«Իսրայէլ-Ատրպէյճան Յարաբերութիւնները Հիմնուած Են Նաւթի, Զէնքի Եւ Հետախուզութեան Պիղծ Երրորդութեան Վրայ»


«Իսրայէլ-Ատրպէյճան Յարաբերութիւնները Հիմնուած Են Նաւթի, Զէնքի Եւ Հետախուզութեան Պիղծ Երրորդութեան Վրայ»

  • 17-04-2024 14:10:00   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Իսրայէլական «Հաարեց» (Haaretz) թերթը 11 Ապրիլին հրապարակած է բացայայտող յօդուած մը Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ բարձր մակարդակի լայն կապերու մասին՝ «Ինչպէ՞ս Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները դարձած են Լիպըրմէններու ընտանիքին առեւտուրը» վերնագիրով: Յօդուածը գրած է հետաքննող լրագրող Կուր Մըկիտօ:
 
Էւիկտըր Լիպըրմէն Իսրայէլի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր, որ բազմիցս այցելած է Պաքու, աւելի շատ, քան ոեւէ ուրիշ իսրայէլցի քաղաքական գործիչ, ամէն անգամ հանդիպելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ատրպէյճանցի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Ան երկու անգամ վարած է Իսրայէլի փոխ վարչապետի պաշտօն եւ յաջորդաբար դարձած՝ վեց տարբեր նախարարութիւններու նախարար. Իսրայէլի ազգային ենթակառուցուածքներու, երթեւեկի, ռազմավարական գործերու, արտաքին գործերու (երկու անգամ), պաշտպանութեան եւ դրամական:
 
Լիպըրմէն իսրայէլցի միակ պաշտօնեան չէր, որ այցելած է Ատրպէյճան: Պաքու այցելած են նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարներ Պենի Կանց եւ Եով Կալանթ, ինչպէս նաեւ վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուն՝ 2016ին եւ նախագահ Այզէք Հերցոկ՝ 2023ին:
 
Մըկիտօ յայտարարած է, որ «Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները հիմնուած են նաւթի, զէնքի եւ հետախուզութեան պիղծ երրորդութեան վրայ: Իսրայէլ նաւթ կը գնէ Ատրպէյճանէն (Իսրայէլի հում նաւթի մօտաւորապէս կէսը հոնկէ կու գայ) եւ կը վաճառուի զինուորական յառաջադէմ արհեստագիտութիւն: Փոխարէնը, ըստ տեղեկութիւններու, Ատրպէյճան անոր  հնարաւորութիւն կու տայ մուտք գործելու Իսրայէլի թիւ մէկ  հակառակորդին՝ Իրանի հետ իր ցամաքային եւ ծովային սահմանը»:
 
Ատրպէյճան յաղթեց 2020 եւ 2023ի արցախեան պատերազմներուն՝ «շնորհիւ Իսրայէլի կողմէ մատակարարուող խաղի կանոնները փոխող ոչ փոքրաթիւ սպառազինութեան», ներառեալ իսրայէլեան Hermes եւ Harop անօդաչու թռչող սարքերը եւ միլիառաւոր տոլարներով գնուած ժամանակակից այլ զէնքեր։ Ատրպէյճան այդ անօդաչու սարքերէն քանի մը հատը գնած էր, երբ Լիպըրմէն պաշտպանութեան նախարարն էր»։
 
2012ին Պաքու կատարած այցի ժամանակ, Լիպըրմէնի հարցուցած են Foreign Policy ամսագիրի յօդուածին մասին, ուր մէջբերուած է ԱՄՆ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեային խօսքերը. «Իսրայէլցիները գնած են օդակայան, եւ օդակայանը կը կոչուի Ատրպէյճան: Նշուած են նախկին քանի մը խորհրդային ռազմաօդային խարիսխներու անուններ, որոնք, ըստ ամսագիրի աղբիւրներուն, Իսրայէլի տրամադրութեան տակ էին կամ կ՛ըլլան՝ Իրանի վրայ օդանաւային հաւանական հարուածի պարագային: Լիպըրմէն այդ պատմութիւնը կոչած է «գիտաերեւակայական», որ «ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ»: Այսուամենայնիւ, Լոնտոնի The Times-ը յայտնած է, որ «Իսրայէլի լրտեսական գործակալութիւնը՝ Մոսատ, խարիսխ ունի Ատրպէյճանի մէջ»։
 
«Որեւէ չափանիշով Ատրպէյճան բռնապետութիւն է», որ 2023ին Economist Intelligence Unit-ի կողմէ 167 երկիրներու մէջ վարած է 130-րդ տեղը: Իսրայէլի Քնեսեթի չորս անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւնը՝ Լիպըրմէնի գլխաւորութեամբ, մեկնած է Ատրպէյճան՝ իբրեւ թէ նախագահական ընտրութիւնները վերահսկելու նպատակով: Անոնք հերքած են ընտրութիւններու մէջ տեղի ունեցած խախտումներուն մասին հաղորդումները, որոնց շնորհիւ Ալիեւ յաղթած է մեծ՝ 85 տոկոսով։ Անոնք կեղծօրէն Ատրպէյճանը բնութագրած են իբրեւ «միակ ժողովրդավարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»: Ալիեւի յաղթանակը Լիպըրմէն կոչած է «լաւ դաս մը որոշ ուժերու համար, որոնք անարդարացիօրէն կը քննադատեն Ատրպէյճանը»:
 
Երբ իսրայէլաբնակ ռուս պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Բաքուի մէջ՝ Արցախ այցելած ըլլալուն համար, անոր ընտանիքը այդ օրերու պաշտպանութեան նախարար Լիպըրմէնէն խնդրեց՝ միջամտել, սակայն վերջինս ոչինչ ըրաւ անոր օգնելու համար, նոյնիսկ երբ Լափշին յարձակման ենթարկուեցաւ բանտի ապահովութեան պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք փորձած էին սպաննել զայն: Լափշին կը կարծէ, որ ի վերջոյ ռուսերը օգնած են, ապահովելու համար իր ազատ արձակումը:
 
Մըկիտօ յայտնած է, որ Լիպըրմէնի երկու որդիները՝ Ամոս եւ Քոպի, «գործնական խորունկ յարաբերութիւններ» ունին Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ: «Կը պարզուի, որ Լիպըրմէն եղբայրները շատ ժամանակ կ՛անցընեն Պաքուի մէջ, ուր անոնք կը համարուին միջնորդներ, որոնք գիտեն թէ ինչպէ՛ս պիտի բանան դռները, իշխանութեան առջեւ։ Վերջին տարիներուն, Լիպըրմէնի որդիները իսրայէլական շարք մը արհեստագիտական բարձր արտադրանք  մատակարարած են Ատրպէյճանի կառավարութեան. համակարգչային յանցագործութեան արտադրանք, որ պատրաստուած է համակարգչային անվտանգութեան Candiru ընկերութեան կողմէ. տուեալներու մեծ համակարգ՝ համակարգչային անվտանգութեան մէկ այլ ընկերութեան՝ Rayzone-ի կողմէ տուրքերու հաւաքագրումը բարելաւելու համար եւ ջուրի աղազերծման արհեստագիտութիւններ՝ իսրայէլական IDE ընկերութեան կողմէ։ Միայն այս երեք ձեռնարկութիւններու միջնորդութեամբ կարելի միջնորդավճարները կրնան հասնիլ միլիոնաւոր տոլարներու: Աւելին, մինչեւ վերջերս Լիպըրմէն եղբայրները կը ներկայացնէին «ատրպէյճանական օդանաւային թռիչքները» (պետութեան կողմէ վերահսկուող ազգային օդանաւ փոխադրող) Իսրայէլի մէջ»։
 
Իսրայէլական քանի մը ընկերութիւններ, ինչպէս Pegasus եւ Candiru, լրտեսական ծրագիրներ ծախած են Ատրպէյճանի՝ վարչակարգի հակառակորդներուն հեռախօսները կոտրելու համար: Այսօր, 18 ատրպէյճանցի լրագրողներ բանտերն են։ Candiru-ի վաճառքը միջնորդած են Լիպըրմէնի երկու որդիները՝ միջնորդավճարի դիմաց՝ «գնահատուած հարիւր հազարաւոր տոլարներով»։ Rayzone համակարգչային ընկերութեան հետ գործարքէն անոնք շահած են «մօտաւորապէս 200 հազար տոլար միջնորդավճար», ըստ «TheMarker»-ի՝ հրապարակուած «Հաարեց»ի կողմէ: Լիպըրմէնի գրասենեակը յայտարարած է, որ «ան ներգրաւուած չէ իր զաւակներուն առեւտուրներուն մէջ»:
 
Լիպըրմէնի զաւակները կը ներկայացնէին նաեւ IDE Technologies-ը, որ կը նախատեսէ Ատրպէյճանի մէջ կառուցել ջուրի աղազերծման մեծ գործարան։ Ասիկա «նախագիծ մըն է, որուն արժէքը կրնայ հասնիլ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու, եւ Լիպըրմէն եղբայրներու համար միջնորդավճարը, հաւանաբար, բարձրանայ համապատասխանաբար», գրած է Մըկիտօ։
 
Մըկիտօ կը հետաքրքրուի. «Կը կարծէ՞ք, որ երկու որդիները Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ կը հասնէին նման նշանակալի կարգավիճակի, եթէ անոնց ընտանեկան կապերը չըլլային»: Մէջբերում կ՛ըլլայ գործարարի մը խօսքերէն. «Կրնամ ըսել ատրպէյճանցիներու մասին, որ անոնք այն մարդիկն են, որ գիտեն ինչպէ՛ս շնորհակալութիւն յայտնել: Եթէ դուն լաւ բան ընես անոնց համար, եւ անոնք քեզ գնահատեն, անոնք գիտեն, թէ ինչպէ՛ս շնորհակալութիւն պէտք է յայտնեն՝ թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով»:
 
Մըկիտօ եզրակացուց. «Հաւանաբար իսրայէլեան կառավարող շրջանակներու մէջ չկայ մէկը, որ վիճարկէ այն բազմաթիւ օգուտները, զորս Իսրայէլ կը ստանայ Ատրպէյճանի հետ իր նողկալի, բայց, թերեւս կենսական յարաբերութիւններէն: Բայց այս երկու յայտարարութիւններուն միջեւ հակասութիւն չկայ. նախագահ Իլհամ Ալիեւի բարոյապէս կասկածելի իշխանութեան հետ ջերմ յարաբերութիւնները կրնան ըլլալ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան եւ միեւնոյն ժամանակ նաեւ Լիպըրմէններու ընտանիքի առեւտուրի ռազմավարութեան մաս»:
 
Յարութ Սասունեան 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական