Նոյնիսկ եթէ ընտրուին, Էրկէնէքոնի ամբաստանեալները չեն կրնար Խորհրդարան մտնել


Նոյնիսկ եթէ ընտրուին, Էրկէնէքոնի ամբաստանեալները չեն կրնար Խորհրդարան մտնել

  • 11-04-2011 14:58:34   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Էրկէնէքոնի դատավարութեան գծով ձերբակալուած կարգ մը անձերը երեսփոխանական թեկնածու ցոյց տալու ու անոնց ընտրութիւնը ապահովելով զանոնք երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան զրահով պաշտպանելու փորձ մը վերջերս շատ մելան կը հոսեցնէ մամուլին մէջ։ Կ’սուի որ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնը երեսփոխանական թեկնածու ցոյց պիտի տայ Լրագրող Մուսթաֆա Պալպէյն ու յայտնի բժիշկ Մէհմէտ Հապէրլաը, իսկ Մէ-Հէ-ՓԷ կուսակցութիւնն ալ թեկնածու ցոյց պիտի տայ Էրկէնէքոնով ամբաստանուած զինուորականներէն վաստակաւոր զօրավար Էնկին Ալանը։ Ինչպէս յայտնի է, ասոնք ներկայիս ձերբակալուած են Էրկէնէքոնի ու Լախտի Հարուածի ծրագրի հարցաքննութեան կապակցութեամբ։ Ի՞նչ կը պատահի եթէ այս անձերը երեսփոխանական թեկնածու ցոյց տրուելէ վերջ ընտրուին ու երեսփոխան դառնան, Խորհրդարան մտնեն։ Ի՞նչ կ’ըլլայ անոնց դէմ բացուած դատը՝ անոնց երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան հետեւանքով։ Այս հարցումներուն բաւական հետաքրքրական պատասխան մը եկաւ Պետական Նախարար Հայաթի Եազըճըէ, որ »Զաման« թերթի աշխատակիցներուն յայտնեց թէ այս անձերը, նոյնիսկ եթէ ընտրուին, չեն կրնար Խորհրդարան մտնել։ Դատարանն է որ որոշում պիտի տայ այն մասին թէ անոնք կրնա՞ն Խորհրդարան մտնել թէ ոչ։ »Այս բոլորը արդէն անոնց ծրագիրներուն մաս կը կազմէ, ասոնք կ’ուզեն դէմ առ դէմ բերել Դատական համակարգն ու Խորհրդարանը, վաղը պիտի ըսեն որ Ժողովուրդը ընտրեց, բայց դատարանը չարտօնեց« ու ամբողջ աշխարհի առջեւ Թուրքիան դատապարտել պիտի ուզեն«, ըսաւ Նախարար Եազըճը։ Եազըճըի կեցուածքը հաւանաբար նոր բանավէճ մը պիտի ստեղծէ երկրին մէջ։ Ան ըսաւ որ բնաւ բարոյական կեցուածք չէ այսօր ձերբակալուած անձերը երեսփոխանական անձեռնմխելիութեամբ պաշտպանել ուզելը, ասիկա կը նշանակէ միջամտել դատարանին աշխատանքին։ Եազըճըի կարծիքով նմանօրինակ փորձ մը չի կրնար փրկել այժմ դատարան յանձնուած անձերը, եթէ անոնք յանցանք մը գործած են իսկապէս։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը