Ալանաիոյ մէջ հայերու կողմէ սպաննուած նահատակներու յուշարձան


Ալանաիոյ մէջ հայերու կողմէ սպաննուած նահատակներու յուշարձան

  • 16-06-2011 16:13:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ալանիա նահանգի մէջ ալ գոյութիւն ունի »Հայկական Անհիմն Պնդումներու Դէմ Պայքարի Միութիւն« մը որ, Քէսթէլի Քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար որոշեր է Ալանիոյ մէջ բանալ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին հայ ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած 258 Ալանիացի նահատակներու ի յիշատակ յուշարձան մը։ Միութեան Նախագահ Եուսուֆ Եըլմազ այս մասին բացատրութիւններ տուաւ եւ ըսաւ որ Յուշարձանը պիտի արժէ 281 հազար լիրա։ Այս գումարին 35 հազարը իրենց պիտի տրուի Մշակոյթի Նախարարութեան կից Գեղարուեստից Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ, մնացեալն ալ իրենք պիտի ապահովեն հայրենակիցներէն, քաղաքական կուսակցութիւններէն ու քաղաքապետութիւններէն։ Պիտի ջանան 2-3 ամսուան մէջ աւարտել Յուշարձանը։ Նախաձեռնողները բաւական ժամանակէ ի վեր կ’աշխատէին որպէսզի ճշդէին հայերու կողմէ սպաննուած Ալանիացիներուն անուններն ու նահատակութեան վայրերը։ Նահատակներուն անունները պիտի արձանագրուին ու պիտի լուսաւորուին։ »Հայկական Անհիմն Պնդումներու Դէմ Պայքարի Միութիւնը«, այս Յուշարձանը աւարտելէ վերջ մտադիր է եղեր մէկմէկ նմանօրինակ յուշարձան բանալ նաեւ Անթալիոյ Էլմալը եւ Մանավկաթ գաւառակներուն մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը