Մահմուտ Ահմէտինէժատի Հայաստան այցելութեան ժամկէտը յետաձգուած է <br /> փաստաթուղթերու պատրաստ չըլլալուն պատճառով


Մահմուտ Ահմէտինէժատի Հայաստան այցելութեան ժամկէտը յետաձգուած է
փաստաթուղթերու պատրաստ չըլլալուն պատճառով

  • 09-06-2011 17:49:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Իրանի պաշտօնական »Իռնա« գործակալութիւնը հաղորդեց թէ Նախագահ Մահմուտ Ահմէտինէժատի Հայաստան այցելութեան ժամկէտը յետաձգուած է միակ պատճառով մը. ստորագրուելիք փաստաթուղթերը պատրաստ չէին։ Ըստ Իրանի Նախագահի գլխաւոր խորհրդական Մուճթապա Սամարէ Հաշէմիի, Իրանի Նախագահի այցելութիւնը արդիւնաւէտ պիտի ըլլար, բայց քանի որ այցելութեան ընթացքին ստորագրուելիք փաստաթուղթերը պատրաստ չէին, այցելութեան ժամկէտը փոխուած է։ Ան հերքեց այցելութիւնը յետաձգելու առընչութեամբ հրապարակուած միւս լուրերը։ Իրանական այլ աղբիւր մը հաղորդած էր թէ Ահմէտինէժատի այցելութիւնը չէ կայացած, որովհետեւ անոր ուղեկցող պաշտօնեաներէն երկուքը երկրէն դուրս ելլելու արտօնութիւն չեն ունեցած։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը