Իլհամ Ալիյեւ պիտի չմասնակցի սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ կայանալի ԱՊՀի գագաթաժողովին


Իլհամ Ալիյեւ պիտի չմասնակցի սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ կայանալի ԱՊՀի գագաթաժողովին

  • 18-08-2011 15:27:23   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիյեւ պիտի չմասնակցի 2-3 Սեպտեմբերին, Տուշանպէի մէջ կայանալի ԱՊՀի գագաթաժողովին։ Կ’ենթադրուի որ պատճառը Ղարապաղեան հարցի շուրջ ձախողեալ բանակցութիւններն են, զոր Ալիյեւ եւ Մէտվէտեւ վարեցին քանի մը օր առաջ, Սոչիի մէջ։ Մոսկուայի Քառնէկի կեդրոնի փորձագէտ Ալէքսէյ Մոլաշէնքօ այս զարգացումի լոյսին տակ յայտարարեց թէ Ալիյեւի որոշումը աննպաստ զարգացում մըն է ռուսական կողմի համար։ Այսպէս Ռուսաստան կը կորսնցնէ գործընկերներու մօտ միջնորդի կերպարը եւ կը ստանայ այլ՝ Հայաստանի ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող երկրի կերպար։ »Ալիյեւի քայլը կ’ապացուցանէ ԱՊՀի ոչ-կենսունակ ըլլալը։ Ատոր ապացոյցն են նաեւ կառոյցի շրջանակներէ ներս մնայուն առեւտրական պատերազմներն ու միջ-պետական հակամարտութիւնները«, ըսաւ Մոլաշէնքօ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը