Վարչապետ Էրտողան ըսաւ որ այցելութիւնը Իրաք պատմական քայլ մըն էր


Վարչապետ Էրտողան ըսաւ որ այցելութիւնը Իրաք պատմական քայլ մըն էր

  • 31-03-2011 17:17:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Էրտողան լրագրողներու հետ բաժնեց դէպի Իրաք կատարուած երկօրեայ այցելութեան հարուստ տպաւորութիւնները։ Ինչպէս երէկ ալ ընդգծած էինք, այս այցելութեան մասնաւորաբար Հիւսիսային Իրաքի մասը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ու Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտերուն համար եւ յայտնի է որ դրական զարգացումներ արձանագրուեցան երկու կողմերուն համար ալ։ Յայտնի է նաեւ որ Թուրքիա աչք առաւ կեցուածքի փոփոխութիւն մը ընել Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտերու ինքնավար մարզի առընչութեամբ։ »Դիւրին չեղաւ, բայց եղաւ«, ըսաւ Էրտողան այս մասին ակնարկութիւն ընելով։ Վարչապետ Էրտողան ըսաւ որ այս այցելութիւնը պատմական քայլ մըն էր։ Ասկէ վերջ այս շփումները պէտք է շարունակուին պետական հիմնարկներու միջոցաւ։ Պէտք է նոր քայլեր առնուին, Իրաքի դրամը՝ Տինար պէտք է գործածուի Թուրքիոյ մէջ, Թրքական Լիրան ալ պէտք է գործածուի Իրաքի մէջ։ »Այս կերպով մեր երկիրները կրնան իրենց դրամները փրկել տոլարի ճնշումէն, ատկէ զատ ասիկա մեզի պիտի ապահովէ հարիւրէն քսան շահ։ Կ’ուզենք որ փոխադարձաբար ջնջենք վիզաները։ Բայց անոնք այս խնդրին նկատմամբ վերապահութիւններ ունին ապահովութեան տեսանկիւնէն։ Ըսինք որ գոնէ ջնջենք պաշտօնական անցագիրը։ Պիտի շարունակենք բանակցիլ վիզաները ջնջելու խնդրի շուրջ«, ըսաւ Էրտողան։ Էրտողան դիտել տուաւ որ ժամանակը եկած էր այլեւս որ Թուրքիոյ Վարչապետ մը Հիւսիսային Իրաքի Էրպիլ քաղաքը երթար։ »Բայց ասիկա դիւրին չեղաւ մեզի համար«, ըսաւ Էրտողան։ Վարչապետը դիտել տուաւ նաեւ որ Հարաւային Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Իրաքի Նէճէֆ քաղաքին մէջ շրջանային վարչութիւններն ու քաղաքապետութիւնները դեռ լաւ չեն աշխատիր ու եթէ ուզեն, Թուրքիա կրնայ իր քաղաքապետական փորձառութիւնները փոխանցել անոնց։ Վարչապետը յայտնեց նաեւ որ Իրաքի նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն ալ ներկայիս փոխուեցաւ։ »Առաջ երբ Իրաք կ’ըսուէր, Թիւրքմէններուն մասին կը խօսէինք, իսկ հիմա կը խօսինք ամբողջ Իրաքի ժողովուրդին մասին։ Մէկ հանգրուանէն դէպի միւս հանգրուան անցնելու համար երկար ժամանակ մեծ համբերութիւն ցոյց տուինք«, ըսաւ Վարչապետ Էրտողան։ Էրտողան աւելցուց որ Իրաքի երկու բաժիններուն մէջ ալ շատ լաւ ընդունելութիւն գտաւ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ Պարզանի զինքը դիմաւորեց մինչեւ օդակայան գալով։ Ուրեմն հիմա Թուրքիա պէտք է լաւ արժեւորէ այս նոր գործընթացը։ Ասիկա շատ կարեւոր է Իրաքի մէջ շինարարական ու բնականոն պայմաններու վերադառնալու գործընթացին օգնելու տեսակէտէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը