Ճէ-Հէ-Փէցի քանի մը երեսփոխաններ կողմնակից չեն Քըլըճտարօղլուի վարած երդումի քաղաքականութեան


Ճէ-Հէ-Փէցի քանի մը երեսփոխաններ կողմնակից չեն Քըլըճտարօղլուի վարած երդումի քաղաքականութեան

  • 07-07-2011 20:51:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնը, որ Էրկէնէքոնի ամբաստանեալներ Մէհմէտ Հապէրալի ու լրագրող Մուսթաֆա Պալպայի ազատ արձակուած չըլլալուն դէմ իբր բողոք երդում ընել չտուաւ իր երեսփոխաններուն, հիմա լուծում մը կը սպասէ ստեղծուած տագնապին համար, բայց ո՞ւրկէ պիտի գայ եւ ի՞նչպէս պիտի գայ այս լուծումը, երբ Վարչապետ Էրտողան ոչ միայն ցոյց չտուաւ Ճէ-Հէ-Փէցիներուն սպասած հետաքրքրութիւնը, այլ նաեւ ընդհակառակը փայտ նետեց կրակին մէջ ըսելով. »Պիտի տեսնէք, վաղը իրենց թքածը պիտի լիզեն ու պիտի գան«։ Վարչապետը ազդանշան տուաւ որ Խորհրդարանը այս կերպով ալ կրնայ աշխատիլ։ Երկրորդ ռումբը զոր Էրտողան պայթեցուց, այն պնդումն էր որ երդում չընողներուն դէմ կարելի պիտի ըլլայ բանեցնել բացակայութեան գործընթացը, բան մը որ կրնայ ջնջել տալ երդումը ժխտող երեսփոխաններուն երեսփոխանի պաշտօնը։ Ճէ-Հէ-Փէ, որքան ալ Կուսակցապետ Քըլըճտարօղլու ասպարէզ կարդայ , անելի մէջ ըլլալ կը թուի ու ճամբաներ կը փնտռէ անելէն դուրս գալու համար։ Այս ուղղութեամբ կ’ըսուի որ Ճէ-Հէ-Փէցիներուն յոյսը այժմ դրուած է Խորհրդարանի նորընտիր Նախագահ Ճէմիլ Չիչէքի վրայ։ Բազմաթիւ Ճէ-Հէ-Փէցիներ երկու օրէ ի վեր մասնակի խորհրդակցութիւններ ունեցան Չիչէքի հետ։ Թերեւս Վարչապետն ալ գաղտնաբար Չիչէքին թելադրած է որ լուծում մը գտնուի։ Քէմալ Քըլըճտարօղլու այսօր կամ վաղը խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենայ Ճէմիլ Չիչէքի հետ։ Քըլըճտարօղլու ըսաւ որ Խորհրդարանի Նախագահին կամքը կարեւոր է իրենց համար։ Այս կերպով ազդաշան տուած եղաւ որ հրաւէրը կ’ընդունի եթէ Չիչէքէն հրաւէր մը ստանայ։ Ճէ-Հէ-ՓԷի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու երկու օրէ ի վեր Խորհրդարանի իր աշխատասենեակին մէջ կ’ընդունի իր կուսակցութեան զանազան խմբակները եւ երեսփոխաններ։ Կ’ըսուի որ երեսփոխաններուն մեծ մասը համակարծիք են Հապէրալն ու Պալպայը պաշտպանելու ուղղութեամբ Քըլըճտարօղլուի վարած բողոքի քաղաքականութեան, բայց կան նաեւ քանի մը երեսփոխաններ որոնք այնքան ալ գոհ չեն։ Ասոնք Քըլըճտարօղլուին ուղղեցին հարցումներ ինչպիսին են հետեւեալները. »Մեր երեսփոխանութիւնը չի՞ ջնջուիր, երդում չընելը սխալ չէ՞«։ »Վերատեսութեան ենթարկեն բողոքի այս որոշումը, կազմակերպութիւններուն հարցնենք«։ »Ե՞րբ պիտի վերջանայ այս խնդիրը, ի՞նչ է որ վերջին հաշուով կը սպասենք մենք«։ »Բողոքը լաւ է բայց այն տպաւորութիւնը թողուեցաւ որ Պէ-Տէ-Փէին կը զօրակցինք։ Ուրիշ տարազ մը գտնենք«։ Բազմաթիւ երեսփոխաններ կը վախնան որ միջանցքային նոր ընտրութիւն կը կատարուի ու այս անգամ նախկին թիւը չեն կրնար ապահովել։ Իրենց երեսփոխանութիւնն ալ ինկած կ’ըլլայ։ Բայց Քըլըճտարօղլու շատ վճռական է։ Ան իր խօսակիցներուն պատասխանեց որ ոչ մէկը կրնայ ջնջել ընտրուած երեսփոխաններու երեսփոխանութիւնը, եթէ այդպիսի բան մը ըլլայ, վարչակարգի մեծ տագնապ կը ստեղծուի։ Ատկէ զատ, Քըլըճտարօղլու, որ հաստատ կը մնայ Հապէրալն ու Պալպայը պաշտպանելու խնդրին մէջ, ըսաւ որ եթէ փոխարժէք մը վճարել պէտք ըլլայ, ինք անձնապէս կը վճարէ այդ փոխարժէքը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը