Փաշինեան Հրամայեց Իր Բիրտ Ոստիկաններուն՝ Ներխուժել Սուրբ Էջմիածինի Սրբազան Տարածք. Յարութ Սասունեան


Փաշինեան Հրամայեց Իր Բիրտ Ոստիկաններուն՝ Ներխուժել Սուրբ Էջմիածինի Սրբազան Տարածք. Յարութ Սասունեան

  • 26-12-2025 14:56:53   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Նախորդ շաբաթ, վերջին ամիսներուն ընթացքին արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սուրբ Էջմիածինի սրբազան տարածք ուղարկեց հարիւրաւոր ոստիկաններ եւ քաղաքացիական հագուստով գաղտնի գործակալներ՝ ներխուժման նպատակով։ Խորքին մէջ անոնք կոչուած են ծառայելու ժողովուրդին, ոչ թէ՝ Փաշինեանին անձնական շահերուն։ Անոնք պէտք չէ ենթարկուին անօրինական հրամաններու։ Ցաւօք, այժմ Փաշինեան աւելի մեծ թիւով ոստիկաններ ունի իբրեւ
անձնական թիկնապահներ, քան զինուորներ՝ Հայաստանի սահմանները պաշտպանող։
Ոստիկանութիւնը կրկին ստիպուած եղաւ նահանջել Էջմիածինէն՝ բախելով մեծ բազմութեան, որ հաւաքուած էր Հայ առաքելական եկեղեցին անցանկալի ներխուժումէ պաշտպանելու համար։ Ցարդ արձանագրուած արդիւնքը հետեւեալն է. Եկեղեցի՝ 2, Փաշինեան՝ 0։
Երբ Փաշինեան 2018 թուականին առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, ան սովորաբար վարչապետի գրասենեակ կ՛երթար հեծանիւով, առանձին, առանց թիկնապահներու, ապահովութեան մարմիններու եւ ոստիկանութեան։
Սակայն այդ ժամանակէն ի վեր, ան հազիւ քայլ մը առնէ նստավայրէն դուրս, իրեն կ՛ընկերակցին հարիւրաւոր ոստիկաններ։ Իր ապահովութեան վերաբերող այս մտահոգութիւններուն պատճառը անոր ժողովրդականութեան մեծ անկումն է՝ 2018 թուականի 82 տոկոսէն այսօր՝ 10 տոկոսէն քիչ մը աւելի։
 
Փաշինեան կը մերժէ հրաժարական տալ, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի, թէ պաշտօնէն հեռանալէ ետք ան պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի հարիւրաւոր օրէնքներու եւ սահմանադրութեան խախտումներու համար։ Յաջորդող հայրենասէր եւ ձեռնհաս ղեկավարը ստիպուած պիտի ըլլայ անվաւեր յայտարարել Փաշինեանի բոլոր խոստումները եւ զիջումները Հայաստանի թշնամիներուն։
 
Նախորդ հինգշաբթի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւելի քան 10 հազար հաւատացեալներ, որոնք հաւաքուած էին Էջմիածինի մէջ՝ «Յուդա» բացագանչութիւններով դիմակայեցին ապստամբ եպիսկոպոսները։ Եկեղեցւոյ հետեւորդները 20:1 յարաբերակցութեամբ կը գերազանցէին Փաշինեանի կողմնակիցները, թէեւ վերջինը հրամայած էր իր համախոհներուն, որոնց կարգին նաեւ կուսակցութեան անդամներուն եւ
պետական ծառայողներուն, երթալ Էջմիածին։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի բնակչութեան եւ սփիւռքի աւելի քան 90 տոկոսը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամներ են, Փաշինեանի փոքրաթիւ կողմնակիցները որեւէ կարելիութիւն չունին անոնց դիմակայելու։ Եկեղեցւոյ հակադրուելով՝ ան ակամայ հող կը նախապատրաստէ իր իշխանութեան դէմ աճող շարժման համար՝ վերջապէս արթնցնելով անտարբեր հանրութիւնը։
 
Փաշինեանի քայլերը չափազանց վտանգաւոր են՝ հաւանական արիւնալի հետեւանքներով։ Անոր կողմէ ուղարկուած հարիւրաւոր ապահովական ուժերու եւ շատ աւելի մեծ թիւով բազմութեան միջեւ բախումը կրնար պատճառ դառնալ տասնեակ
զոհերու։
 
Ոչ մէկ պատճառ կար, որ Փաշինեան Էջմիածին ուղարկեր այդքան ոստիկաններ՝ պաշտպանելու փոքրաթիւ ապստամբ եպիսկոպոսները, որոնք յայտարարած էին, թէ կը պատրաստուին երթալ վեհարան՝ պահանջելու կաթողիկոսին հրաժարականը: Փաշինեան կրկին միջամտեց Եկեղեցւոյ ներքին վէճին, բան մը, որ իր գործը չէ, այդպիսով խախտելով սահմանադրութեան՝ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան
տարանջատման դրոյթը:
Նախորդ շաբաթ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս երեք ապստամբ հոգեւորականները հեռացուց Եկեղեցւոյ 21 անդամներէ բաղկացած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդէն։ Ըստ ինծի, ասիկա բաւարար չէ։ Հայ առաքելական եկեղեցին պէտք է անյապաղ կարգալոյծ ընէ բոլոր 10 ապստամբ եպիսկոպոսները, քանի որ անոնք խախտած են Եկեղեցւոյ շարք մը կանոններ։ Անոնք չեն կրնար եւ պէտք չէ մնան Եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան կազմին մէջ։ Կարգալոյծ ըլլալէ ետք անոնք կրնան այցելել Էջմիածին իբրեւ լոկ զբօսաշրջիկներ։
 
Անհաւատալի է, որ այս ապստամբ հոգեւորականները տասնամեակներէ ի վեր՝ 26 տարի ետք, առաջին անգամ ըլլալով կը բողոքեն, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 1999 թուականին ընտրուած է կեղծիքով: Ի՞նչը դրդած է զանոնք հիմա՛ արթննալու եւ արծարծելու այս հարցը՝ 26 տարի անց: Անոնցմէ շատեր ներկայ եղած են այդ ընտրութեան եւ նոյնիսկ քուէարկած են յօգուտ Գարեգին Բ.ին: Մինչ այդ անոնք վայելած են իրենց բարձր պաշտօններուն առնչուող մենաշնորհները՝ իբրեւ եպիսկոպոսներ,
արքեպիսկոպոսներ եւ թեմակալ առաջնորդներ։ Կաթողիկոսին հրաժարական տալու փորձ ընելու փոխարէն ինքնին ապստամբ եպիսկոպոսներն են, որ պէտք է հրաժարական տան, նախքան կարգալոյծ ըլլալը:
 
Այս ապստամբ հոգեւորականները միայն հիմա կը հակադրուին կաթողիկոսին, որովհետեւԱզգային ապահովական ծառայութեան ներկայացուցիչները, Փաշինեանի դրդումով, շատ հաւանաբար հանդիպում ունեցած են անոնցմէ քանի մը հոգիին հետ՝ սպառնալով հանրայնացնել անոնց անձնական կեանքին գաղտնիքները: Տարօրինակ է, որ մինչ Փաշինեան կը յայտարարէ, թէ կաթողիկոսին կ՛ընդդիմանայ բարոյական հիմքերէ մեկնելով, իրականութեան մէջ կը ծրագրէ զայն փոխարինել մէկով՝ տասը ապստամբ
եպիսկոպոսներէն, որոնցմէ քանի մը հատը շատ աւելի լուրջ յանցանքներ գործած են։ Հայ առաքելական եկեղեցին բարեփոխելու փոխարէն, Փաշինեան կը վնասէ անոր՝
ծրագրելով իբրեւ փոխարինող բերել կասկածելի համբաւ ունեցող մը:
Ակնյայտ է, որ Փաշինեանի նպատակը պարզապէս քաղաքական է. յաջորդ տարուան յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ան կը փորձէ վերացնել բոլոր անոնք, որոնք կրնան խոչընդոտել իր իբրեւ վարչապետ վերանշանակման՝ փոխարինելով կամ դատական հետապնդման ենթարկելով իր ընդդիմախօսները։
Նախորդ շաբաթ Փաշինեան յայտարարեց, որ պատրաստ է հանդիպելու կաթողիկոսին հետ՝ «Բայց միայն կաթողիկոսի արժանապատիւ հեռացումը քննարկելու համար»։ Այս մօտեցումը չի կրնար առաջնորդել խաղաղ լուծման։ Կաթողիկոսը կրնայ իր կարգին պատասխանել. «Ես կը հանդիպեմ Փաշինեանի հետ միայն նրա հրաժարականի քննարկման համար»։
Ես կ՛առաջարկեմ, որ երկուքը հանդիպին առանց որեւէ նախապայմանի՝ որքան կարելի է շուտ լուծելու պետութիւն-Եկեղեցի հակամարտութիւնը՝ ի շահ թէ՛ պետութեան, թէ՛ Եկեղեցւոյ, որոնք հայ ազգին երկու հիմնասիւներն են։

 
  -   Քաղաքական