Թուրքիա պիտի չհրաժարի Մէրսինի Ագգույու գաւառակին ու Սինոփի մէջ մէկմէկ աթոմակայան հիմնելու իր ծրագրէն


Թուրքիա պիտի չհրաժարի Մէրսինի Ագգույու գաւառակին ու Սինոփի մէջ մէկմէկ աթոմակայան հիմնելու իր ծրագրէն

  • 25-03-2011 17:40:45   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրքիոյ մէջ աթոմակայաններ հաստատելու իրենց որոշումին մէջ երկրի իշխանութիւնները պահ մը իսկ վարանեցա՞ն արդեօք, երբ Ճաբոնի ահաւոր երկրաշարժէն վերջ հոն ստեղծուեցաւ նաեւ աթոմական ուժանիւթի աղէտ։ Թուրքիա վերատեսութեան պիտի ենթարկէ՞ երկրին մէջ երկու, նոյնիսկ երեք աթոմակթայաններ կառուցանելու իր որոշումը։ Հարցումին պատասխանը երէկ եկաւ Ուժանիւթի Նախարար Թանէր Եըլտըզէն։ Ո՛չ։ Թուրքիա պիտի չհրաժարի Մէրսինի Ագգույու գաւառակին ու Սինոփի մէջ մէկմէկ աթոմակայան հիմնելու իր ծրագրէն։ Թուրքիա այս ծրագրէն կը հրաժարի այն ատեն միայն երբ աշխարհի պետութիւնները կ’որոշեն գոցել սա պահուն աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող 442 աթոմակայանները, ըսաւ Նախարարը։ Երբ այս կայանները կան ու կը գործեն, Թուրքիա ինչո՞ւ հրաժարի աթոմակայան կառուցանելէ։ Եթէ Թուրքիա հրաժարի, աթոմակայաններու թիւը 443էն 442-ի զեղչուած կ’ըլլայ, այդքան։ »Զաման«ի աշխատակցին հարցումներուն պատասխանելով Ուժանիւթի Նախարար Եըլտըզ ըսաւ որ Թուրքիա թէեւ պիտի չհրաժարի աթոմակայանի ծրագրէն, բայց առաւելագոյն ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ աթոմակայանի անվտանգութեան հարցին վրայ։ Անշուշտ Ճաբոնի օրինակը մտածել կուտայ, բայց սխալ է նաեւ որ այդ երկրաշարժին պատճառաւ հարցուի թէ աթոմակայանէն պիտի հրաժարի՞նք թէ ոչ։ Չէրնոպիլի արկածէն վերջ պետութիւնները չհրաժարեցան նոր աթոմակայաններ հիմնելէ, միայն Չէրնոպիլէն վերջ մինչեւ այսօր 140 նոր կայաններ աշխատանքի բացուեցան։ Նախարարը կրկնեց որ անվտանգութեան հարցը կենսական է, բայց ատիկա կապ չունի Ճաբոնի մէջ պատահածին հետ։ Նոյնիսկ եթէ մէկը մեզ ապահովցնէ թէ 150 տարի որեւէ երկրաշարժ պիտի չպատահի, մենք պարտաւոր ենք անվտանգութեան մասին մտածելու, ըսաւ Նախարարը։ Նախարարին կարծիքով, Մէրսինի կամ Սինոփի մէջ կառուցանելի աթոմակայանները երկրաշարժի դէմ ամէնէն տոկուն կայանները պէտք է ըլլան ու պիտի ըլլան։ Մէրսինի աթոմակայանին մասին Ճաբոններու հետ համաձայնութիւն գոյացած է։ Թէեւ հիմա Ճաբոնի մէջ բոլոր մասնագէտները պատահած աղէտով զբաղած են ու բանակցութիւնները պահ մը ընդհատուեցան, բայց վաղը պիտի շարունակուին։ Ուժանիւթի Նախարարը յիշեցուց որ աշխարհի վրայ ուժանիւթերու թշնամի որոշ հաստատութիւններ կան որոնք միշտ հակառակ ուղղութեամբ քարոզչութիւն կը կատարեն, պէտք է նկատի առնել նաեւ այս կէտը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը