Էրտողան պիտի մասնակցի փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ սարքուած Իֆթարի սեղանին


Էրտողան պիտի մասնակցի փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ սարքուած Իֆթարի սեղանին

  • 19-08-2011 18:30:53   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Էրտողան 28 Օգոստոսին առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ Հնագիտական Թանգարանի պարտէզին մէջ սարքուած Իֆթարի սեղանին։ Իֆթարի սեղանը պիտի սարքուի հայ, յոյն, հրեայ, ասորի, գլտանի, ուղղափառ պուլկար, ուղղափառ վրացի եւ լատին կաթոլիկ համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ, ինչ որ կը նշանակէ թէ 162 հիմնարկներ տանտէրի դեր պիտի ստաձնեն։ Առաջարկը եկաւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկասէն, որ նամակ մը գրելով Վարչապետը հրաւիրեց Իֆթարին։ Վարչապետը իր օգնականներուն ըսաւ որ կ’ուզէ ընթացք տալ այս հրաւէրին, ուստի կրնան տեսնել անհրաժեշտ պատրաստութիւնները։ Փոքրամասնութիւնները գոհ մնացին այս մասնակցութենէն, եւ ըսին որ այս հաւաքոյթի ընթացքին առիթը պիտի ունենան կարծիքներ յայտնելու նոր Սահմանադրութեան մասին։ Նոր Սահմանադրութեան մէջ մենք կ’ուզենք մեզ ալ տեսնել, ըսին փոքրամասնական հիմնարկներու ներկայացուցիչները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը