիեւի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր անընդունելի կեցուածքը:
 
Հակառակ պարագային, ան պիտի շարունակէ իր բազմաթիւ խախտումներն ու յանցագործութիւնները՝ մեծ վնաս հասցնելով ինչպէս ատրպէյճանցիներուն, այդպէս ալ հայերուն:
 
Յաջորդ շաբաթ կը բացայայտեմ եւս մէկը Ալիեւի  ջանքերէն՝  Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներուն հակազդելու գծով, հակառակ իր այն հերքումներուն, թէ ինք բնաւ ուշադրութիւն չի դարձներ անոնց վրայ։
 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գիրգորեան
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
 
  -   Քաղաքական