Իլհամ Ալիյեւ յայտնած է որ Ղարապաղի յարակից եօթը շրջաններու մէջ հայեր չեն ապրած երբեք


Իլհամ Ալիյեւ յայտնած է որ Ղարապաղի յարակից եօթը շրջաններու մէջ հայեր չեն ապրած երբեք

  • 22-07-2011 20:28:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճանական »Սէլամնիւզ« կայքէջը կը հաղորդէ թէ երկրի Նախագահ Իլհամ Ալիյեւ հանդիպում մը ունենալով Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի պատուիրակութեան հետ, յայտնած է որ Ղարապաղի յարակից եօթը շրջաններու մէջ հայեր չեն ապրած երբեք։ »Ղարապաղի հակամարտութիւնը երկար պատմութիւն ունի։ Ատիկա հիմնահարց է ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ ամբողջ տարածքաշրջանի համար։ Այդ հակամարտութիւնը սկսած է Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն։ Ազերիներու դէմ կատարուած ցեղային զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով, մենք այսօր 1 միլիոն փախստական եւ տեղահանուածներ ունինք։ Ղարապաղ վերածուած է բացարձակապէս միատարր կառոյցի մը, հոն ո՛չ մէկ ազերի մնացած է։ Հակամարտութենէն առաջ, ազերիներ հոն բնակչութեան քսան առ հարիւրը կը կազմէին։ Ղարապաղին յարակից եօթը շրջաններէն, որոնք երբեք Ղարապաղի մաս չեն կազմած եւ ուր երբեք հայեր չեն ապրած, վտարուած է աւելի քան 700 հազար ազերի«, ըսաւ Ալիյեւ։ Ղարապաղի ներկայ կացութիւնը պահպանելու նիւթին մէջ Հայաստանը մեղադրելով, Ատրպէյճանի Նախագահը նշեց. »Անոնք կ’ուզեն լքել գրաւեալ տարածքները եւ բանակցային գործընթացին մէջ կը փորձեն Ղարապաղին համար անկախութիւն ապահովել։ Սակայն պատմական Ղարապաղը երբեք Հայաստանի մաս չէ կազմած։ Նաեւ անիկա կը գտնուի Ատրպէյճանի կեդրոնը։ Ներկայ պահուս Ղարապաղը հսկելի տարածք մը չէ։ Գալով միջնորդներուն եւ Ատրպէյճանի առաջարկներու, ատիկա փոխադարձ զիջումներու վրայ հիմնուած արդար մօտեցում է։ Ատոր իբրեւ արդիւնք, բոլոր անոնց, որոնք կ’ապրին Ղարապաղի մէջ, հաւանական է որ շնորհուի ինքնավարութեան բարձր մակարդակ եւ միաժամանակ վերականգնուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը«։ Միւս կողմէ, ըստ ազերի երեսփոխան Էլհան Սիւլէյմանովի, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամները այցելած են Պաքուի հայկական եկեղեցին։ Ան նշած է որ այդ եկեղեցին այցելելէ ետք, եւրոպացի խորհրդարանականները անգամ մը եւս համոզուած են որ »Ատրպէյճանի մէջ կրօնական եւ ազգային խտրականութիւն գոյութիւն չունի«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը