«Ուիքիպէտիա»ի մէջ հայերէն յօդուածներուն թիւը աւելցած է 1628ով


«Ուիքիպէտիա»ի մէջ հայերէն յօդուածներուն թիւը աւելցած է 1628ով

  • 18-08-2011 15:33:18   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վերջին կէս տարուայ ընթացքին »Ուիքիպէտիա« համացանցային հանրագիտարանին մէջ հայերէն յօդուածներուն թիւը աւելցած է 1628ով եւ այժմ կը հասնի 14.619ի։ Աւելցած է նաեւ հայաստանեան օգտագործողներու թիւը՝ 10,211էն հասնելով 12.599ի։ 2011ի Փետրուարին, աշխոյժ են 167 մասնակիցներ, իսկ այժմ՝ 153։ Հանրագիտարանին մէջ աշխոյժ կը գործածուին այն օգտագործողները, որոնք գործողութիւն կատարած են վերջին 30 օրուան ընթացքին։ Կտրուկ աճ արձանագրած են ատրպէյճաներէնով յօդուածներուն թիւը. վեց տարի առաջ հանրագիտարանին մէջ կար 54 հազար ատրպէյճաներէնով յօդուած, իսկ այժմ 81.199։ Ընդ որում, աշխոյժ օգտագործողներու նթիւը գրեթէ չէ փոխուած )359 նախկին 339ի փոխարէն_։ Գալով թրքերէն յօդուածներուն, ապա անոնց թիւը կ’անցնի 172 հազարը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը