Երդումի դէմ բողոք ներկայացուցած երեսփոխաններուն համար վերջին ժամկէտը 15 Յուլիս թուականն է


Երդումի դէմ բողոք ներկայացուցած երեսփոխաններուն համար վերջին ժամկէտը 15 Յուլիս թուականն է

  • 06-07-2011 21:14:06   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մամարա Խորհրդարանի երդումի արարողութեան դէմ Ճէ-Հէ-Փէցի ու Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխաններու կողմէ հռչակուած զանգուածային պոյքոթը երէկ ալ զբաղեցուց հանրային կարծիքը, որ անհամբեր է լսելու որ տագնապը կը փարատի ու Խորհրդարանը կը լծուի իր բնականոն աշխատանքին։ Երէկ որպէս վերջնական ժամկէտ, թուական մը յառաջ քշուեցաւ Ա-Գէ-Փէի խօսնակներու կողմէ։ Այս թուականը 15 Յուլիս է, այսինքն մօտաւորապէս տասը օր վերջ։ Եթէ երդումի դէմ պոյքոթ հռչակած երեսփոխանները մինչեւ 15 Յուլիս իրենց երդումը չընեն, անկէ վերջ կրնայ պատահիլ որ անոնք կորսնցնեն իրենց երեսփոխանի հանգամանքը։ Պատճառն այն է որ մինչեւ 15 Յուլիս այս երեսփոխանները հինգ անգամ բացակայած պիտի ըլլան քուէարկութիւններէն։ Իսկ, ինչպէս արդէն նախընթաց օր յիշեցուցած էր Վարչապետ Էրտողան, մէկ ամսուան մէջ հինգ անգամ բացակայող երեսփոխանը կրնայ կորսնցնել երեսփոխանի իր պաշտօնը։ Վարչապետ Էրտողանն էր որ նախընթաց օր տուաւ առաջին ազդանշանը երբ ըսաւ որ կարելի է նկատի առնել երեսփոխաններու բացակայութեան սկզբունքը։ 15 Յուլիսին նոր կառավարութեան յայտագիրը պիտի կարդացուի ու վստահութեան քուէարկութիւն պիտի կատարուի։ Ասիկա նոր նստաշրջանի հինգերորդ քուէարկութիւնը պիտի ըլլայ եւ պիտի դառնայ նաեւ հինգերորդ քուէարկութիւնը որուն ներկայ չեն գտնուած բողոքարկու երեսփոխանները։ Այս հանգրուանէն վերջ Խորհրդարանի Նախագահութեան Դիւանը, ըստ Սահմանադրութեան, կրնայ ձեռք առնել բացակայող երեսփոխաններու կացութիւնը ու այդ հարցը փոխանցել Խառն Յանձնախումբին, եթէ Խառն Յանձնախումբն ալ համակարծիք ըլլայ, այն ատեն հարցը կը դրուի Ընդհանուր Ժողովի օրակարգին վրայ եւ կը հարցուի թէ այս երեսփոխաններուն երեսփոխանութիւնը ջնջուի՞ թէ ոչ։ Եթէ ներկայ երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը, որ է 276, այդ ուղղութեամբ քուէարկէ, երեսփոխանները կրնան կորսնցնել իրենց պաշտօնը։ Եւ եթէ պարպուած աթոռներուն թիւը Խորհրդարանի երեսփոխաններուն ընդհանուր թիւին 5 տոկոսէն աւելի բարձր ըլլայ, որ է 28, այն ատեն միջանցքային նոր ընտրութիւն մը կը կատարուի պակսող երեսփոխաններուն տեղը լեցնելու համար։ Խնդիրը մինչեւ հոն պիտի երթա՞յ, եւ եթէ երթայ, ի՞նչպիսի խառնակ կացութիւն մը կը ստեղծուի երկրին մէջ, անշուշտ յայտնի չէ։ Բողոքարկու երեսփոխանները իսկապէս պիտի շարունակե՞ն գործը մինչեւ հոն տանիլ կամ ընդդիմութիւնը կամ երկիրը ի՞նչ կը շահի այս բողոքէն, այդ ալ յայտնի չէ։ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան Խմբակի Նախագահի Տեղակալ Մուսթաֆա Էլիթաշ երէկ յայտարարեց թէ երդումի դէմ բողոք ներկայացուցած երեսփոխաններուն համար վերջին ժամկէտը 15 Յուլիս թուականն է։ Ան կոչ ըրաւ երեսփոխաններուն։ »Վերջ տւէք այս յամառութեան կ’ըսենք անոնց, բայց եթէ շարունակեն յամառիլ, 15 Յուլիսը իրենց համար վերջին ժամկէտ կ’ըլլայ։ Եթէ Նախագահութեան Դիւանը այս հարցը փոխանցէ Խառն Յանձնախումբին, անկէ վերջ այլեւս գործը գործէն անցած կ’ըլլայ«, ըսաւ Էլիթաշ։ Մինչեւ այսօր երեք քուէարկութիւն կատարուեցաւ ու այս երեք քուէարկութիւններէն բացակայեցան բողոքարկու երեսփոխանները։ Թէեւ Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխանները նիստերուն ներկայ կը գտնուին, բայց բացակայ կ’արձանագրուին անոր համար որ երդում չեն ըրած ու քուէարկութեան չեն մասնակցիր։ Մինչեւ 15 Յուլիս, ըստ յայտագրի, երկու քուէարկութիւն եւս պիտի ըլլայ եւ եթէ ասոնց ալ բացակային, այն ատեն լուրջ հարց պիտի ծագի։ Թէեւ Ճէ-Հէ-Փէի ճակատը երէկ այս յիշեցումը ընդունեց որպէս շանթաժ ու սպառնալիք, բայց Ա-Գէ-Փէի խօսնակները դիտել կուտան որ իրենք պարզապէս օրէնքը կը յիշեցնեն, օրէնք յիշեցնելը շանթաժ ընել չի նշանակեր։ 15 Յուլիս թուականի մասին եղած պնդումներուն անմիջապէս պատասխանեց Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու, որ ըսաւ. »Ոչ մէկը անոնց ձեռքէն կը բռնէ, թող ընեն ինչ որ կ’ուզեն։ Մենք, որպէսզի մինչեւ վերջ պաշտպան կանգնինք մարդու իրաւունքներուն, կամ ընտրելու ու ընտրուելու ժողովրդավարական իրաւունքին, պատրաստ ենք ասոր փոխարժէքը վճարելու։ Մենք գլուխ չենք ծռեր այսպիսի շանթաժներու ու սպառնալիքներու դիմաց«։ Եթէ Խորհրդարանի տագնապին համար լուծում մը չգտնուի, Պէ-Տէ-Փէի զօրակցութեամբ անկախ երեսփոխան ընտրուած երեսփոխանները Տիյարպաքըրի մէջ պիտի ջանան հիմնել »Քիւրտիստանի Խորհրդարան« մը։ Այդ պարագաձին այս երեսփոխանները իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն ո՛չ թէ Անգարա, Խորհրդարանի երդիքին տակ, այլ Տիյարպաքըր, այսպէս կոչուած՝ »Քիւրտիստանի Խորհրդարան«ին մէջ։ Պէ-Տէ-Փէցիները կրնա՞ն իրականացնել այսպիսի զգայացունց ու պայթուցիկ ծրագիր մը ։ Անկախ երեսփոխանները երէկ Տիյարպաքըրի մէջ գումարեցին իրենց խմբակի առաջին նիստը, այս կերպով իրականացուցին իրենց խմբակի ժողովները Տիյարպաքըրի մէջ ընելու իրենց սպառնալիքը։ Երեսփոխանները կը բողոքեն Հաթիպ Տիճլէի ու ընտրուած ուրիշ հինգ ընկերներու տակաւին ձերբակալուած վիճակի մէջ պահուելուն դէմ ու անոնք իրենց այս բողոքը պիտի տանին մինչեւ շատ վտանգաւոր կէտեր։ Երէկուան Տիյարպաքըրի խմբակի ժողովի ընթացքին 30 երեսփոխաններ սկսան քննարկել թէ ինչպիսի ուղիի մը պիտի հետեւին, եթէ պատահի որ պոյքոթի հետեւանքով ջնջուի իրենց երեսփոխանի պաշտօնը։ Երեսփոխանները կը ծրագրեն նոր խորհրդարան մը հիմնել Տէ-Թէ-Քէի երդիքին տակ։ Եթէ սխալ տեղեկատուութիւն կամ չափազանցութիւն չկայ հաղորդուած լուրերու մէջ, կ’ըսուի որ Պէ-Տէ-Փէցիները Տիյարպաքըրը իբր կեդրոն ընդունելով տեսակ մը այլընտրանքային կառավարութիւն պիտի հիմնեն ու զայն պիտի կոչեն »Քիւրտիստանի Խորհրդարան«։ Այնուհետեւ պիտի յայտարարուի որ Քրտական Ինքնավարութեան կեդրոնը Տիյարպաքըրն է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը