Հայաստանում բարեփոխումներ պէտք է իրագործուին յատկապէս ընտրական համակարգէն ներս


Հայաստանում բարեփոխումներ պէտք է իրագործուին յատկապէս ընտրական համակարգէն ներս

  • 25-03-2011 17:26:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի )ԵԽԽՎ_ Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Ճոն Պրէսքոթ եւ Աքսէլ Ֆիշէր երկօրեայ այցելութեամբ Երեւան գացին եւ իշխանութիւններու հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք ողջունեցին երկրի իրաւապահ, դատական եւ ընտրական համակարգերէն ներս իշխանութիւններու կողմէ իրականացած բազմաթիւ բարեփոխումները։ Համազեկուցողները ընդգծեցին որ մշակուած բազմաթիւ ծրագիրներ այժմ պէտք է օրինագծի վերածուին եւ կեանքի կոչուին որպէս յստակ քաղաքականութիւն՝ երկրի համար անհրաժեշտ բարեփոխումները իրականացնելու համար։ Ըստ իրենց, բարեփոխումներ պէտք է իրագործուին յատկապէս ընտրական համակարգէն ներս եւ այդ բարեփոխումներու բարեյաջող աւարտը կարեւոր է 2012ին իրական ժողովրդավարական ընտրութիւններ ապահովելու համար։ Անդրադառնալով 1-2 Մարտ 2008ի դէպքերուն, անոնք պահանջեցին որ պատշաճ հետաքննութիւն կատարուի 10 զոհերու մահուան պատճառները քննելու նպատակով։ Եւրոպացի դիւանագէտներու խօսքերով այդպիսի հետաքննութեան մը բացակայութիւնը կը թունաւորէ Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական իրավիճակը։ Համազեկուցողներու ամփոփիչ տեղեկագիրը պիտի ներկայացուի ԵԽԽՎի Սեպտեմբերեան նստաշրջանին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը