Վարչապետ Էրտողան կրկնեց որ 12 Յունիսին նոր Թուրքիա մը պիտի հիմնուի


Վարչապետ Էրտողան կրկնեց որ 12 Յունիսին նոր Թուրքիա մը պիտի հիմնուի

  • 04-04-2011 19:05:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Էրտողանի ու Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի միջեւ խօսքի ու նախատինքի մենամարտը ամէն օր նոր բառամթերքով մը կը ճոխանայ ու դիտողներու համար արդէն սկսած է դառնալ հաճելի։ Մէկը ի՞նչ պիտի ըսէ, միւսը ի՞նչպէս պիտի պատասխանէ, յաջորդ օր ան ի՞նչ պիտի գտնէ ըսելիք, ահաւասիկ հետաքրքրական հարցումներ, զորս շատեր կ’ուղղեն կարդալով երկու քաղաքագէտներու միջեւ շարունակուող մենամարտին մանրամասնութիւնները։ Վարչապետ Էրտողանի մէկ նախադասութիւնը կրկին Քըլըճտարօղլուի քաշքշուքին նիւթ դարձած էր անցեալ օր, Վարչապետը ըսած էր որ իրենց համար 2002 թուականին աշկերտութեան շրջանը սկսաւ, 2007-ին աստիճան մը բարձրացան, գիտակ աշխատաւոր դարձան )Գալֆա_, իսկ յառաջիկայ 12 Յունիսի ընտրութիւններուն այլեւս վարպետ պիտի դառնան։ Քըլըճտարօղլու չուշացաւ պատասխանելու այս պնդումին ու հեգնական ոճով մը պատասխանեց. »Վարպետութեան շրջա՞ն։ Թող սիրեն քու վարպետութեան շրջանը«։ Վարչապետ Էրտողանն ալ, երէկ Սինոփցիներու հետ կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին պատասխանեց Քըլըճտարօղլուին ու ըսաւ. - Սիրողները հոս են, փառք Աստուծոյ, ասիկա քու խնդիրն է։ Իսկ դուն տակաւին աշկերտ իսկ չկրցար ըլլալ ու պիտի չկարենաս ըլլալ։ Վարչապետ Էրտողան կրկնեց որ 12 Յունիսին նոր Թուրքիա մը պիտի հիմնուի։ Ան անգամ մը եւս նշեց այն հսկայ ծրագիրները որոնք իրականացան իրենց իշխանութեան տարիներուն, դիտել տուաւ որ Իսթանպուլի երրորդ կամուրջին ալ ծրագիրը աւարտած է ու մօտ օրէն իրականացման հանգրուանը պիտի սկսի։ »Բնաւ մի զարմանաք եթէ ասոնք ըսեն որ երրորդ կամուրջը մի շինէք, երկրաշարժէն փուլ կուգայ, ըսաւ Վարչապետը, անոնք միշտ ամէն բանի դէմ կուգան, առաջին ու երկրորդ կամուրջներուն, ապա Մարմարային, ապա խողովակով անցքին դէմ եկան։ Դէմ կուգան, բայց երբ կամուրջը կը շինուի, անոր վրայէն փառաւորապէս կ’անցնին, կը գործածեն«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը