Փաշինեան Կրկին Կ՛ընէ Հակահայ եւ Հակասփիւռքեան Հայտարարութիւններ


Փաշինեան Կրկին Կ՛ընէ Հակահայ եւ Հակասփիւռքեան Հայտարարութիւններ

  • 27-01-2025 13:45:29   | Հայաստան  |  Մեկնաբանութիւն

 


Հեղինակ՝ Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com

Հայ ժողովուրդի ամենամեծ ողբերգութիւնն այն է, որ Հայաստանը կը կառավարուի ոչ միայն անընդունակ, այլ նաեւ հակահայ վարչապետի կողմէ։

Նախորդ շաբաթ օրը Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կրկին անգամ կրկնեց իր անհեթեթ խօսքերը՝ «Իրա՛ւ Հայաստանի» եւ «Պատմական Հայաստանի» միջեւ տարբերութեան մասին։ Ան նոյնիսկ պնդեց, թէ «Պատմական Հայաստանը» այսօրուան «Իրա՛ւ Հայաստանի» թշնամին է։ Այն փաստը, որ դարերու ընթացքին պատերազմներն ու գրաւումները փոխած են Հայաստանի սահմանները, չէ նշանակեր, թէ «Պատմական Հայաստան» հասկացութիւն գոյութիւն չունի։ Մի՛ զարմանաք, եթէ մէկ օր Փաշինեան յայտարարէ, թէ Հայաստանը գոյութիւն ունի միայն 2018-էն ի վեր, երբ ան եկաւ իշխանութեան։

Փաշինեան կը փորձէ զրկել հայերը «Պատմական Հայաստանը» վերականգնելու երազանքէն՝ ապագային երբեւէ։ Ան միամտօրէն կը կարծէ, թէ յայտարարելով, որ Հայաստանը իր դրացիներէն տարածքային պահանջներ չունի, պիտի կարենայ համոզել Ազրպէյճանը, որ ստորագրէ անիմաստ խաղաղութեան պայմանագիր մը Հայաստանի հետ։ Բայց իրականութեան մէջ, նախագահ Ալիեւը ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունի նման պայմանագիր կնքելու։ Ընդհակառակը, ան բազմիցս կը սպառնայ յարձակիլ Հայաստանի վրայ՝ նկարագրելով զայն որպէս «Արեւմտեան Ազրպէյճան» եւ պահանջելով 300,000 ազրպէյճանցիներու վերաբնակեցումը Հայաստանի մէջ։

Փոխարէն ըսելու, որ մենք ոչ մէկ պահանջ ունինք, Փաշինեան պէտք է պարզապէս լռէր։ Ան պէտք չէ ըսէ՝ ունինք պահանջներ կամ չունինք։ Հայաստանի ներկայիս թուլութեան պայմաններուն, երբ չի կրնար ռազմական առումով դիմադրել իր աւելի ուժեղ թշնամիներուն՝ Ազրպէյճանին եւ Թուրքիային, սխալ է յայտարարել, թէ մենք տարածքային պահանջներ չունինք։ Այսպէս՝ հայերը պիտի զրկուին իրենց կորսնցուցած տարածքները ապագային վերականգնելու իրաւունքէն։ Այս երազանքը պահելու համար Հայաստանին հզօր բանակ պէտք չէ։ Պարզապէս պէտք է պահպանել պատմական յիշողութիւնը եւ զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն, մինչեւ այն օրը, երբ անսպասելի պայմաններու պատճառով հնարաւորութիւն մը կ՛առաջանայ վերականգնելու կորսուածը։

Ամենալաւ օրինակն է հրեաները, որոնք 2000 տարի իրենց հայրենիքը կորսնցնելէ ետք, «Հաջորդ տարի Երուսաղէմի մէջ» իրենց երազանքը պահպանելով եւ զայն սերունդներուն փոխանցելով, 20-րդ դարուն կարողացան օգտուիլ ստեղծուած հնարաւորութիւններէն՝ վերադառնալու իրենց պատմական հայրենիք։

Հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեան ըսաւ, թէ ոչ ոք զէնք պիտի վաճառէ Հայաստանին, եթէ մենք շարունակենք Արարատը որպէս «մեր լեռը» նշել։ Սա բացարձակապէս սխալ է։ Արարատ կամ Արագած ըսելը ոչ մէկ կապ ունի զէնք ձեռք բերելու հետ։ Ասիկա կապուած է երկրի եւ բանակի կառավարելու ունակութեան, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ զէնքերու համար ֆինանսներ ունենալու հետ։ Եթէ Արարատ ըսելը պիտի խանգարէր զէնք ձեռք բերելուն, ապա ինչպէ՞ս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 2018-էն առաջ, ձեռք բերած է միլիառաւոր դոլարներու արժող զէնքեր, որոնք, ցաւօք, 2020-ի պատերազմի ընթացքին գրաւուեցան Ազրպէյճանին կողմէ եւ այժմ ցուցադրուած են Պաքուի մէջ։

Հարցին, թէ որքանով տեղին է հեծանիւ վարել կամ Ֆէյսպուքի վրայ ձուածեղ պատրաստել, երբ երկիրը պատերազմի եզրին է, Փաշինեան պատասխանեց․ «Մեր երկրի բոլոր հիմնարկները կը գործեն նոյնիսկ այն ատեն, երբ ես հեծանիւ կը վարեմ»։

Ան նաեւ արդարացուց իր մշտական զիջումները Ազրպէյճանին՝ բացատրելով, թէ չի ցանկանար պատասխանել Ազրպէյճանի սրացնող հռետորաբանութեան, որ նոր թշնամութիւն հրահրելու նպատակ ունի։ Փաշինեան չի հասկնար, թէ թշնամիին զիջումներ ընելը պատերազմի կանխարգիլում չի նշանակեր։ Ընդհակառակը, ասիկա կը մեծցնէ Ալիեւի ախորժակը՝ աւելի մեծ զիջումներ պահանջելու։

Սփիւռքահայ մը, որ երազած է վերադառնալ իր պապերու հայրենիքը, Փաշինեան անտարբեր եւ վիրաւորական կերպով պատասխանեց․ «Ան կը բնակի Աւստրալիոյ մէջ, կը ցանկայ վերադառնալ իր պապերու ծննդավայրը, թող վերադառնայ։ Ասիկա ի՞նչ կապ ունի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ»։ Ան շարունակեց․ «Մեր հայրենակիցը կը բնակի Աւստրալիոյ մէջ, կը ցանկայ վերադառնալ իր պապերու հայրենիքը, որ կրնայ ըլլալ աշխարհի որեւէ կէտ՝ Մուշ, Արտահան, Սիս, բայց այդ նպատակով մենք պէտք է մեր զինուորները թիրախ դարձնե՞նք։ Ասի՞ է մեր ուզածը»։

Փաշինեանի յայտարարութիւնները կը շարունակեն ապացուցել անոր անընդունակութիւնն ու հակահայկական դիրքորոշումը։

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ինչու ան ոչինչ ըրած է Պաքուի մէջ գտնուող հայ պատանդներու ազատ արձակումը ապահովելու համար, Փաշինեան պատասխանած է․ «Կան գերտէրութիւններ, որոնք նոյնպէս ունին քաղաքացիներ նման իրավիճակի մէջ տարբեր երկիրներու մէջ, եւ տարիներով չեն կրցած զանոնք վերադարձնել»։
Անցեալ շաբաթ Ցիւրիխի մէջ շուեյցարահայերու խումբի մը հետ հանդիպման ընթացքին, Փաշինեան բարձրացուցած է աւելորդ հարցումներ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական իրողութիւններուն մասին․ «Մենք պէտք է վերադառնանք Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան։ Պէտք է հասկնանք՝ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչո՞ւ»։
Փաշինեան, հաւանաբար, աշխարհի միակ հայն է, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915-ին։ Ապա ան շարունակած է անիմաստ հարցում մը․ «Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ 1939-ին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ չկար։ Եւ ինչո՞ւ 1950-ին այդ օրակարգը յայտնուեցաւ»։ Փաշինեան նոյնիսկ չի գիտեր, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը գոյութիւն չունէր 1939-ին։ Ան ստեղծուած է 1940-ականներուն Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ։ Մինչ այդ, հայերը 1915-ի զանգուածային սպանութիւնները կը նկարագրէին իբրեւ կոտորածներ։

Անմիջապէս, երբ նոր հայրենասէր առաջնորդ մը գայ իշխանութեան Հայաստանի մէջ, պէտք է յայտարարէ, որ Փաշինեանի բոլոր հրամանները, օրէնքները, յայտարարութիւններն ու համաձայնութիւնները անվաւեր են։

  -   Մեկնաբանութիւն