Կանխահասը` պալատականութիւնը


Կանխահասը` պալատականութիւնը

  • 09-06-2011 17:37:37   |   |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Յունիս 9, 2011 Ո՞վ կրնայ հակառակիլ կամ վիճիլ, թէ Սփիւռքի մէջ, հետզհետէ մեր ազգային ցաւերը (կուսակցական, կրթական, մամլոյ, մշակութային, համայնքային, գաղութային, ընկերային, երիտասարդական, միութենական, եւայլն) սկսած չեն զգացնել իրենց այրող ներկայութիւնները: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի ուրանալու զանոնք, մերժելու, անտեսելու կամ շրջանցելու, պարզապէս անոր համար, որ անոնք կա՛ն, իսկ առաջքը առնելու փորձերը, դարման գտնելու ճիգերը, սրբագրելու կամ բարեկարգելու նախաձեռնութիւնները, ցարդ ոչ միայն բաւարար չեն, այլեւ` անգոհացուցիչ: Եթէ ոմանք միայն լաւատեսութեան չափանիշերով պիտի արդարացնեն կառուցողականե կամ ,վերականգնողականե պատրաստակամութիւններն ու կամեցողութիւնները այդ բոլորին, ատոնք ո՞րքանով կը նպաստեն սփիւռքահայ կեանքի առողջացման ու բարելաւման հեռանկարներուն, երբ բաժանարար քայլերը կը յամենան նոյն դիրքերուն վրայ, անջատողական տրամադրութիւնները` նոյնպէս, իսկ բազմաբեւեռացումները` առաւել եւս: Ու՞ր հասարակ յայտարարները զիրար պիտի գտնեն, ու՞ր ընդհանրական շահերը զիրար պիտի ամբողջացնեն, ու՞ր հաւաքական իրաւունքները զիրար պիտի լրացնեն, վերջապէս` ու՞ր ազգային հրամայականները զիրար պիտի ներդաշնակեն: Անմիջապէս ըսենք թէ` հարցադրումները երբեք չեն վերաբերուիր ,եղանակայինե համաձայնութիւններու, երկխօսութիւններու ու գործակցութիւններու, ոչ ալ պարագայական, պատահական եւ անցողական տնօրինումներու, որոնք կրնան ըլլալ օգտակար ու նպաստաւոր, բայց, ինչի՞ կը ծառայեն, երբ ,պատնէշեային եւ ,դիրքեային արգելքները կը մնան ի զօրու, իսկ ազգային կառոյցներու ղեկավարութեանց մեծամասնութիւնը... ուրուականներու հորիզոնականին վրայ: Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք անկախացած Հայաստանէն երբեմն ,փչածե, երբեմն ալ ,պարտադրածե քամիներուն, մեղմ ըսած, ելեւէջներն ու վերիվայրումները, յայնժամ պէտք է պատկերացնել, ընդհուպ` խորաչափել, թէ` Սփիւռքը ինչպիսի՜ ծանր ու դաժան մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի: Պէտք է ճշդե՛լ եւ յստակացնել, առանց բարդոյթի ու զեղումի, թէ Սփիւռքը ունենալով իր ներքին բազմակուտակուած հիմնախնդիրները, կարօտ` համապատասխան լուծումներու կամ բարեկարգումներու, չի կրնար ինքզինք դնել նոր պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու առջեւ, մանաւանդ երբ անոնք յաւելեալ ,պատուհասեներու դուռեր կը բանան, առանց այդ ալ սարդոստայնանման Սփիւռքի մը մէջ, ուր ամէն ինչ տակաւ... յղի է անորոշութիւններով կամ անակնկալներով: Ինչու՞ այս արագ հպումները, շա՜տ պարզ. Հայաստանի իշխանութիւնները, գիտակցաբար թէ ոչ, անհեռատեսօրէն թէ ոչ, յաճախ կը ձեռնարկեն միջոցառումներու, որոնք ,յօնք շինելու տեղ, աչք կը հանենե, յաճախ Սփիւռքը ալեկոծելով եւ ցնցելով: Օրինակները շատ շա՜տ են. եթէ մասնաւորենք, կարելի է առաջին հերթին, խօսիլ Հայաստան-Սփիւռք երեք խորհրդաժողովներուն մասին (1999, 2001, 2003), որոնք կրնան ոմանց համար ըլլալ նշանակելի բայց ի՞նչ հիմունքներով ու հեռանկարներով, ահա՛, հոս է թնճուկներուն խնճոյքը, երբ կազմակերպողներն իսկ խոստովանեցան (ընդ հովանեաւ` մե՜ծն դիւանագէտ Վարդան Օսկանեանի), որ եթէ բան մը չըրին, գոնէ, ապահովաբար ձախողեցան: Ներկայիս, գործող նախագահ Պրն. Սերժ Սարգսեանի օրօք, նոր-նոր թռուցիկներ կ'արձակուին Սփիւռքի երկնակամարին վերեւ, որոնց մէջ Հայաստան-Թուրքիա ,ֆութպոլային դիւանագիտութիւնեը եւ փրոթոքոլային արձանագրութիւնները. ասոնք իրենց չարաբաստիկ զարգացումներով ի՞նչ բերին հայ ժողովուրդին, մանաւանդ Սփիւռքահայութեան, բացի նոր ճեղքեր եւ վիհեր բանալով, որոնք, դժբախտաբար այսօր եւս ,առկայծե կը մնան (ընթացիկ Ապրիլ ամսուան ընթացքին վերաբորբոքուելու մտավախութեամբ): Օրին գրեցինք, թէ ,նախագահական ուխտագնացութիւնեը դէպի Սփիւռքի այահոծ գաղութները, նախ` ուշացած էր, ապա` ամլացած, իսկ ամենէն վտանգաւորը` բաժանարար սերմեր ցանած (եւ, իրօք, այդպէս ալ եղաւ), որովհետեւ ո՛չ նախագահներ, ո՛չ իշխանութիւններ, ո՛չ կազմակերպութիւններ իրաւունք ունին ճակատագրային գերխնդիրներու հետ վերաբերուիլ աններելի թեթեւամտութեամբ, առանց շօշափելու ժողովուրդին հարազատ բազկերակը: Ի դէպ, ժամանակը ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները (դիպուկ` ախագահ Սերժ Սարգսեան) սխալած էին, անգամ մը եւս ցոյց տալով տարագիր հայութեան մասին իրենց անգիտութիւնը, սակայն, հոս հարց կը ծագի թէ ինչո՞ւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները չջնջուեցան, այլ` ,կասեցուեցանե հետեւաբար, կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք վերականգնին, նոր պատուհաս մը ստեղծելով հոս ու հոն: * * * Այս բոլորը մեզ կը հասցնեն նոր ,ռումբի մը պայթումեին, որ, զարմանալ թէ ոչ, լսուեցաւ Քալիֆորնիայէն, երբ այս տարուան Յունուարին հոն ժամանած Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ լուրջ մտադրութիւն կայ ,Հայաստանի խորհրդարանը դարձնել երկպալատանի` ներքին պալատ ու վերին պալատ, այս վերջնոյն (ծերակոյտին) մէջ ընդգրկելով նաեւ սփիւռքահայերե: Նախարարուհիին այս յայտարարութիւնը, կը յուսանք, անմեղունակ է, (բայց, արդեօ՞ք ապսպրուած, պատուիրուած չէ) տեսնելու թէ` Սփիւռքը ինչպէ՞ս կը հակազդէ անոր, տակաւին չխօսելու համար այն ,քաոսեին մասին, որ կրնայ ստեղծուիլ ամենուրէք: Կասկած չկա՛յ. խիստ ԿԱՆԽԱՀԱՍ է պետական կառավարումի համակարգին մէջ այս առաջադրանքին շրջանառութիւնը կամ ներմղումը, թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն թէ՛ մանաւանդ սփիւռքահայութեան համար: Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս նախագահը, չե՞ն կարծեր թէ` այս նախաձեռնութենէն առաջ (թէկուզ անիկա ըլլայ մտածում կամ առաջարկ), հանրապետութիւնը ի՛նք ունի պարտաւորութիւններ իր երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ, տնտեսական բարելաւումէն մինչեւ կենցաղային եւ ապրուստային բարեկարգումներ, հասնելով իսկակա՛ն ժողովրդավարական սկզբունքներու իրականացման, հզօրացնելով ժողովրդային զանգուածներու վստահութիւնը իրենց եւ ապագայի նկատմամբ, արտագաղթի պատճառները նուազեցնելով, վերջացնելո՛վ: Բաց աստի, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ կամ մտածել խորհրդարանական կառոյցին ու հոն նոր պալատներ բանալուն մասին, երբ ներկայ Ազգային Ժողովը ինք պէտք ունի ,վերակառուցուելուե, իր անդամներու արժանաւորութեամբ, հեղինակութեամբ ու վստահելիութեամբ: Ինչպէ՞ս կարելի է խորհրդարանական նոր ծրագիրներու ու ենթակառոյցներու մասին խօսիլ, երբ անիկա, փոխանակ ղեկավարուելու խորհրդարանական կարգով, կ`առաջնորդուի նախագահական ուղղութեամբ, ամբողջովին ժողովրդավարական հիմունքներուն անյարիր դրուածքով: Ասոնք չե՞ն նշանակեր, թէ Հայաստանի խորհրդարանը, իր ներկայ տեսքով ու կազմով, իր ձեւաւորումով ու գործընթացով, ի՛նք պէտք է վերաորակաւորուի, ամրագրուի, ժողովրդավարուի, բայց մանաւանդ` վստահութեամբ վարակուի: Վերադառնալով ծերակոյտի մը ստեղծման եւ անոր մէջ սփիւռքահայեր ընդգրկելու հաւանականութեան, որ կրնայ ոմանց համար ողջունելի ու ծափահարելի ըլլալ, բայց, ո՞րքանով իրագործելի ու կիրարկելի տարբերակ մըն է ատիկա, այնքան ատեն որ սփիւռքը ըլլալով բազմաշերտ ու բազմագոյն ճիւղաւորումներու հսկայական ցանց մը, ինք իր ներքին հիմնահարցերը չլուծած, չհամակարգած, չներդաշնակած, չհունաւորած, ոչ թէ չի կրնար, այլեւ` իրաւունք չունի նման ,ովկիանոսեի մը մէջ նետուելու ու խեղդուելու: Ինչպէս ըսուեցաւ, ասիկա կանխահաս է ա՛յս հանգրուանին, ի տես Հայաստանի ու Սփիւռքի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն, որոնք երբեք իրաւունք չեն տար դիմելու նման շուտիկութեան: Ասիկա չի բխիր յոռետեսութեան, երապահութեան կամ հակադրութեան զգացումներէն, այլ` չոր ու կարծր իրականութենէ մը, որ կը կոչուի Սփիւռք, իր բարդ կառոյցով, իր փշոտ պարունակով, իր քարքարոտ ուղիով, մանաւանդ ներկայացուցչական իր հանգամանքներով, ամէն անգամ որ հարցը կը հասնի այդ փուլին: Հոս կ'արժէ յիշել նոյն Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները, ուր սփիւռքահայերու ելոյթներու պարագային, ,արշակաւանեութիւնը կը հասնէր իր գագաթնակէտին, ոչ միայն գաղութային ու համայնքային շրջանակներէն կամ անոնց միջեւ, այլեւ` նոյնինքն իրենց ներքինի-ներքին կառոյցներէն ներս: Ինչու՞ կ`ուզենք այս մատնանշումը ուշադրութեան կիզակէտին վրայ պահել, պարզապէս հաստատելու համար, որ Սփիւռքին հետ պէտք չէ վերաբերուիլ այն նայիվութեամբ ու միամտութեամբ, որ ան կրնայ, մէկ օրէն միւսը ,զգաստանալե, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւնները այդպէս կ`ուզեն, օրինակ` համաձայնիլ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց, ծերակոյտի գաղափարին, յետոյ ալ չենք գիտեր ինչի՞... Չըլլա՛ր, չի՛ յաջողիր այս ձեւը, այս մօտեցումը: Ընդհակառակը, կրնայ աւելի խորացնել անդունդը սփիւռքահայութեան միջեւ, որ առանց այդ ալ ունի իր անլոյծ թղթածրարները եւ իր ինքնութեան պահպանման միջոցները առկայծ պահելու հրամայականները: Իսկ ովքե՞ր չեն գիտեր ասոնք. հայաստանցիները թէ՞ սփիւռքահայերը: Բոլորն ալ գիտեն: Եթէ այդպէս է, ապա, ինչո՞ւ այս արտորանքը, երբ սփիւռքահայութիւնը կը փորձէ, կը ճգնի, արուեստական թէ արհեստական իր ,փոթորիկեները չեզոքացնելու: Յետոյ, խիստ կարեւոր հիմնախնդիր մը. ենթադրենք թէ ամէն ինչ ,բարեյաջողե ընթացաւ ու ,փղոսկրեայ դղեակեը (պալա՞տը) ստեղծուեցաւ, օտարահպատակ կամ օտարաբնակ սփիւռքահայը ինչպէ՞ս կրնայ փարիլ կամ անդամակցիլ այդ կառոյցին, իրաւունք ունի՞, կրնա՞յ մասնակցիլ, ապա, տեղական իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կ`ընդունին զայն եւ ինչպէ՞ս կը վերաբերուին անոր հետ: Այս մասին մտածա՞ծ են Պրն. Նախագահը եւ ընկերք, թէ՞` ,հենց էնենց ասում ենե եւ` վերջ: Նորէն յստակացնենք. Ոչ ոք դէմ է երկյարկանի կամ բազմայարկանի պալատներ ստեղծելու առաջադրանքին, ծրագիրին, գաղափարին (ինչ կ`ուզէք ըսէք), թերեւս ալ, ճիշդ պահուն, պահանջքին, կարեւորութեան, օգտակար է անիկա, բայց, ոչ ներհայաստանեան եւ ոչ ալ ներսփիւռքեան այս անբաղձալի իրավիճակով: Ասկէ առաջ, ինչպէս մենք, նաեւ բազմաթիւներ, բարձրաղաղակ ըսած են, նման ծրագիրներ մտմտալու կամ մշակելու ժամանակ, որքան ճիշդ պիտի ըլլար ունենալ նաեւ Սփիւռքի տեսակէտը, գէթ` մտածումը, որպէսզի բաժանումներուն վրայ բաժանում աւելցնելու տաղտուկին մէջ ոչ ոք իյնայ, հեռու մնալով ,պալատականեներու անհամ փորձութիւններէն: ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Պէյրութ, Լիբանան
  -   Յօդուածներ