ԹՈՒՐՔ ԴԱՏԱՒՈՐ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՀԱՅՈՑ<br /> ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ<br />


ԹՈՒՐՔ ԴԱՏԱՒՈՐ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՀԱՅՈՑ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ

  • 07-11-2008 15:30:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Յարութ Սասունեան, «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» Վերջին ամիսներուն թրքական մամուլին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մեծապէս ցաւակցող բազմաթիւ յօդուածներ լոյս տեսան` հակառակ այս արգիլուած նիւթին քննարկումը քրէական յանցանք նկատող Թուրքիոյ ճնշիչ օրէնքներուն: Այդպիսի յօդուածներէն մէկը լոյս տեսաւ ազատական «Թարաֆ» օրաթերթի 30 Հոկտեմբերի թիւին մէջ: Անոր հեղինակը անհաւանական գրող մըն էր` Իզմիրի մօտ գտնուող Օտեմիշիէն դատաւոր Ֆարուք Օզսուն: Այս մէկը թերեւս առաջին անգամն է, որ պաշտօնի վրայ գտնուող թուրք դատաւոր մը հրապարակաւ այսպիսի համարձակ մտածումներ կ'արտայայտէն անտեսելով քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը: Ան կը քննադատէ եւ կը ձաղկէ տասնամեակներէ ի վեր հասարակութեան մէջ ներարկուած թրքական կառավարութեանն Հայոց Ցեղասպանութեան աղաւաղուած տարբերակը: Դատաւոր Օզսու կը հաստատէ, որ թուրք մերժողականները իրենք զիրենք կը հակասենն առաջին հերթին մերժելով 1915ին պատահածը, ապա յայտնելով, որ այդ սպանութիւնները կատարուած են «ի պաշտպանութիւն հայրենիքին»: Անդրադառնալով վերջերս Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելնուն համար զուիցերական դատարանի մը կողմէ դատապարտուած երեք թուրքերունն դատաւոր Օզսու կը գրէ, որ ի տարբերութիւն թրքական համատարած սխալ ներկայացման, Զուիցերիա խօսքի ազատութիւնը չսահմանափակեց, այլ իրողութեան մէջ մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանեց: Աւելի'ն. ան կը ձաղկէ բոլոր անոնք, որոնք կը յայտնեն, թէ` «Խօսքի ազատութեան տեսանկիւնէն դիտուած` Թուրքիա Զուիցերիայէն աւելի յառաջադէմ է», յայտարարութիւն մը, որ ան ծիծաղելի կը նկատէ: Ըստ իր դատողութեան, անոնք, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական պաշտօնական գիծին կը հետեւին, «կոյր հայրենասէրներ» են, որոնք դաւաճանութեամբ կ'ամբաստանեն բոլոր անոնք, որոնք այս նիւթին վերաբերեալ նուազագոյն մարդկային զգացումը ցոյց կու տան: Դատաւոր Օզսու ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «պարզ մարդ մը, որ իր խղճմտանքը չէ կորսնցուցած` հակառակ ազգայնական կրթութեան»: Ան կը բացատրէ, որ քանի Զուիցերիա 1915ը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած է, այդ երկրին մէջ գտնուողները ստիպուած են յարգելու տեղւոյն օրէնքը: Ան կը մէջբերէ Էլի Վայզըրլը, որ կ'ըսէ, թէ ցեղասպանութեան մերժումը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Ահա թէ ինչո'ւ դատաւորը կը գրէ. «Պարտաւորիչ է հերքումը քրէական յանցանք նկատել»: Մեծայարգ դատաւորը նաեւ կ'առարկէ, որ ցեղասպանութեան մերժումը իրողութեանց մասնագիտական հետաքննութեան առնչակից չէ: Ան ֆրանսացի պատմաբան Ժիլ Ուայնշթայնն ու թուրք փրոֆեսէօր Պաշքըն Օրանը կը դատապարտէ յայտարարելնուն համար, թէ` «գոյութիւն չունին փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն, թէ սպանութիւնները կատարուած են պետական ծրագիրի մը համաձայն, ուստի այս դէպքերը ցեղասպանութիւն կարելի չէ նկատել»: Դատաւորին կարծիքով, այսպիսի յայտարարութիւններ կատարողները պարզապէս «թիւ 301 յօդուածի ճիրաններէն» իրենց վիզը ազատել կը փորձեն: Անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելուն համար Զուիցերիոյ գերագոյն դատարանին կողմէ դատապարտուած Տողու Փերինչեքի ուղղակի ակնարկ մը կատարելով` դատաւոր Օզսու հետեւեալ դիտողութիւնները կատարեց: «Փերինչեքի ընկերակցութիւնը կը կրէ Թալէաթ փաշայի անունը, որ «թուրք Հիթլեր» մը կը նկատուի»: «Անոնք, որոնք կը յայտարարեն, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «կայսերապաշտական սուտ մըն է», հարիւր հազարաւոր անձերու մահուան հանդէպ յարգանք ցոյց չեն տար, սակայն կը յայտարարեն. «Կեցցէն Իթթիհատականները, ճիշդ ըրինք հայերը սպաննելով եւ նոյնը ներկայիս ալ կրնանք ընել», ապա միակ անձը, որ իրենց ուշադրութիւն պիտի դարձնէ, զուիցերացի դատաւոր մըն է»: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը վիճարկելը, ցեղապաշտական արտայայտութիւններ ունենալը եւ ոճիրի մը գործադրումը գովաբանելը Զուիցերիոյ մէջ ներկայիս արդարադատական հարց մըն է եւ ոչ թէ` գիտական հետաքննութեան մը միջոցով ճշմարտութեան ձգտելու փորձ մը»: Դատաւորը ժխտական կերպով կը գնահատէ իր երկրին կրթական համակարգը, որ թուրքերը 1915ին վերաբերեալ անտեղեակ կը պահէ, մինչ Թուրքիայէն դուրս գտնուող անձեր, որոնք «թրքական կրթութիւն» չեն ստացած, հարցերը տարբեր ձեւով կը դիտեն: Բացատրելով, որ ցեղասպանութիւն եզրը հնարուած էր 1933ին Ռաֆայէլ Լեմքին անունով լեհ-հրեայ փաստաբանի մը կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք եւ հրէական Ողջակիզումէն առաջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ «Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած Ցեղասպանութեան ուխտը ներշնչուած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն»: Դատաւորը մասնաւորաբար զայրացած է հայերու զանգուածային սպանութեան հանդէպ թրքական կառավարութեան անզգամութենէն: Ան կը նշէ. «Թրքական պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, թէ կարգ մը շրջաններէ հայեր ժամանակաւորապէս հարաւային շրջան ղրկուեցան եւ այդ ժամանակաշրջանին շուրջ 300 հազար հայեր մահացան տարբեր պատճառներով: Ոեւէ թուրք, որ «թրքական կրթութեան» չէ ենթարկուած եւ իր խղճմտանքը անխախտ պահած է, լսելէ ետք 300 հազար թիւը, պիտի ըսէր. «Աստուա~ծ իմ» եւ պիտի սկսէր մտածել այդ թիւին մասին»: Ապա դատաւորը կ'առաջարկէ, որ թուրքերու առաջին ընելիքը պէտք է ըլլայ «յայտարարել, որ այդ դէպքերուն վերաբերեալ շատ վատ կը զգանք: Անոնք, որոնք այդ ժամանակ մահացան, մեր թշնամիները չէին, այլ` մեր քաղաքացիները: Մահացողներուն մէկ մասը մանուկներ էին: Ոչ ոք կրնայ մանուկները թշնամիներ նկատել»: Դատաւոր Օզսու կ'եզրակացնէ. «Զուիցերական դատարանին վճիռը ո'չ ժողովրդավարութեան դէմ է, ո'չ ալ` խօսքի ազատութեան: Զուիցերիա պարզապէս չ'արտօներ, որ հարիւր հազարաւոր անձերու մահը, մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող ցեղապաշտական եւ անզգամ բառերով նկարագրուի: Զուիցերիա պարզապէս չ'արտօներ, որ զոհը դարձեալ զոհի վերածուի»: Նկատի ունենալով թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստացի բոլոր ակնարկները պատժելու հաստատ ընթացքը` այն մտավախութիւնն ունինք, որ այս արդարամիտ դատաւորը պարզապէս ճշմարտութիւնը ըսելուն համար, կրնայ իր պաշտօնէն վտարուիլ եւ նոյնիսկ բանտարկութեան ենթարկուիլ:
  -   Յօդուածներ