Եւրոխորհրդարանը հետաքննութիւն բացաւ երեք երեսփոխաններու մեղադրանքներու առընչութեամբ


Եւրոխորհրդարանը հետաքննութիւն բացաւ երեք երեսփոխաններու մեղադրանքներու առընչութեամբ

  • 29-03-2011 15:18:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Եւրոխորհրդարանը հետաքննութիւն բացաւ երեք երեսփոխաններու մեղադրանքներու առընչութեամբ։ Եւրոմիութեան երեք խորհրդարանականները, որոնք բոլորն ալ նախկին Նախարարներ են, կը մեղադրուին կաշառակերութեան յանցանքով՝ ելմտական ոլորտի օրինագիծը մեղմացնելու ուղղութեամբ փոփոխութիւններ իրականացնելու փոխարէն։ »Տհը Սանտէյ Թայմս« պարբերականը կը հաղորդէ թէ հետաքննութեամբ յայտնի դարձած է որ Եւրոխորհուրդի եւրոպական ընկերվարականներու երեք երեսփոխաններ՝ Աւստրիոյ ներքին գործոց նախկին նախարար Էռնսթ Շթրասէէր, Ռումանիոյ նախկին փոխ-վարչապետ Անտրիան Սէվէրին եւ Սլովենիոյ նախկին արտաքին նախարար Զորան Թհալէր մօտաւորապէս 100 հազար տոլար կաշառք ստցած են՝ դրամատնային համակարգի ներկայացուցիչներու համար նախընտրելի օրէնսդրական փոփոխութիւններու նախագիծերը Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ ներկայացնելու համար։ Հայաստան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ երկիրներ, բնաւ ալ զերծ չէ կաշառակերութենէն եւ այսպիսի իրավիճակ մը կանխատեսելի է նաեւ եւրոպական երկիրներու պարագային, սակայն այս գայթակղութեան պարագային առաւել հետաքրքրականն այն է որ Անտրիան Սէվէրին ատրպէյճանական շահերու լոպիականներէն մէկն է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը