Հրապարակ ելաւ «Թուրքիացի հայ բանաստեղծներ» խորագրէալ թրքերէն հաւաքածոն


Հրապարակ ելաւ «Թուրքիացի հայ բանաստեղծներ» խորագրէալ թրքերէն հաւաքածոն

  • 21-07-2011 19:14:55   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հազիւ քանի մը օր առաջ լոյս տեսաւ եւ հրապարակ ելաւ »Թուրքիացի Հայ Բանաստեղծներ« )թուրքիյէլի Էրմէնի Շայիրլէր_ խորագրէալ թրքերէն հաւաքածոն։ Գիրքը պատրաստուած է բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Էրտողան Ալքանի կողմէ։ Բանաստեղծութիւններուն մեծագոյն մասը թարգմանուած է ֆրանսերէնէ։ Գիրքը որ շատ ճաշակաւոր եւ արդիական տեսքով լոյս տեսած է, կը պատկանի »Գոմշու հրատարակչատան« որուն հրատարակութէան տնօրէնն է Թուրքիոյ Գրողներու Միութէան Նախկին Նախագահ եւ բանաստեղծ Էնուէր Էրճան։ Թարգմանիչ՝ Էրտողան Ալքան, »Հայ Բանաստեղծութիւնը« խորագրէալ երկարաշունչ եառաջաբանով մը ուսումնասիրական ակնարկ մը կ’ուղղէ հայ քերթողութէան ակերուն եւ զարգացումի շրջաններուն վրայ։ Գիրքը կը շարունակուի բանաստեղծներուն նկարներով, կենսագրութիւններով եւ բանաստեղծութիւններէ նմոյշներով։ Կարգ մը բանաստեղծութիւններուն հայերէն բնագիրներն ալ տեղ կը գրաւեն գիրքին մէջ։ Գիրքը կը սկսի Գրիգոր Նարեկացիով, կը շարունակուի Ներսէս Շնորհալի, Նահապետ Քուչակ, Սայաթ Նովայով, ապա կը դանդաղի Պետրոս Դուրէանի, Եօւհաննէս Թումանէանի, Լեւոն Շանթի, Վահան Թէքէէանի, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութէան աշխարհին մէջ։ Յետոյ կ'ուգայ ոստոստել ժամանակակից քերթողութէան անդաստանին մէջ։ Գիրքը կը փակուի Իգնայ Սարըասլանի »74 Թիւ Նաւը « քերթուածով։ 18 բանաստեղծներու գործերը պարունակող այս գիրքը իր առաքելութէամբ կարեւոր եւ օգտաշատ քայլ մը կրնայ համարուիլ հայ բանաստեղծութէան աշխարհը թուրք ընթերցողներու ծանօթացնելու տեսակէտէ։ Ինչպէս որ կ’ըսէ գիրքի թարգմանիչ Էրտողան Ալքան »Հայերն ու թուրքերը Անատօլուի հողերուն վրայ քով քովի ապրած երկու ազգեր են։ Բնականաբար իրենց մշակոյթներն ալ ներշնչարան հանդիսացած են իրարու եւ հարստացուցած են զիրար։ Որքան որ մեծ մասամբ անուններուն տեղէակ չըլլանք, բազմաթիւ հայ բանաստեղծներ իրենց տողերով ներդրում ունեցած են այս հարստութէան։ Այս աշխատութիւնը թանկագին նուէր մըն է բանաստեղծներու եւ բանաստեղծութիւնը սիրողներու«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը