Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբին աշխատանքը


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբին աշխատանքը

  • 25-07-2011 20:57:33   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի մէկ յանձնախումբին ընդունած փաստաթուղթին, ուր կոչ կ'ուղղուի Թուրքիոյ իշխանութեան, հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու վանքերը վերադարձնել իրենց սեփականատէրներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներուն՝ հայ դատի ծիրէն ներս այս կարեւոր իրագործումին համար: Ապա Վեհափառ Հայրապետը կ'ողջունէ Քոնկրէսի այս յոյժ կարեւոր քայլը՝ սպասելով աւելին՝ դէպի Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը առաջնորդող: Յայտնենք, որ հայ դատի աշխատանքներուն միշտ զօրավիգ եղած են Հիւսիսային Ամերիկայի Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկոսութեան Արեւելեան ու Արեւմտեան Թեմերը, միշտ խորհրդակցելով Վեհափառ Հայրապետին հետ: Արդարեւ, բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու հարցը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայ դատի աշխատանքներուն մէջ: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս վերջին տարիներուն, իր գրաւոր թէ հրապարա-կային արտայայտութիւններուն մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձած է այս հարցին: Այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաեւ մշակած է շարք մը ծրագիրներ, որոնց մասին մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի ըլլայ մօտ ապագային:
  -   Մամլո հաղորդագրություն