Իրանէն ու Աֆղանստանէն թմրանիւթերը այլ երկիրներու մէջ կը յայտնուին Վրաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքներով


Իրանէն ու Աֆղանստանէն թմրանիւթերը այլ երկիրներու մէջ կը յայտնուին Վրաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքներով

  • 29-03-2011 15:22:49   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վերջին շրջաններուն Վրաստան-Իրան ջերմ յարաբերութիւններն ու Յունուարէն սկսեալ անցագրային դրութիւնը ջնջելու որոշումը չէին կրնար լռութեան մատնուիլ Ամերիկայի կողմէ։ Այդ մասին կը վկայէ անցեալ շաբթուայ ընթացքին Ամերիկայի Արտաքին Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրը՝ թմրանիւթերու շրջանառութեան մասին։ Ամենամեայ տեղեկագրի մէջ կը նշուի որ Իրանէն ու Աֆղանստանէն թմրանիւթերը աշխարհի այլ երկիրներու մէջ կը յայտնուին Վրաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքներով։ Ըստ զեկոյցի տրամաբանութեան, Վրաստանի աշխարհագրական դիրքը այդ երկիրը կը վերածէ թմրանիւթերու համար մեծագոյն միջանցքներէն մէկը։ Այս դիտարկումի կողքին, թէեւ ոչ-անմիջապէս եւ ուղղակի կերպով, բայց տեղեկագրին մէջ կը նշուի որ ատոր կը նպաստէ նաեւ Իրանի հետ անցագրային դրութիւնը ջնջելու փաստը։ Ըստ ամերիկացի դիւանագէտներուն, Իրանէն ու Աֆղանստանէն թմրանիւթերը կը փոխադրուին երկու ճամբով։ Առաջինը Ատրպէյճանի տարածքով, որմէ վերջ թմրանիւթեր կը յայտնուին Ռուսաստանի ու Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Երկրորդ խողովակը Վրաստանի վրայով Յունաստանէն եւ Թուրքիայէն թմրանիւթերու անցումն է՝ դէպի եւրոպական երկիրներ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը