Արաս Էօզպիլիզ կը մերժէ Հայաստանի կազմէն ներս հանդէս գալու հրաւէրը


Արաս Էօզպիլիզ կը մերժէ Հայաստանի կազմէն ներս հանդէս գալու հրաւէրը

  • 24-03-2011 17:35:23   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հոլանտայի ձայնասփիւռի կայանը 22 Մարտին հաղորդեց թէ »Այաքս« ակումբի 21ամեայ խոստմնալից ֆութպոլիստ Արաս Էօզպիլիզ, որուն առաջարկ ներկայացուած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբէն ներս հանդէս գալու մասին, յաւակնութիւն յայտնած է հանդէս գալու Հոլանտայի ազգային խումբէն ներս։ Էօզպիլիզի այս յայտարարութիւնը կը նշանակէ թէ ան կը մերժէ Հայաստանի կազմէն ներս հանդէս գալու հրաւէրը։ Նախապէս Էօզպիլիզի անունը շրջանառութեան դրուած էր նաեւ Թուրքիոյ ազգային խումբի վարիչներուն կողմէ։ Յայտնենք որ Էօզպիլիզի ծնողքը նախկին Պաքըրգիւղցիներ են եւ Հոլանտա փոխադրուած են երբ Արաս ընդամէնը մէկ տարեկան էր։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը