Ճէմալ Փաշային թոռն մասնակցեցաւ Գալիֆորնիոյ Համալսարանի մէջ հայերու կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը


Ճէմալ Փաշային թոռն մասնակցեցաւ Գալիֆորնիոյ Համալսարանի մէջ հայերու կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը

  • 04-04-2011 18:58:23   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Քրոնիկագիր Հասան Ճէմալ, որ տեղահանութեան շրջանի նշանաւոր Ճէմալ Փաշային թոռն է, անցեալները մասնակցեցաւ Գալիֆորնիոյ Համալսարանի մէջ հայերու կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որուն ատենախօսներն էին ինքը, պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, նաեւ պատմաբան Փամէլա Շթայնէրը։ Իսկ հանդիսավարն էր գործարար Գուրգէն Պէրքշանլար։ Հասան Ճէմալ Շաբաթ օր եւ երէկ՝ »Միլլիյէթ«ի իր սիւնակին մէջ կը փոխանցէ իր տպաւորութիւնները, որոնք շատ կարեւոր ու սրտապնդիչ են եւ որոնք լաւատեսութիւն կը ներշնչեն։ Շաբաթ օրուան իր յօդուածին մէջ Հասան Ճէմալ կը խօսեցնէր Անատոլուէն գացած զանազան հայեր, որոնք կը պատմէին թէ ինչպէս զոհուած են իրենց նախնիները։ Հասան Ճէմալի մասնակցութիւնը բաւական աղմուկ բարձրացուց Գալիֆորնիոյ հայկական շրջանակներէն ներս ու գրութիւններ հրատարակուեցան հոն ալ։ Այս բոլորին մասին յառաջիկայ թիւերով պիտի տանք մանրամասնութիւններ։ Առ այժմ, հիմնուելով Հասան Ճէմալի երէկ հրատարակուած յօդուածին վրայ, կը տեսնենք որ իրեն համար դիւրին չեղաւ մասնակցիլ այս հաւաքոյթին, բայց ամէն ինչ անցաւ շատ լաւ։ Հայերը շատ հետաքրքիր էին տեսնելու թէ ինչ պիտի խօսէր Ճէմալ Փաշայի թոռը։ Բայց սրահին մէջ գոհունակութեան ալիք մը տարածուեցաւ երբ ան ըսաւ որ ողջոյններ բերած է Անատոլուի հողերէն, թէ մեր բոլորին արմատները նոյն հողէն է։ Նոյնիսկ ծափահարութիւններ բարձրացան երբ ինք քանի մը հայերէն բառեր արտասանեց։ Մէկը մօտեցաւ ու ըսաւ որ իր տղան զինքը ճանչցաւ, բայց չուզեց անոր ձեռքը սեղմել, ինչ ընե՜լ որ այսօրուան երիտասարդները այսպէս են։ Իսկ Հասան Ճէմալ պատասխանեց որ ինք հոս եկաւ հայ երիտասարդներու ձեռքը սեղմելու համար։ Անշուշտ որ անցեալի մէջ պատահածները անմոռանալի են, բայց պիտի չարտօնենք որ անցեալի ցաւերը խցեն դէպի հաշտութիւն գացող ճամբաները, ըսաւ ան։ Այս խօսքերն ալ արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։ Ուսուցիչ մը մօտեցաւ ու ըսաւ որ այլեւս պէտք է նոր սերունդին բացատրել թէ հայ երիտասարդները թուրք երիտասարդներուն թշնամին չեն, մենք այսպէս կը քարոզենք, դուք ալ ձեր դասագիրքերուն մէջ այսպէս քարոզեցէք։ Հասան Ճէմալ իր յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ թէ հաւաքոյթին համար հրատարակուած պրօշիւրին վրայ տուած էր այն պատկերը ուր Հասան Ճէմալ ծաղիկ կը թողու Ծիծեռնակաբերդի մէջ։ Կ’աւելցնէ որ հաճելի գիշեր մըն էր եւ թէ ինք ալ շատ բան սորվեցաւ։ Շատ աւելի լայն մանրամասնութիւններ պիտի տանք վաղուան թիւով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը