Շահան Գանտահարեան. «Պահն է հատուցման իրաւականութեան ուղղութեամբ ուժերը կեդրոնացնելու»<br />


Շահան Գանտահարեան. «Պահն է հատուցման իրաւականութեան ուղղութեամբ ուժերը կեդրոնացնելու»

  • 11-07-2011 15:58:06   |   |  Յօդուածներ
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի գաղտնի արխիւներու հրապարակման լուրը տակաւ լուսարձակներ կը կեդրոնացնէ իր վրայ: Ամէն բանէ առաջ անշուշտ ընտրուած ժամանակահատուածը մտածել կու տայ քաղաքական հաւանական շարժառիթներու եւ ա՛յս պահուն Թուրքիոյ վրայ նոր ճնշամիջոցներ գործադրելու մասին: Ի հարկ է բացարձակ հաստատումներ կատարելը այս ուղղութեամբ յարիր չէ քաղաքական տրամաբանութեան: Այսուհանդերձ, հարցադրումը պարտադիր է: Ինչո՞ւ հիմա՛ կ՛որոշէ Վատիկանը հրապարակել այս ժամանակաշրջանին կտրուածքով եւ տուեալ ժամանակի պարունակին մէջ տեղադրուող Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւները: Վատիկանի օրուան դիրքորոշումները, Լեօ 13րդ պապին յորդորները սուլթան Ապտըլ Համիտին, պապական ներկայացուցիչներուն տեղակագրումները իրադարձութիւններուն մասին` այս ամբողջը պիտի գան լուրջ հարուած հասցնելու Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Անկէ առաջ սակայն, անհրաժեշտ է պատկերացնել Վատիկանի կատարելիք հրապարակումներուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին վրայ` հայ ժողովուրդի ցեղասպանեալ կարգավիճակը արմատապէս համոզիչ դարձնելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւններուն վրայ: Ճիշդ է. Պէտք է սահմանազատել հասարակութեան մօտ ստեղծուելիք համոզումն ու պետութիւններու որոշումներուն վրայ ունենալիք վճռորոշ հանգամանքը: Երկրորդի պարագային իրադրութիւններու ճշմարտացիութիւնը բաւարար չէ դիրքորոշուելու, իրերը իրենց անուններով կոչելու համար: Սակայն, վերադառնալով քաղաքական շարժառիթային տրամաբանութեան, պահի ընտրութիւնը` նման արխիւներու հրապարակման առ նուազն կրնայ նախանշել համաեւրոպական տրամադրուածութիւն մը կարեւոր ճնշամիջոց գործադրելու համար Թուրքիոյ դէմ: Ի վերջոյ Վատիկանի արխիւներու համապատասխան խորհուրդը միայն գիտականութենէ եւ արխիւագիտութենէ թելադրուած ըլլալու չէ, նման որոշումներ կայացուցած ըլալու համար: Այս հանգամանքները նկատի ունենալով ենթադրելի է որոշ չափով, թէ որքան անհանգստութիւն պատճառած կ՛ըլլան Վատիկանի այս բաժանմունքի պատասխանատուները իրենց այս որոշումով` ժխտողականներուն համար: Թրքական մամուլը աշխուժացած է այս ուղղութեամբ: Թրքական ,Ուաթանեը փութկոտութեամբ դիմած է Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու մոնսէնիոր Սերժիօ Պականոյին այս մասին տեղեկութիւններ քաղելունպատակով: Վատիկանի պաշտօնակատարի հայթայթած սեղմ տեղեկութիւնները յատկանշուած են մանաւանդ հայ մանուկներու նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած ջարդերու նկարագրականով: Բացի զգայացունց նկարագրականներէն Վատիկանի հոգեւորականին ընտրած թեման` հայ մանուկները, հիմնովին կը հարուածէ թրքական ժխտողական քաղաքականութեան հիմերը: Այստեղ համայն մարդկութեան գութը շարժող եւ ընդվզումի ալիքի բարձրացման իրողութեան առընթեր կը չէզոքացուին թրքական թեզերը` զինեալ բախումներու, երկկողմանի զոհերու, ռուսական բանակներուն օգնած ըլալլալու եւ զանգուածային ետեղափոխութիւնե կազմակերպած ըլալու: Տեղեկութիւններու այս նմուշին մէջ, պարզապէս մանուկներուն նկատմամբ գործադրուած ջարդի վկայութիւններու մասին է խօսքը: Վատիկանէն ուզուած բացատրականին դիմաց այս նախաբանը բարացուցական է: Կաթոլիկ աշխարհի կեդրոնէն հրապարակելի արխիւներու այս ահազանգը կրնայ բեկումնային նշանակութիւն ունենալ ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան, իրողականութեան եւ անհերքելիութեան ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն համար: Վատիկանի արխիւները, յայտնապէս նկատառելի լուսարձակներ պիտի շարունակեն խլել այս թղթածրարով զբաղող գիտական շրջանակներէն: Հայկական կողմին համար, այս կարեւոր իրականութիւնը պարզապէս պիտի վերհամոզէ, որ փաստացիութեան հանգրուանը աւելիով ամրագրուած է եւ պահն է հատուցման իրաւականութեան ուղղութեամբ ուժերը կեդրոնացնելու: Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ