Ռուսաստանի մէջ երիտասարդ բնագէտներու միջեւ ամենամեծ վարկանիշ ունեցողներու կարգին է Հայկ Իշխանեան


Ռուսաստանի մէջ երիտասարդ բնագէտներու միջեւ ամենամեծ վարկանիշ ունեցողներու կարգին է Հայկ Իշխանեան

  • 06-04-2011 16:31:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ռուսաստանի մէջ երիտասարդ բնագէտներու միջեւ ամենամեծ վարկանիշ ունեցողներու կարգին է հայազգի 21ամեայ բնագէտ Հայկ Իշխանեան որ 2010ին գերազանցութեամբ շրջանաւարտ եղաւ Մոսկուայի բնագիտա-թէքնիք համալսարանէն։ Հայկի շրջանաւարտութեան թէզի տակ իր ստորագրութիւնը դրած է Նոպէլեան մրցանակակիր, ռուս գիտնական Պասով։ Հայկ Իշխանեան միջազգային ամենահեղինակաւոր ամսագրերու մէջ գիտական 12 յօդուածներ հրապարակած է, միջազգային հեղինակաւոր մրցումներու մրցանակակիր հռչակուած, եւլն.։ Հայկ Իշխանեան այս տարուայ Յուլիսին պիտի պաշտպանէ իր թեկնածուական թէզը. Մոսկուայի բնագիտա-թէքնիք համալսարանի մէջ պետական քննչական յանձնաժողովը որոշած է երաշխաւորել, որ Հայկ, առանց մասթըրի ուսում ստանալու, իր ուսումը շարունակէ ասփիրանթուրայի մէջ։ Հայկ հաւանաբար պիտի ըլլայ այն հազուագիւտ գիտնականներէն մէկը, որ 21 տարեկանին գիտութիւններու թեկնածու պիտի դառնայ։ Ասիկա հազուագիւտ պարագայ է։ Ի դէպ, Հայկ Իշխանեանն արդէն նախագծեր կը մշակէ, օրինակ ան շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Երեւան գացած է եւ կառավարութեան առաջարկ ներկայացուցած՝ »Տարրալուծարան՝ առանց սահմաններու« նախագիծը։ Այդ նախագծի գաղափարն այն է, որ հայ բնագէտներ, որոնք կ’աշխատին աշխարհի զանազան յայտնի գիտական կառոյցներու եւ տարրալուծարաններու մէջ, կարելիութիւնն ունենան իրականացնելու համատեղ գիտական հետազօտութիւններ։ Ան առաջարկած է նաեւ առաջին խումբը։ Անոնց միջեւ են Մոսկուայի բնագիտա-թէքնիք համալսարանի ուսանող Տիգրան Շահվէրտեան, Նիւ Եորքի Սան Պրուք համալսարանի երիտասարդ գիտնական Սահակ Պետրոսեան, երեւանցի երիտասարդ բնագէտ Ռուզան Սոխոյեան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը