Քիւրտ ղեկավարները կը խօսին 40 հազար քիւրտ նահատակներու մասին


Քիւրտ ղեկավարները կը խօսին 40 հազար քիւրտ նահատակներու մասին

  • 07-04-2011 18:05:55   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Պէ-Տէ-Փէ եւ Տէ-Թէ-Քէ քրտամէտ կուսակցութիւնները այլեւս շատ յստակ կերպով ու շատ ալ խիստ արտայայտութիւններով դիրք գրաւած են Վարչապետ Էրտողանի դէմ, անոնք երէկ ալ արտակարգօրէն ծանր արտայայտութիւններ ունեցան ու սպառնալիքներ ըրին Հաթայի մէջ սպաննուած ահաբեկիչներու յուղարկաւորութեան ընթացքին։ Սպաննուած 7 ահաբեկիչներէն Մազլում Ամէտ ծածկանունով յայտնի Այտըն Պարանի յուղարկաւորութեան ընթացքին Պէ-Տէ-Փէի փոխ կուսակցապետ Կիւլթէն Քըշանաք խօսեցաւ անսովոր խստութեամբ ու ըսաւ որ հողին մէջ կը թաղենք եօթը հոգի եւս որոնք իրենց կեանքը նուիրած են որպէսզի Քիւրտ ժողովուրդը ազատ ապրի։ Քըշանաք ըսաւ որ Վարչապետ Էրտողան շատ կը սխալի եթէ կը կարծէ որ մարդ սպաննելով այս խնդիրը պիտի լուծէ։ Քըշանաք սապէս խօսեցաւ. »Անոր ալ երթալիք տեղը Քէնան Էվրէնին գացած տեղն է։ Անցեալի մէջ ալ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի անհամար նիստեր գումարեցին, կառավարութիւններ, գաղտնի գործակալութիւններ ու զինուորականներ ժողովներ գումարեցին, ծրագիրներ մշակեցին, բայց ո՞ւր հասան։ Այսօր անոնք հասան միայն Սիլիվրիի ամօթալի կէտին, ուր այլեւս խօսելու իսկ կ’ամչնան։ Թայիպ Էրտողանին վախճանն ալ նոյնը պիտի ըլլայ։ Մահուան վրայ պնդելը կը նշանակէ ինքզինքը տանիլ դէպի մահ։ Մենք մեր նահատակներուն ոտքին քով կանգնած ենք։ Ոչինչ ունինք կորսնցնելու։ Դուն քու իշխանութենէն վախցիր։ Մենք հոս ենք։ Մեր ընկերները թող հանգիստ ըլլան, միլիոնաւոր Քիւրտեր ձեր ճամբուն վրայ են«։ Տարբեր ոճով չխօսեցաւ նաեւ Տէ-Թէ-Քէի Փոխ Կուսակցապետ Այսէլ Թուղլուք որ ըսաւ որ մեր սրտին մէջէն կտոր մը եւս կորսնցուցինք։ »Նորէն մահն է որ վիճակեցաւ մեզի, մենք արժանի կը տեսնուինք միայն զուլումի, հրացանի գնդակի, ժխտումի ու ճնշումի քաղաքականութեան։ Բայց դուք ցմահ արդար էք ձեր ապստամբութեան մէջ«, ըսաւ Թուղլուք որ աւելցուց որ իրենք Քիւրտ ժողովուրդին ազատութիւնը պաշտպանել պիտի շարունակեն ու ան նահատակ որակեց սպաննուած ահաբեկիչները։ Սապէս խօսեցաւ. »40 հազար նահատակներ ունինք, եօթը հատը եւս հողին յանձնեցինք։ Ի յիշատակ անոնց՝ աւելի պիտի սաստկացնենք մեր ապստամբութիւնը, մենք պարտաւոր ենք պայքարիլ ժողովրդավարական ազատ երկրի մը համար։ Պայքարելէ ուրիշ միջոց չէ մնացած։ Կա՛մ ազատութիւն, կա՛մ ազատութիւն։ Քիւրտիստանի գլուխը ողջ ըլլայ«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը