Ամէն գնով թուրքերու դէմ ատելութիւն սերմանող հայկական խմբակները առաջուան չափ կարծր չեն այլեւս


Ամէն գնով թուրքերու դէմ ատելութիւն սերմանող հայկական խմբակները առաջուան չափ կարծր չեն այլեւս

  • 05-04-2011 16:19:49   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ինչպէս երէկ ալ հաղորդած էինք, »Միլլիյէթ«ի յայտնի քրոնիկագիր Հասան Ճէմալ, որ Իթթիհատական շրջանի նշանաւոր Ճէմալ Փաշայի թոռն է, քանի մը օր առաջ մասնակցեցաւ Լոս Անճէլըսի Գալիֆորնիա համալսարանին մէջ հայերու կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը եւ այս մասնակցութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց Սփիւռքահայ շրջանակներէ ներս։ Հասան Ճէմալ ինք ալ Շաբաթ եւ Կիրակի »Միլլիյէթ«ի մէջ ուշագրաւ մէկմէկ յօդուած հրատարակած էր այս մասին։ Երէկ լայն հատուածներ հրատարակած էինք մասնաւորաբար Կիրակիի իր յօդուածէն։ Քիչ վարը մեր ընթերցողները պիտի գտնեն նաեւ Շաբաթ օրուան իր յօդուածը, ուր ան կը ներկայացնէ »Հայոց ջարդերուն մասին խօսող« հայ մարդիկ։ ՃԷՄԱԼ ՓԱՇԱՅԻՆ ԹՈՌԸ Հասան Ճէմալ այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էր որպէս թոռը Ճէմալ Փաշայի, որ հայոց տեղահանութեան երեք պատասխանատուներէն մէկը կը նկատուի։ Որքան որ ալ Հասան Ճէմալի նման թուրք մտաւորականներ սկսած են Հայաստան երթալ եւ մասնակցիլ զանազան ժողովներու, այս մէկը, Լոս Անճէլըսի մէջ բոլորովին տարբեր հանգամանք ունէր քանի որ Լոս Անճէլըսը հայկական սփիւռքի ամէնէն կարծր ու ազդու կեդրոններէն մէկն է։ Այս առիթով »Թիւրքիշ Ճըրնըլ« անուն կայքէջի վրայ Լոս Անճէլըսէն Սէլչուք Աճար ստորագրութեամբ թղթակցութիւն մըն ալ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց։ Սէլչուք Աճար դիտել կուտայ որ Հասան Ճէմալի այս համագումարի մասնակցութիւնը ֆութպոլի դիւանագիտութենէն ետք երկրորդ ամէնէն կարեւոր քայլերէն մէկը կը նկատուի։ Ըստ յօդուածագրին, Ճէմալի մասնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ ցոյց տուաւ որ սփիւռքահայութեան մօտ դրական փոփոխութիւն մը կայ։ Ամէն գնով թուրքերու դէմ ատելութիւն սերմանող հայկական խմբակները առաջուան չափ կարծր չեն այլեւս, անոնք այլեւս պատահարներուն սկսած են նայիլ աւելի առողջ եւ մեղմ տեսանկիւնէ, եւ անոնք այլեւս առաջնահերթութիւն կուտան խելքի եւ տրամաբանութեան։ Ուստի յառաջիկայ 24 Ապրիլը այս նիւթի շուրջ անոնց մեծ մէկ քննութիւնը պիտի ըլլայ։ Յօդուածագիրը դիտել կուտայ որ Հասան Ճէմալի այս համագումարի մասնակցութիւնը ոմանց կողմէ կերպով մը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս փաստ մը այն մասին թէ այլեւս ցեղասպանութեան քարոզչութիւնը եւ նոյնինքն ցեղասպանութիւնը օրինաւոր հիմքերու վրայ նստած եղաւ։ Բայց միւս կողմէ ալ կարելի է պնդել որ այս այցելութիւնը պատմական նոր քայլ մը կը նկատուի թուրքերու եւ հայերու միջեւ փոխ-հասկացողութեան մթնոլորտի մը ստեղծման համար։ Հայերը իրենց բազմաթիւ հաւաքոյթներուն ընթացքին որպէս խոստովանող ակադեմական խօսեցուցած են յայտնի դէմք՝ պատմաբան Թանէր Ագչամը, բայց Հասան Ճէմալի Լոս Անճէլըսեան այս հաւաքոյթին մասնակցութիւնը անշուշտ որ Ագչամի մասնակցութեան հետ չի բաղդատուիր, ասիկա անբաղդատելիօրէն աւելի կարեւոր է եւ ցնցիչ լուրի հանգամանք ունի։ Ոմանք թերեւս պիտի մտածեն որ Թուրքիոյ համար կորուստ մըն էր որ Ճէմալ Փաշայի թոռը այսպիսի համագումարի մը մասնակցելով ընդունած կ’ըլլար ցեղասպանութեան փաստը։ Մանաւանդ որ սփիռքահայ թերթերը լրագրող Հասան Ճէմալը ներկայացուցին ո՛չ թէ միայն որպէս ցեղասպանութիւնը ընդունող քաջարի մարդ, այլ նաեւ մէկը որ Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելած է։ Բայց Հասան Ճէմալ հաւաքոյթի ընթացքին ըրաւ այնպիսի խօսակցութիւն մը որ տարբեր լոյս կը սփռէ։ Թէեւ Հասան Ճէմալի գիտութեան մարդու հանգամանքը եւ այս նիւթերու շուրջ ունեցած մասնագիտութիւնը ի վիճելի կրնայ ըլլալ, բայց ան հոն կամայ թէ ակամայ այնպիսի պարտականութիւն մը կատարեց որ արդար պիտի ըլլայ ըսել թէ գովասանքի արժանի է։ Յօդուածագիրը իբր օրինակ կը յիշէ որ Րիչըրտ Յովհաննէսեանի նման մէկն իսկ, որ իր կեանքին երեսուն տարիները հակաթուրք գործունէութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման յատկացուցած է, այս համագումարէն վերջ սկսաւ հարցման նշաններ ապրեցնել իր գլխուն մէջ, լուրջ կերպով մեղմացուց իր կեցուածքը եւ քայլ առաւ դէպի չափաւոր մտածում եւ հաշտութիւն։ »Արդէն ճիշդը այս չէ՞, իրարու բոլորովին հակադիր կողմերու միջեւ երկխօսութիւն մը հաստատելը խելացի լուծումներու ճամբայ չի՞ բանար, հակառակ պարագային ի՞նչի կը ծառայէ իրարու կռնակ դարձնել եւ իրարմէ հեռանալ, ատիկա միայն կռիւը եւ բաժանումը սաստկացնելու չի ծառայե՞ր«, հարց կուտայ յօդուածագիր Սէլչուք Աճար։ Լրագրող Հասան Ճէմալ շինիչ գործունէութիւն ցոյց տուաւ երբ յայտնեց թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է բնականոն դառնան եւ այլեւս պէտք է վերջ տրուի ատելութեան զգացումին։ Իսկ Փրօֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ըսաւ որ առաջուան չափ կարծր չէ այլեւս եւ այն օրէն վերջ երբ թուրք կառավարութիւնը քայլեր առաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար, ինք ալ սկսաւ սեղմել թուրքերու ձեռքը։ Հետաքրքրական յօդուած մըն ալ այն է որ Հասան Ճէմալ իր ճառախօսութեան ընթացքին, երբ յանձնարարութիւններ կ’ընէր հայերուն, ըսաւ որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը երբեք պիտի չընդունի հայկական ցեղասպանութեան պնդումները, ուստի յանձնարարեց որ այսպիսի ակնկալութիւն մը չունենան։ Ասիկա Հասան Ճէմալի մասնակցութեան շատ արժէքաւոր մէկ առաքելութիւնը եղաւ։ Բայց ան նաեւ յառաջ քշեց իր անձնական տեսակէտը եւ ըսաւ որ ինք անձնապէս հայերու սիրտը գրաւելու համար կրնայ ներողութիւն խնդրել եւ ասիկա ալ ուրախացուց ցեղասպանութեան այն կողմնակիցները որոնք սրահին մէջ կը գտնուէին։ Թղթակցութենէն յայտնի կը դառնայ որ հայերու կողմէ հրաւիրուած երկրորդ բանախօսը, ակադեմական Փամէլա Շթայնէր ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ 1915 թուականին ԱՄՆ-ի Թուրքիոյ դեսպան, հրեայ ծագումով Հէնրի Մորկընթաուին թոռը։ Այս վերջինն ալ դիտել տուաւ որ կռիւը եւ ատելութիւնը պէտք է իրենց տեղը թողուն երկխօսութեան։ Երբ ամերիկահայ մը իրեն հարցուց թէ »Դուք ցեղասպանութիւնը կ’ընդունի՞ք, թէ ոչ«, ան սապէս պատասխանեց. »Ես այս նիւթի շուրջ պարտաւոր եմ անկողմնակալ ըլլալ, այս պատճառաւ չեմ կրնար պատասխանել ձեզի«։ Յօդուածագիրը կ’եզրակացնէ որ այսօր հաւաքականութիւնները բան մը չեն կրնար շահիլ եթէ անոնք իրենց մեծ հայրերուն լաւ կամ գէշ կողմերը սկսին գործածել որպէս նախանիւթ եւ անոնցմով ազդեցութիւն գործել ուզեն այսօրուան ուղեղներուն վրայ։ Յօդուածագիրը սապէս կ’եզրակացնէ. »Որքան որ անիմաստ է մեր մեծ հայրերուն անունով ներողութիւն խնդրելը կամ մէկզմէկու նկատմամբ թշնամութիւն զգալը, այնքան ալ սխալ կ’ըլլայ Հասան Ճէմալը քննադատել Լոս Անճէլըսի պէս տեղ մը այսպիսի համագումարի մը մասնակցած ըլլալուն համար։ Մեր տեսակէտով ան, որպէս մէկը որ Ճէմալ մականունը կը կրէ, իր մասնաւոր նպաստը բերաւ ընդհանուր հաշտութեան«։ ՀԱՍԱՆ ՃԷՄԱԼԻ ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ »ՄԻԼԼԻՅԷԹ«Ի ՄԷՋ Շաբաթ օրուան իր յօդուածին մէջ Հասան Ճէմալ իր տպաւորութիւնները կը պատմէր Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան սրահին մէջ կայացած հաւաքոյթէ մը։ Կը կարդանք հետեւեալը. * Պոլսահայ Միութիւն, Հրանդ Տինք սրահ։ Հրանդի լուսանկարին տակ շարուած նստած ենք գիշեր մը։ Ներկաներէն մէկը կը ծռի դէպի ականջս եւ կ’ըսէ. - Մեզմէ շատերու սրտին մէջ մորմոք կայ։ Մենք մեզի հարց կուտանք թէ ինչո՞ւ եկած ենք այս վայրերը։ Անկիւնը կը տեսնենք ուտեստեղէններով լեցուն բաց սեղան մը... Բերնի մէջ հալող ապուխտ, երշիկ, ճերմակ պանիր, պիստակով, շոքոլայով հէլվա...։ Իսթանպուլի կարօտը կը լսեմ հոն։ Բայց կայ նաեւ Իսթանպուլի նախորդող կեանքը։ Այսինքն 1915ի նախորդող կեանքը...։ Արմատները կ’երկարին մինչեւ Անատօլուի չորս կողմերը։ »Ջարդէն առաջ, ջարդէն ետք« կ’ըսեն անոնք։ Կը ծռի դէպի ականջս. -Անատօլուէն եկողները այսպէս կ’ըսեն. Ջարդ... որ Ցեղասպանութեան նուրբ ձեւն է...։ Անունը Կարապետ է։ Իսթանպուլէն Ամերիկա գաղթեր է, բայց ատոր նախորդող շրջանը կայ։ Երբ կը հարցնեմ թէ ո՞ւր է իր ծննդավայրը, ան կը պատասխանէ. - Կը հարցնէք թէ ո՞ւր ծնած եմ. Մայրս ու հայրս Մալաթիացի, Արաբկիրցի են...։ Հօրս մայրն ալ, հայրն ալ 1915ին կը բնաջնջուին։ Հայրս եւ հօրեղբայրս մանուկ տարիքի մէջ իրենք զիրենք կը գտնեն Փոթուրկէի Ալուշլու գիւղը, քիւրտերու մէջ։ Ես ալ այդ գիւղը ախոռի մը մէջ ծներ եմ։ Հոնկէ Մալաթիա գաղթեր է ընտանիքս։ Մալաթիոյ մէջ երբ վարժարան յաճախել սկսայ, քրտերէն կը խօսէի։ Այսօր իսկ շնորհքով հայերէն չեմ կրնար խօսիլ։ )Կը խնդայ_։ - Ռաքէլին պէս, կ’ըսեմ։ Գլխովը կը հաստատէ։ Մալաթիոյ մէջ կօշկակարութիւն սորվիլ կը սկսի։ 1959ին Իսթանպուլ, իսկ 1985ին Ամերիկա կը գաղթէ...։ Այնուհետեւ կը հարցնէ անմիջապէս. - Հիմա ուրտեղացի եմ ես, ըսէ տեսնենք։ Կարապետ խնդալով կը շարունակէ. - Միշտ գաղթ ու գաղթ...։ Կեանքս անցաւ գաղթով։ Աստուած որեւէ մէկը գաղթի թող չդատապարտէ։ Տօքթ. Մուրատ։ Ծնած 1957ին Կեսարիոյ ներքին թաղերուն մէջ։ Հայրը ծնած Սվաս, իսկ մայրը՝ Եոզկատ, Չաթ։ Ընտանիքը Իսթանպուլ կը գաղթէ։ 1969ին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ կ’ուսանի։ - Հրանդ Տինքը ինձմէ երկու դասարան վեր էր։ Նազար Պիւյիւմն ալ մեր մեծ եղբայրներէն մէկն է...։ Հայրս 1915ին կ’որբանայ։ Մօրս կողմէ ջարդի զոհ չենք տուած, բայց հօրս կողմէ տուած ենք։ Գաղթած ենք այստեղ 1975ին...։ Յակոբը ծնած է 1961ին։ Մեծ հայրը Եոզկատցի է։ - Ջարդէն միայն մեծհայրս եւ իր եղբայրը ազատեր են. մնացեալը ջարդուեր է...։ Ընտանիքը 1961ին Իսթանպուլ եկեր է եւ հոնկէ ալ Ամերիկա...։ Նուպարը ծնած է Իսթանպուլ։ Մայրն ու հայրը Կեսարիոյ Կէմէրէք գիւղէն են։ 1952ին Իսթանպուլ, 1983ին Ամերիկա...։ Օննիկը 1935ին Իսթանպուլ ծնած է։ Պալեաններու ընտանիքէն կը սերի...։ - Մայրս Կեսարիա Թալասի մէջ ծներ է, Հայրս Իսթանպուլ Պէշիկթաշի մէջ։ 1963ին Ամերիկա։ Յակոբ։ Հօրը կողմէ Կեսարիայէն, Եոզկատ Չաթէն, մօրը կողմէ Պողազլեանէն։ Ան կը շարունակէ. »Այդ »գայմաքամին« տեղէն«...։ 1956ին Իսթանպուլ ծներ է։ Ան կը շարունակէ պատմել։ - Հօրս կողմը Էտիրնէցի, մօրս կողմը Սվաս Զառացի է։ 1915ին երբ ջարդը սկսեր է, հօրեղբայրս Պուլկարիա խոյս տուեր է։ Հայրս Իսթանպուլ եկեր է։ Էտիրնէի մէջ ջարդ չկայ ըսեր են բայց երբ նոր լուրեր հասեր են, անոնք խոյս տուեր են։ Հօրեղբօրմէս լուր չեն ստացեր։ Անոնց աղջիկները ես գտայ Ֆլորիտայի մէջ։ Կեսարիոյ Տէվէլի գիւղին մէջ ծներ է։ Հայերէն անունով Էվէրէկի Եղիա գիւղին մէջ։ Պետրոսը ծներ է Գերմանիա։ Մայրն ու հայրը մալաթիա Փոթիւրկէցի են։ Արէտը Իսթանպուլ ծնած է։ Հօրը կողմէ Եոզկատցի, մօրը կողմէ Ամասիացի...։ Ռուբէն կը կոչուի։ Ան կը պատմէ. - Մօրս հայրը Սիլիվրիէն է...։ Հօրս մայրը Գոնիայէն...։ Հօրս հայրը Էսկիշէհիրէն...։ Տօքթ. Ռուբէն Սեւակ Չիլինկիրեան, բանաստեղծ։ 24 Ապրիլ 1915ին 105 մտաւորականներու հետ Իսթանպուլէն հաւաքուելով աքսորուած եւ անգամ մըն ալ չվերադարձած հայերէն...։ Հայրս Տէր Զօր գացեր, դարձեալ վերադարձեր է...։ Տօքթ. Արթօ։ Ծնած է 1937ին։ Հայրը Էտիրնէցի, մայրը Իզմիթ Պահչէճիքցի։ Կը պատմէ. - 1915ին ընտանիքի բոլոր անդամները ջարդի գացեր են...։ Հայրս որ դեղագործ սպայ է եղեր, ազատեր է...։ Ուրիշ մը. - Հայրս Կէմէրէկցի, մայրս Սեւ Ծով, Չարշամպայէն, յոյն։ Իմ հայրս եւ Տօքթ. Մուրատի մեծհայրը 1915ին զիրար կը կորսնցնեն, 1950ին Կեսարիոյ մէջ զիրար կը վերագտնեն։ Վաճառական Յովսէփ, հայրը Պինկէօլցի։ - 73 հոգի հաշուող ընտանիքէն 1915ին միակ փրկուողը հայրս եղեր է...։ Պինկէօլէն Գանատա գաղթեր է...։ Տիգրան, 1961ի ծնունդ. - Հայրս Իսթանպուլ Էրէնգիւղէն, մայրս Գումգաբուէն։ Գումգաբուի մէջ իր անունը կրող համբաւաւոր Քէօր Յակոբ գարեջրատան տէրը մօրս մօրեղբայրն է...։ Գուրգէն կը կոչուի։ 1955ին ծներ է Իսթանպուլ։ Մայրն ու հայրը Իսթանպուլցի են։ Կը պատմէ. - Մօրս հայրը, մեծհայրս 18 տարեկանին կը յաջողի ջարդէն փրկուիլ։ Ջարդէն մահացողները հօրս կողմէ են...։ Ան կը ծռի դէպի ականջս եւ կ’ըսէ. - Ամէն մէկ հայու կեանքը վէպ մըն է...։ Իսթանպուլցի Գուրգէն կ’ըսէ. - Մայրս 80 տարեկան է, առանձին կ’ապրի Լոս Անճէլըսի մէջ։ Միշտ կը գանգատի։ Կ’ըսէ որ իր պատուհանին տակէն անցնող ոեւէ մէկը Աստուծոյ համար իսկ բարեւ մը չի տար իրեն։ Ան կը յայտնէ Իսթանպուլի հանդէպ իր կարօտը։ Միւսին ձայնը կ’արձագանգէ ականջներուս մէջ։ - Մեզմէ շատեր կսկիծ ունին իրենց սրտին մէջ։ Մենք մեզի կը հարցնենք թէ ինչո՞ւ եկանք այս հեռաւոր տեղերը։ Հրանդ Տինքի լուսանկարին տակ նստած, ամբողջ գիշեր լսեցի կսկիծներով, կսկիծները իրենց սրտին կոխելով ապրողները։ Եւ հեռուէն հեռու, Սարը Կէլին երգը կը հասնէր ականջիս...։ * * * * * Վիպային իրենց կեանքով հայրենակարօտ Իսթանպուլահայերը լսել... եւ կամ ցաւերով ապրիլ, ցաւերը իրենց սրտին մէջ թաղելով ապրիլ... ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը