Երիտասարդ թուրքերու միութիւն«ը կը պատրաստուի 30 Ապրիլին հանրահաւաք մը կազմակերպել Նիւ Եորքի մէջ


Երիտասարդ թուրքերու միութիւն«ը կը պատրաստուի 30 Ապրիլին հանրահաւաք մը կազմակերպել Նիւ Եորքի մէջ

  • 24-03-2011 17:28:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամերիկայի »Երիտասարդ թուրքերու միութիւն«ը կը պատրաստուի 30 Ապրիլին հանրահաւաք մը կազմակերպել Նիւ Եորքի մէջ։ Ամերիկայի մէջ բնակող թուրքերու թիւը մօտաւորապէս 250 հազար է եւ այս թուրքերն ունին աւելի քան 100 միութիւններ։ Միութիւններու աշխատանքի վրայ կը հսկեն »Թրքական ֆորում«ն ու »Ամերիկայի թրքական միութիւններու ֆէտէրասիոն«ը։ Այս երկու կազմակերպութիւններու հսկողութեան տակ է նաեւ »Երիտասարդ թուրքերու միութիւն«ը, որու նախաձեռնութեամբ ալ պիտի սարքուի 30 Ապրիլի հանրահաւաքը՝ Նիւ Եորքի Թայմս հրապարակի վրայ։ Միութեան նախագահ Թոլկա Թէքման յայտնեց թէ իրենց նպատակն է որ »Ամերիկայի թրքական համայնքը »ոչ« ըսելով վերջ տայ հայոց սուտերուն եւ տէր կանգնի Թուրքիոյ ազգային դատին, ամբողջ աշխարհը տեղեակ պահելով ճշմարտութենէն«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը